Առաջնորդ սրբազան հօր պատգամը հայոց Ցեղասպանութեան 110-ամեակին առիթով

Առաջնորդ սրբազան հօր պատգամը հայոց Ցեղասպանութեան 110-ամեակին առիթով

Ազգային Պահանջատիրութեան Ջահը Մի՛շտ Վառ Պահենք

Դարձեալ 24 Ապրիլ է: Հարիւրտասնամեակի ոգեկոչում մեր ազգային ցաւին, վերաբորբոքում ջահի՝ աւելի քան 60-ամեայ ազգային պահանջատիրութեան երթի: Ցաւը՝1915-ին, Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ Արեւմտահայաստանի բնաջնջումն ու աւելի քան մէկուկէս միլիոն հայ անմեղ զոհերու նահատակութեան կսկիծն է, որ իբրեւ ամէնէն մութ էջը մեր ազգի նորագոյն պատմութեան, ահա՛ 110 տարիէ ի վեր ազգի ու հայրենիքի յիշողութիւնը կ՛արիւնէ իբրեւ զանգուածային չարագոյժ ոճիր ու ոճրագործ պետութեան յաջորդներուն կողմէ ցարդ ժխտման եւ ուրացման պատին զարնուած եւ մեր ազգին կողմէ պատմական անարդարութեան սիւնին գամուած աղէտալի թուական:

24 Ապրիլ 1915:

Թուական մը, որուն համար տասնամեակներէ ի վեր մենք ազգովին ո՛չ միայն մեր նահատակ նախնիներուն սուգը պահեցինք, այլեւ՝ ազգային մեր ցաւը, որ ժամանակին հետ նոր թափ ստացաւ՝ հետզհետէ զգեցաւ պահանջատիրական ոգի՛ ու միահամուռ կեցուա՛ծք, որոնց շնորհիւ արեւմտահայ զանգուածներ ամէն տարի, նոյն օրը, զանազան երկիրներու մայրաքաղաքներու մէջ ու կեդրոնական մայրուղիներու վրայէն խումբ առ խումբ կ՛արշաւեն, ժամանակի՛ն իսկ լեզուով պատմելու համար ջարդերէ ճողոպրած իրենց նախնիներուն կեանքի՛ տռամը՝ Ա. Համաշխարհային Պատերազմի տարիներուն, Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ կազմակերպուած Հայոց Ցեղասպանութիւն անուն անմարդկային ոճիրը, որ շարունակուեցաւ մինչեւ 1923:

Հայոց Ցեղասպանութեան յիսնամեակի թուականէն՝ 1965-էն ի վեր, Հայաստանի մէջ, հայրենի կառավարութիւնը կը գլխաւորէ դէպի Ծիծեռնակաբերդ ժողովրդային սգոյ երթեր, այլեւ հոգեհանգստեան պաշտօններ կը կատարուին եւ ծաղիկներ կը զետեղուին ո՛չ միայն Հայաստանի Եռաբլուրի զոհերուն ու վերջին պատերազմներու նահատակներու շիրիմներուն, այլեւ 1915-ի հայ նահատակաց այն մեծաթիւ յուշարձաններուն ու կոթողներուն առաջ, որոնց նմանակ՝ անցնող տասնամեակներուն տեսակ-տեսակ կոթողներ բարձրացան աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ եւս, իբրեւ քարեղէն վկայութիւն՝ իր բնիկ հողերուն վրայ թուրք կանոնաւոր բանակներու եւ ջարդարար ոճրագործներու կողմէ խողխողուելով սպաննուած՝ բոլոր տարիքի արեւմտահայ մեծաթիւ զոհերու յիշատակին:

