Նախագահութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, 12 մարտէն 15 մարտ 2024-ին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ յաջորդաբար տեղի ունեցան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային կեդրոնական վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներ եւ թեմակալ առաջնորդներու ու ազգային վարչութեանց ներկայացուցիչներու հանդիպումներ: Յիշեալ մարմինները նախ առանձնաբար հանդիպումներ ունեցան եւ ապա` միացեալ, յատուկ օրակարգերու համաձայն:
Կրօնական Ժողով
Կրօնական ժողովը նախ լայնօրէն քննարկեց դպրեվանքի գործունէութիւնը` տեսուչ հայր սուրբին ներկայացուցած զեկուցումին լոյսին տակ եւ գնահատելով դպրեվանքին կատարած հոգեմտաւոր կազմաւորումի առաքելութիւնը` թելադրեց վերանորոգ թափով շարունակել հոգեւորական, ուսուցիչ, դպրապետ ու մտաւորական պատրաստելու կոչուած դպրեվանքի առաքելութիւնը: Ապա, ժողովին ներկայացուեցաւ կաթողիկոսարանի Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի զեկուցումը, ուր հակիրճ կերպով նկարագրուած էին անցնող շրջանին տեղի ունեցած ձեռնարկներն ու իրագործումները: Յաջորդաբար քննարկուեցան միջեկեղեցական ու միջկրօնական յարաբերութեանց առնչուած նիւթեր, միշտ ներկայացուած զեկուցումներու լոյսին տակ: Աստուածաշունչի արեւմտահայերէնի թարգմանութեան շարունակուող աշխատանքները նկատուեցան էական: Քահանայից պատրաստութիւնը նկատուեցաւ խիստ հրամայական` նկատի ունենալով թեմերու կարիքը հոգեւոր մարդուժի: Այս ծիրին մէջ շեշտուեցաւ տուեալ թեմէն ունենալու քահանայացուներ, որպէսզի քահանայ-ժողովուրդ յարաբերութիւնը ըլլայ աւելի արդիւնաւէտ: Երիտասարդութիւնը առանցքային տեղ գրաւեց Կրօնական ժողովի քննարկումներուն մէջ, եւ կարեւորութեամբ շեշտուեցաւ եկեղեցին երիտասարդութեան տանելու հրամայականը: Յաջորդաբար զեկուցումներ տրուեցան «Կիլիկիա» մատենադարանի, հնատիպերու, ձեռագրատան, արխիւներու, «Շնորհալի» ու «Նարեկացի» երգչախումբերու եւ տեղեկատուական բաժանմունքին կողմէ եւ առանձնաբար քննարկուեցան անոնց կատարած աշխատանքներն ու յառաջիկայ ծրագիրները: Յատուկ քննարկումի նիւթ դարձան եկեղեցւոյ ծէսին բարեկարգութեան առնչուած կարգ մը հարցեր, ինչպէս նաեւ ընկերաբարոյական խնդիրներ: Բնականաբար ժողովը նաեւ քննեց յարակից, ինչպէս նաեւ թեմերէն եկած հարցեր ու առաջարկներ: Իւրաքանչիւր օրակարգի քննարկումէն ետք վեհափառ հայրապետը կատարեց անհրաժեշտ թելադրութիւններ:
Քաղաքական Ժողով
Քաղաքական ժողովը եւս ունեցաւ իր լիակատար նիստը: Ժողովը յաջորդաբար ընդունեց կաթողիկոսարանի առնչուած յանձնախումբերը` «Թռչնոց բոյն», Ազունիէի Ազգային բուժարան, Ազգային ծերանոց, Հայագիտական ու Մանկավարժական կեդրոններ: Իւրաքանչիւր յանձնախումբ ներկայացուց իր զեկուցումը, ապա տեղի ունեցաւ ընդհանուր քննարկում: Քաղաքական Ժողովը նաեւ լսեց կաթողիկոսարանի Կալուածոց եւ Տնտեսական խորհուրդներէն բաղկացած շահարկման յանձնախումբի զեկուցումը, ուր առաւելաբար պարզուած էին Լիբանանի մէջ յառաջացած ընկերային-տնտեսական տագնապին հետեւանքները կաթողիկոսարանի տնտեսական կացութեան վրայ: Ժողովը իր միօրեայ նիստի երկրորդ բաժինը յատկացուցած էր թեմերու հետ հանդիպումներու: Այս ծիրին մէջ հանդիպումներ տեղի ունեցան Քանատայի, Արեւելեան ու Արեւմտեան Ամերիկայի թեմերուն, ինչպէս նաեւ Սպահանի ու Թեհրանի թեմերու թեմակալ առաջնորդներուն ու ազգային իշխանութեան ներկայացուցիչներուն հետ: Յիշեալ հանդիպումներուն զեկուցումներ ներկայացուեցան թեմերու կատարած աշխատանքներուն ու դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն մասին. բնականաբար նաեւ կատարուեցան քննարկումներ: Վեհափառ հայրապետը մօտէն տեղեակ ըլլալով թեմերու կեանքին ու մտահոգութիւններուն` կատարեց անհրաժեշտ թելադրութիւններ:
Միացեալ Հանդիպում` Նուիրուած Սփիւռքի Վերակազմաւորումին
