Թուրքիա Կը Շարունակէ Ջանքեր Գործադրել Իր Այլախոհ Քաղաքացիները Օտար Երկիրներէ Վերադարձնելու Համար

Թուրքիա Կը Շարունակէ Ջանքեր Գործադրել Իր Այլախոհ Քաղաքացիները Օտար Երկիրներէ Վերադարձնելու Համար

Յարութ Սասունեան

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ

www.TheCaliforniaCourier.com

Անցեալ շաբթուան յօդուածէս ետք, ուր ներկայացուած էր, թէ ինչպէս Թուրքիա այլ երկիրներէ կ՛առեւանգէ իր այլախոհ քաղաքացիները, հանդիպեցայ քանի մը այլ օրինակներու, ուր թրքական կառավարութիւնը կը փորձէ կեղծ պատրուակներով Թուրքիա վերադարձնել նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի քննադատները։

Այս տարուան Սեպտեմբերին, հայաստանեան մամուլի մէջ մտահոգիչ լուր մը տարածուեցաւ, թէ ինչպէս զինուած երկու քիւրտ մարտիկներ, որոնք ձերբակալուած էին Իրանէն Հայաստանի սահմանը հատելէ ետք, յայտնուած են Թուրքիա։ Արդեօք Հայաստանի իշխանութիւննե՞րը քիւրտերը յանձնած էին Թուրքիոյ՝ հաշուի առնելով Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու վերջին փորձերը, թէ՞ զանոնք Հայաստանէն առեւանգած էին թուրք գործակալները։ Ամէն պարագայի, այս շատ մտահոգիչ զարգացում մըն է:

Հայաստանի արդարադատութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ նշեալ երկու քիւրտերը սկիզբը դատապարտուած են եօթը տարուան ազատազրկման, ապա վերաքննիչ դատարանի կողմէ անոնց պատիժները նուազեցուելէ ետք, անոնք  դրուած են սահմանափակ հսկողութեան տակ (probation)։ Ձեւով մը անոնք յայտնուած են Թուրքիա, ուր այժմ ձերբակալուած են:

24 Սեպտեմբերին, քրտական կայքէջը հրապարակած է Քրտական ժողովրդական պաշտպանութեան ուժերու յայտարարութիւնը՝ Հայաստանը մեղադրելով երկու քիւրտերը Թուրքիոյ յանձնելու մէջ։ Հայաստանի արդարադատութեան նախարարութիւնը պատասխանած է, որ իրենք քիւրտերը չեն յանձնած Թուրքիոյ։

Անդրադառնալով իր քաղաքացիները յանձնելու Թուրքիոյ փորձերուն կապուած այլ դէպքերու, Ապտուլլահ Պոզքուրթ 22 Սեպտեմբերին յօդուած մը գրեց շուէտական Nordic Monitor-ի մէջ՝ «Գանատայի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատունը նոր մարտավարութիւն մշակած է՝ ապահովելու քննադատներու, հակառակորդներու յանձնումը» վերնագրով։

Հիմնուելով թրքական գաղտնի փաստաթուղթերու վրայ՝ Պոզքուրթ բացայայտած է, որ Թուրքիա Գանատայէն պահանջած է յանձնել 80-ամեայ փրոֆեսըր, քանի մը գիրքերու հեղինակ Սուաթ Եըլտըրըմը, որուն «կը սպառնայ կալանաւորման հրաման՝ շինծու մեղադրանքներով»։ Թուրքիոյ կառավարութիւնը «յանձնումի տասնեակ անլուրջ պահանջներ ներկայացուցած է Գանատայի իշխանութիւններուն»՝ իր ներքին հակառակորդները, անոնց շարքին՝ քանի մը լրագրողներ Թուրքիոյ յանձնելու համար։ 

Պոզքուրթ գրած է Nordic Monitor-ի երկրորդ յօդուածը՝ «Օթթաուայի մէջ թրքական դեսպանատունը լրտեսած է քննադատող լրագրողները եւ Գանատայի մէջ գործող հասարակական կազմակերպութիւնները» վերնագրով՝ բացայայտելով, որ թուրք դիւանագէտները հսկողութեան տակ պահած են Գանատա-թրքական հասարակական երկու կազմակերպութիւններ: Դեսպանատունը նաեւ տուեալներ հաւաքած է երկու թուրք լրագրողներու՝ Ֆարուք Արսլանի եւ Հասան Եըլմազի մասին։ «Ըստ Սթոքհոլմի ազատութեան կեդրոնի՝ 14 Մարտ 2019-ի դրութեամբ Թուրքիոյ մէջ բանտարկուած են 211 լրագրողներ, իսկ 167 լրագրողներ, որոնց կը սպառնայ ձերբակալման հրաման, ստիպուած եղած են ապրիլ աքսորի մէջ կամ թաքնուած են Թուրքիոյ մէջ»։