Այսուհանդերձ, Հայոց Ցեղասպանութեան ամէնէն մեծ վկան է՛ ու կը մնա՛յ Կիլիկիոյ Ս. Աթոռը, այսինքն՝ արեւմտահայութեան հոգեւոր ներկայացուցիչ Կաթողիկոսութիւնը, որ յետ Ցեղասպանութեան հաստատուած ըլլալով Անթիլիաս, Լիբանան, ո՛չ միայն կը հովուապետէ Միջին Արեւելեան եւ աշխարհի տարբեր երկիրներու հայ գաղութներու ծխական համայնքները, այլեւ տիրութիւն կ՛ընէ աղէտահար ու վերապրեալ արեւմտահայ ժողովուրդի պատմութեան, ի՛ր ժողովուրդին իսկ իրարայաջորդ սերունդներու անկորնչելի դատին ու իրաւական պահանջատիրութեան:

Աւելի՛ն. Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան համալիրին մէջ կանգնեցուած՝ Ս. Նահատակաց մատուռը մինչեւ այսօր ժամանակի աւերէն ու մաշումի վտանգէն կը պահպանէ 110-ամեայ միլիոնաւոր հայ նահատակներու աճիւններէն նմոյշներ՝ իբրեւ աղաղակող վկաները արեւմտահայութեան դէմ Թուրքիոյ նախորդներուն կողմէ՝ արեւմտահայ ժողովուրդին դէմ ի գործ դրուած արիւնարբու ոճիրին, զոր անամօթաբար կը փորձեն ժխտել այսօրուան Թուրքիոյ պետական ու ակադեմական շրջանակներ, առանց երբեք հաշուի առնելու, որ մեծ տէրութեանց աչքերուն դիմաց փռուած կը մնայ Հայոց Ցեղասպանութեան եղելութիւնը հաստատող գերագոյն այլ ապացոյց մը եւս՝ որ Տէր Զօրի պատմադղորդ ու երբեմնի արիւնաներկ անապատն է, որուն հողերուն տակէն տարիներ ամբողջ բազմահազար հայ նահատակներու աճիւններ «հոսեցան» եւ ապա իբրեւ պատմական իրողութիւն՝ կուտակուեցան Տէր Զօրի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ: Արդարեւ, յուշարձանային անապատ մը, որուն համատարած լռութեան մէջ, մինչ օրս մեր նահատակները մեր ականջներուն կը փսփսան ազգային պահանջատիրութեան հզօր կանչ, որ բանաստեղծի՛ն իսկ բառերով՝ ապրողներո՛ւս կը պատգամէ.

«Այսքան չարիք թէ մոռանան մեր որդիք,
Թող ողջ աշխարհն հայուն կարդայ նախատինք»…

Հայոց Ցեղասպանութեան 110-րդ տարելիցին առիթով, միլիոններով աշխարհասփիւռ հայ բերկորներ, ահա՛ այսօր դարձեալ կ՛ուխտեն վառ պահել հայ ազգի պահանջատիրութեան ջահը՝ հաւատարիմ մնալով զիրենք նախորդող սերունդներու կողմէ բացուած ա՛յն ուղիին, որ միաժամանակ մեզ՝ բոլորս, ազգի ու հայրենիքի՝ Ազատ Անկախ Միացեալ Հայաստանի ամբողջական մեծ երազին երդուեալ զինուորներուն կը վերածէ, որպէսզի, մեր կարգին, մե՛նք եւս բոցավառենք մեր ազգի պահանջատիրութեան ջահը՝ ինչպէս երէկ, նաեւ այսօր եւ ի հարկին՝ վա՛ղը, աշխարհի բոլոր ցամաքամասերուն ու քառուղիներուն վրայ եւ ջահը վառենք հաւատքո՛վ, մինչեւ Հայ Դատի արդար լուծում, մինչեւ կորուսեալ Արեւմտահայաստանի բնաջնջուած հայութեան հոգեկան, տնտեսական ու մշակութային կորուստներու արդար հատուցո՛ւմ:

Պահանջատէ՛ր ենք:

ԳԵՂԱՄ ԱՐՔ. ԽԱՉԵՐԵԱՆ, ԱՌԱՋՆՈՐԴ
Ա.Մ.ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄԻ

24 Ապրիլ 2025, Լոս Անճելըս

Share