Հիւսիսային Ամերիկայի երեք առաջնորդներու հանդիպումը

Հիւսիսային Ամերիկայի երեք առաջնորդներու հանդիպումը

Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի երեք թեմակալ Առաջնորդներու հերթական ժողովը  կայացաւ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդարանէն ներս, Երեքշաբթի 28 Յունուար 2025-ին, հիւրընկալութեամբ՝ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի, եւ մասնակցութեամբ Գանատահայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Աբգար Եպս. Յովակիմեանի եւ Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Պարսամեանի: Սոյն հանդիպումը եկաւ վերահաստատելու երեք Թեմերու եւ անոնց Թեմակալ Առաջնորդներու եղբայրական սերտ համագործակցութիւնը՝ յօգուտ մեր ժողովուրդի զաւակներու քրիստոնէական առողջ կրթութեան եւ թեմական մակարդակներով հոգեւոր ու վարչական ծառայութեանց առաւել ծաղկման ու զօրացման: 

Ժողովներու նիստերը սկիզբ առին երեք Առաջնորդներու աղօթքով, որմէ ետք անոնք քննարկեցին օրակարգային կարեւոր նիւթեր:

Թեմակալ Առաջնորդները նախ հանգամանօրէն քննարկեցին 2025-2026 տարիներու ընթացքին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ․ Ծայրագոյն Պատրիարքի եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի Հիւսիսային Ամերիկայի երեք Թեմեր կատարելիք հովուապետական օրհնաբեր այցելութեան ծրագրերն ու մանրամասները:  Թեմակալ Առաջնորդները նաեւ անդրադարձան 2025 տարուայ ընթացքին Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարքի Ն. Ա.  Տէր Սահակ Բ. Արքեպիսկոպոս Մաշալեանի Հիւսիսային Ամերիկայի երկու՝ Արեւելեան եւ Արեւմտեան Թեմեր օրհնաբեր այցելութեան մանրամասնութեանց: 

Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի հրաւէրով Դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեան խորքային զեկուցում ներկայացուց Արեւմտեան Թեմին հովանաւորած «Հաստատութենական Նորարարութեան» երկարաժամկէտ  ծրագրի (Institutional Innovation) աշխատանքներու մանրամասներու եւ ընթացիկ ծրագիրներու մասին։ Ապա, Առաջնորդ Սրբազանները կարեւորութեամբ քննարկուեցին Ուսուցիչներու Առաքելութեան (Lay Ministry) վերապատրաստութեան ուսումնական գործունէութիւնն ու նոր ծրագիրները, որպէսզի հնարաւորութիւն տրուի նաեւ աշխարհականներուն մասնակցելու Եկեղեցւոյ հոգեւոր ու կրթական դաստիարակութեան նուիրական առաքելութեան։

Այնուհետեւ, ժողովներու նիստերուն մասնաւոր անդրադարձ կատարուեցաւ հոգեւորականաց պատրաստութեան հարցին: Լուսարձակի տակ առնուեցաւ Հիւսիսային Ամերիկայի երեք թեմերու հովանաւորութիւնը վայելող Ս. Ներսէս Ընծայարանի եզակի առաքելութիւնը, արծարծուեցաւ քահանայութեան թեկնածուներու հաւաքագրման հանգամանքը, անոնց հոգեմտաւոր պատրաստութիւնը ու զարգացումը: Ի շարս այլ հարցերու, ժողովի նիստերու օրակարգին վրայ մասնաւոր տեղ ունեցան ամառնային ճամբարները, երիտասարդական համախմբումները եւ բոլոր յարակից մարմիններու եզակի ներդրոմը, եւ անգամ մը եւս շեշտուեցաւ բոլորի ներգրաւումն ու մասնակցութիւնը մեր Եկեղեցւոյ աստուածանուէր ծառայական առաքելութեան: 

Նիստերուն քրիստոնէական դաստիարակութիւնը եւս օրակարգի նիւթ դարձաւ: Այս ծիրէն ներս խօսուեցաւ իրականացած զանազան ծրագիրներու մասին, ինչպէս՝ քրիստոնէական ուսուցում, Սուրբ Գրային սերտողութիւններ, հոգեւոր գիրքերու հրատարակութիւն եւ ապագային կատարուելիք տարբեր նախաձեռնութիւններու մասին անդրադարձ կատարուեցաւ: Կիրակնօրեայ դպրոցներու կողքին շեշտուեցաւ նաեւ Շաբաթօրեայ դպրոցներուն եզակի առաքելութիւնը:

Ժողովական նիստերու աւարտին երեք հոգեւոր Առաջնորդները աղօթք բարձրացուցին առ ամենաբարին Աստուած անսասան պահելու Մայրենի Սուրբ Եկեղեցին եւ Հայաստան աշխարհը, մաղթելով, որ Ամենաբարին Աստուած հաստատ պահէ մեր Հայրենիքը եւ անսասան՝ Մայր Աթոռը, արեւշատ օրեր պարգեւէ Հայոց Հայրապետին եւ անշէջ պահէ Հայ Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը՝ բազմադարեայ հարուստ ժառանգութեամբ զօրացած ու ամրապնդուած շարունակելու մեր կեանքի ընթացքը:

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի երեք Թեմակալ Առաջնորդներու հերթական յաջորդ ժողովներու նիստերուն մնայուն քննարկումի նիւթեր պիտի դառնան նշեալ բոլոր օրակարգային հարցերը, առաւել կազմակերպուած, միախորհուրդ ու հաստատուն քայլերով ու անխախտ հաւատքով շարունակելու Հայ Եկեղեցւոյ պայծառ ապագայի տենչող հոգեւոր, կրթական ու մշակութային առաքելութիւնը։

Դիւան Առաջնորդարանի

Յունուար 29, 2025

Share