Պոզքուրթ գրած է իր երրորդ յօդուածը Nordic Monitor-ի մէջ՝ «Նոր Զելանտիայի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատունը լրտեսած է մանուկներու մանկապարտէզը եւ  հաւաքած  է քննադատներու տուեալները»: Ան ըսած է, որ դեսպանատունը կը հսկէ Նոր Զելանտիոյ «Փոքրիկ մարգարիտներ» մանուկներու մանկապարտէզը։

Լեւենթ Քենեզ Nordic Monitor-ի մէջ գրած է՝ «Փաստաթուղթերը ցոյց կու տան, որ թուրք դիւանագէտները Միացեալ Թագաւորութեան մէջ լրտեսած են Էրտողանի քննադատները» վերնագրով յօդուածը՝ բացայայտելով, որ Անգարայի գլխաւոր դատախազութիւնը քննութիւն բացած է «70 թուրք քաղաքացիներու մասին, որոնք Լոնտոնի մէջ թուրք դիւանագէտներու կողմէ ցուցակագրուած են առանց  յանցանքի որեւէ յստակ փաստի»։

Քենեզ նաեւ բացայայտած է, որ թուրք մանկավարժ Օրհան Ինանտի «առեւանգուած է Խըրխըզիստանի մէջ, 31 Մայիսին եւ անօրինական կերպով Թուրքիա բերուած թրքական հետախուզական գործակալութեան՝ MIT-ի կողմէ»: Աւելին, Քոսովոյի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատունը  հաւաքած է  աքսորուած 78 թուրք ուսուցիչներու տուեալները: Nordic Monitor նաեւ պարզած է, որ «MIT ներթափանցած  է Յունաստան գտնուող գաղթականներու ճամբարներ՝ լրտեսելու  հակառակորդները, որոնք ստիպուած փախած են  Յունաստան՝ խուսափելու համար դրացի Թուրքիոյ մէջ աննախադէպ ճնշումներէ»:

Nordic Monitor-ի մէկ այլ՝ «Սփիւռքի գործակալութիւնը, որ կը վարէ թրքական հետախուզութեան հետ հաւաքագրման գաղտնի ծրագիրներ, կը փնտռէ երիտասարդ լոպիիստներ Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի մէջ» վերնագրով յօդուածին մէջ Քենեզ բացայայտած է, որ «Արտասահմանի թուրքերու եւ յարակից համայնքներու» նախագահութիւնը (YTB) հաւաքած է Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի 30 երիտասարդ թուրք բնակիչներ՝ վերապատրաստման ծրագիրի համար, որ կայացած է Սեպտեմբերին, Մերիլենտի մէջ, եւ կոչուած է «Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ-Գանատա սփիւռքի շահերու պաշտպանութեան ակադեմիա»: Ծրագիրը կ՛ընդգրկէր հետեւեալ նիւթերը. «Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան ժամանակակից հիմնահարցերը, 1915 թուականի իրադարձութիւնները եւ թուրք-հայկական հակամարտութիւնը, Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի կառուցուածքը եւ որոշումներու կայացման գործընթացները, ազդեցիկ խումբերը եւ լոպիինկը»: Աւելին, տեղի ունեցած են սեմինարներ՝ «Թրքական սփիւռքի իրազեկման բարձրացում եւ լրատուական միջոցներ, քաղաքականութիւն ու ատելութեան խօսք» նիւթով։

Անցեալ շաբաթ, Անգարայի մէջ Շուէտի վարչապետ Ուլֆ Քրիսթըրսընի հետ հանդիպման ժամանակ, նախագահ Էրտողան պահանջած է Թուրքիոյ յանձնել աքսորուած թուրք լրագրող Պիւլենթ Քենեշը, որ անգլերէնով հրատարակուող եւ այժմ փակուած Today’s Zaman օրաթերթի նախկին գլխաւոր խմբագիրն է, որ նաեւ թրքական կառավարութեան բացայայտ քննադատներէն մէկը: Քրիսթըրսըն յոյս ունէր համոզելու Թուրքիան, որ հրաժարի Շուէտի կողմէ ՆԱԹՕ-ի ռազմական դաշինքին միանալու իր արգելափակումէն, մինչ Անգարա ապաստան տալու մէջ կը մեղադրէ Շուէտն ու Ֆինլանտան՝ քաղաքական այլախոհներուն, որոնց Թուրքիա պիտակաւորած է իբրեւ «ահաբեկիչներ»: «Պիւլենթ Քենեշ անունով ահաբեկիչի արտաքսումը մեզի համար կարեւոր է», ըսած է Էրտողան, Քրիսթըրսընի հետ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին։

Լրագրողներու պաշտպանութեան կոմիտէն յայտարարութիւն տարածած է ՝ զգուշացնելով Շուէտը՝ «չյանձնուիլ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի սպառնալիքին եւ նախադէպ չստեղծել, որ կրնայ վտանգել վտարանդի թուրք լրագրողները, ամբողջ աշխարհի մէջ»:

Թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան

Share