Երրորդ հանդիպումը տեղի ունեցաւ մասնակցութեամբ Ազգային կեդրոնական վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներու, առաջնորդներու ու ազգային վարչութեան ներկայացուցիչներուն: Հանդիպումը ամբողջութեամբ նուիրուած էր սփիւռքի վերակազմակերպումին: Նախ եւ առաջ, վեհափառ հայրապետը իր պատգամը ուղղեց ներկաներուն եւ յիշեցուց, թէ ինչո՛ւ նախաձեռնած էր սփիւռքի վերակազմակերպման, եւ ապա բացատրեց, թէ ի՛նչ քննարկումներ կատարուած էին իր կողմէ հրապարակուած յաջորդական հռչակագիրներու լոյսին տակ: Վեհափառ հայրապետը տասը կէտերու մէջ ներկայացուց սփիւռքի դիմագրաւած գլխաւոր մարտահրաւէրները: Իր պատգամի վերջին բաժինը վեհափառ հայրապետը յատկացուցած էր թեմերու վերակազմակերպումին: Վեհափառ հայրապետին պատգամէն ետք բոլոր թեմերը յաջորդաբար ներկայացուցին ցարդ իրենց կատարած աշխատանքները, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ ծրագիրները` թեմերու վերակազմակերպումին գծով: Հանդիպման աւարտին Արամ Ա. կաթողիկոս վերաշեշտեց սփիւռքի վերակազմակերպման անյետաձգելի անհրաժեշտութիւնը:
Հանդիպումներ Թեմերու Հետ
Ժողովական աշխատանքներու վերջին օրը, վեհափառ հայրապետը յաջորդաբար հանդիպումներ ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան բոլոր թեմերու ներկայացուցիչներուն հետ: Առանձնաբար քննուեցան թեմերու կեանքին առնչուած շատ մը հարցեր: Վեհափառ հայրապետը լսելէ ետք իրեն ներկայացուած խնդիրները, մտահոգութիւններն ու առաջարկները` անհրաժեշտ թելադրութիւններ կատարեց ի խնդիր թեմերու բարգաւաճման ու ծաղկման:
Եզրակացութիւն
Երեք օրերու վրայ տարածուած հանդիպումներն ու աշխատանքները ամփոփելով ու եզրակացնելով` Արամ Ա. կաթողիկոս հետեւեալ կէտերը շեշտեց.
1) Յատուկ գոհունակութեամբ կ՛ուզենք հաստատել, որ մեր թերմերը կազմակերպուած են եւ հաւատքով ու նուիրումով լծուած են իրենց աշխատանքին: Ինչ որ կը կատարուի մեր եկեղեցւոյ կողմէ, այս պարագային թեմերու ճամբով, հաւատքի առաքելութիւն է ու ազգային ծառայութիւն: Հոգեւորը եւ ազգայինը անքակտելիօրէն շաղախուած են մեր եկեղեցւոյ կեանքին ու առաքելութեան մէջ: Այսպէ՛ս եղած է միշտ ու այսպէ՛ս պէտք է մնայ: Իւրաքանչիւր թեմ տարբեր դրուածքներ ունի, եւ անհրաժեշտ է զանոնք նկատի ունենալ մեր առած որոշումներուն գծով:
2) Ինչպէս ժողովական քննարկումներու ընթացքին շեշտեցինք, սփիւռքի վերակազմաւորումը անյետաձգելի անհրաժեշտութիւն է: Սա դիւրին աշխատանք չէ, սակայն հրամայական է: Այս գործընթացին հարկ է լծուիլ հանգրուանային կերպով` ճշդելով այն ինչ որ առաջնահերթ է ու կարելի: Մեր թեմերու վերակազմակերպումը պէտք է ուղեցոյց հանդիսանայ գաղութներու վերակազմակերպման:
3) Ազգային կեդրոնական վարչութեան Խառն ժողովին զեկուցում տրուեցաւ նաեւ Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու վերականգնման ուղղութեամբ կաթողիկոսութեան տարած աշխատանքներուն մասին: Ինչպէս ծանօթ է ձեզի, «Կիլիկիա վերլուծական հարթակ»-ին ճամբով լծուած ենք լուրջ խորհրդակցութիւններու, քննարկումներու ու վերլուծումներու: Մեր գլխաւորութեամբ հետեւողական աշխատանք կը տարուի ցեղասպանագէտներու եւ միջազգային արդարադատութեան մարզին մէջ հեղինակութիւն եղող անձնաւորութիւններու հետ կապեր հաստատելու, միջազգային տարբեր կազմակերպութիւններու ու ատեաններու մօտ Արցախի առեւանգուած ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան ու ռազմագերիներու ազատ արձակման առաջադրանքի իրականացման ուղիները ճշդելու: Յառաջիկային պիտի յայտարարենք այս ուղղութեամբ առնուելիք շօշափելի քայլերու մասին:
4) Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան առաքելութիւնը կը շարունակէ նոր ծաւալ ստանալ` զանազան ծրագիրներու ու նախաձեռնութիւններու ճամբով: Այս ծիրին մէջ թէ՛ մարդուժի եւ թէ՛ նիւթական ներդրումի կարիքը զգալի կը դառնայ: Այս ուղղութեամբ «Խորէն Ա. կեդրոն»-ի բացումը, Ֆանարի մէջ, ուր պիտի գործեն կաթողիկոսարանի կարգ մը բաժանմունքները, մեծապէս պիտի նպաստէ մեր ծառայութեան առաւել կազմակերպման: