2 Դեկտեմբերի ին Ֆրանսիայի նախկին վարչապետ Կապրիէլ Աթալ Պատուոյ լեգէոնի շքանշան յանձնեց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեանին:
Շքանշանը Փափազեանին շնորհուեցաւ անոր առաւել քան քառասուն տարիներու գործունէութեան, ինչպէս նաեւ մասնագիտական յաջողութիւններուն համար, կը յայտնէ armenews.com-ը:
Ձեռնարկին ներկայ էին շուրջ 300 հիւրեր, որոնց կարգին բազմաթիւ քաղաքական գործիչներ, գործարարներ եւ Ֆրանսայի հայ համայնքի ներկայացուցիչներ: Հիւրերու շարքում էին Հայաստանի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Օլիւիէ Տըքոթինյի, Մարսէյի քաղաքապետ Պընուա Փայան, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթելեան:
Պատուոյ լեգէոնի շքանշանը Ֆրանսայի ազգային շքանշան է, որ սահմանուած է Նափոլէոն Պոնափարթի կողմէ 19 Մայիս 1802ին: Այս շքանշանով կը պարգեւատրուին Ֆրանսայի համար զանազան ոլորտներու մէջ մեծ ներդրում ունեցած անձեր:
Նշենք, որ Մուրատ Փափազեան կարեւոր դեր ունեցած է եւ ունի Հայաստան-Ֆրանսա յարաբերութիւններուն մէջ եւ ընդհանուր առմամբ Ֆրանսայի մէջ հայկական պետականութեան շահերու պաշտպանութեան հարցերուն մէջ: