Որպէսզի չկրկնուի «ՄԵ՜ՂՔ» աւաղումը

Որպէսզի չկրկնուի «ՄԵ՜ՂՔ» աւաղումը

Ինչ որ ալ ըլլան պայմանները եւ ինչպէս որ ալ դիտուին, վերլուծուին, քննադատուին կամ գնահատուին Շուշիի ազատագրման 30-ամեակի ձեռնարկներն ու հաւաքները, պարզապէս կարելի է ամենայն ցասումով, ընդվզումով եւ սրտի խորքէն բխած վրդովումով՝ մէկ բառով եզրակացնել. ՄԵ՜ՂՔ…։

Մե՛ղք, որ ամբողջ 30 տարի մեր յաղթանակի խորհրդանիշը դարձած ու անոր խորհուրդը խտացուցած քաղաքը, ուր հայակերտ բայց սրբապղծուած Սուրբ Ամենափրկիչ-Ղազանչեցոց եկեղեցին անճանաչելի դարձած է եւ վերջերս հետեւողականօրէն կիզակէտն է Պաքուի արտաքին յարաբերական լոպիինկին։ Հիւրերու ներգրաւման համար գումարներ կը մսխուին, որպէսզի այցելեն Շուշի, գիտաժողովներու մասնակցին եւ ապագայի մասին մտածեն, թէ՝ ինչպէ՞ս կարելի պիտի ըլլայ այդ քաղաքը ատրպէյճանական մշակութային կեդրոնի վերածել։

Եւ դեռ այլ մե՛ղք մըն ալ. ճիշդ Շուշիի ազատագրման 30-ամեակի օրերուն, Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնները լուր մը հրապարակեցին, թէ Թուրքիա կը ծրագրէ Շուշիի մէջ հիւպատոսարան բանալ եւ այդ նպատակով բանակցութիւններ յառաջ կը տարուին: Սա այն «դժբախտ ու անգոյն Շուշին» է, ուր ահաւասիկ համաթուրանական թափանցումն ու տիրապետութիւնը նոր քայլերու կը պատրաստուին, իսկ պաշտօնական Երեւանը կը նախընտրէ պապանձած վիճակի մէջ մնալ:

Մեղքը մեր բոլորի՛ վզին, շուշեցիէն մինչեւ հեռաւոր՝ նորզելանդացի կամ ամերիկացի սփիւռքահայը, որ չկրցանք տէր կանգնիլ այդ պատմական բերդաքաղաքին։ Իսկական յանցաւորները յստակ են եւ խոստովանութիւն կատարած, սակայն ընդհանուր կրաւորականութիւնը կը մնայ տիրական: Պատմութիւնը ահաւոր է, նոյնպէս եւ հոսած արիւնը, Երեւանի իշխանապետին կնոջ բառերով՝ ի զուր թափուած արիւնը։ Այս թնճուկը վստահաբար դեռ շատ մելան պիտի հոսեցնէ։

Մե՛ղք եզրոյթը դժուար է գործածել այն հազարաւոր նահատակ հերոսներուն համար, որոնց անմահ հոգիները ցայսօր կ՛ահազանգեն Ստեփանակերտի յուշահամալիր-գերեզմանատունէն մինչեւ Եռաբլուր, արձագանգ կը գտնեն իւրաքանչիւր հայրենասէր հայու հոգիին մէջ։

Քաղաքական աժան գործիքի վերածուած է նաեւ «Լեռներու Հարսանիք» ծածկանունը, որ կը խորհրդանշէ յաղթանակի օրերը՝ 8-9 Մայիս 1992։ Փաստօրէն, երեսանցութեան եւ կեղծիքի նորագոյն արտայայտութիւններ էին Հ․Հ․ վարչապետին այն խօսքերը, որոնք արտասանուեցան յիշատակումի օրը․ «Ժողովրդի քուէն ստացած քաղաքական մեծամասնութիւնը Հայաստանն առաջնորդում է հէնց այս ճանապարհով` հասկանալով այն բոլոր դժուարութիւնները, որ ի յայտ են գալու: Մենք պատրաստ ենք առերեսուել այդ դժուարութիւններին, որովհետեւ մեզ առաջնորդում է համոզմունքը, որ այո` մենք շարժւում ենք դժուար, բայց ճիշդ ճանապարհով: (․․․) Այսօր մենք գլուխ ենք խոնարհում յանուն Հայրենիքի մարտնչած, իրենց կեանքը նուիրած մեր պապերի, մեր հայրերի, մեր եղբայրների ու մեր զաւակների առաջ: Պատերազմներում նրանց տարած յաղթանակները, պատերազմներում մեր ունեցած անյաջողութիւնները պիտի դառնան կեանքի յաղթանակ»: Կեղծիքն ու դրժողականութիւնը այս տողերէն կ’աղաղակեն բարձրագոչ, որովհետեւ նոյն «հերոս»-ն էր, որ քանի մը շաբաթ առաջ հասկցուց, թէ Արցախի ապագան կը տեսնէ Ատրպէյճանի կազմին մէջ, նոյն շրթունքէն հնչեց Հայաստանի պատկանող հողերուն ազերիապատկան ըլլալու խոստումը: Ահա թէ ո՛ւր պէտք է տեսնել Հայաստանի եւ Արցախի մէջ «ապագայ կայ»-ի սնանկութիւնը …

Անշուշտ ո՛չ մէկ խօսք, թէ ինչպէ՞ս սարքուած էր դաւը եւ անառիկ ամրոց-քաղաքը վատաբար յանձնուած էր թշնամիին։ Իսկապէ՞ս, եւ առանց կեղծաւորութիւն տեսնելո՞ւ պէտք է լսենք սա խօսքերը, թէ Հայրենիքի համար նահատակուածներու արիւնը պէտք չէ մսխուի եւ դեռ աւելին՝ անոնց գործին մեծագոյն արտայայտութիւնը պիտի դառնայ հայոց ուժեղացող պետականութիւնը, Արցախի հայութեան իրաւունքներու լիարժէք իրացումը, ապագայի սերունդներու խաղաղ զարգացումն ու տարածաշրջանային խաղաղ գոյակցութիւնը, որ Արցախի ու Հայաստանի անվտանգութեան միակ յուսալի երաշխիքն է: Անհեթեթութիւնն ու սնափառութիւնը սահման չունի՞ն արդեօք:

Մե՛ղք, որ ամբոխահաճ գրականութեամբ եւ քերականութեամբ արտայայտուած այս ճառը երկար չէր։ Նոյնինքն պետութեան կողմէ կազմակերպուած հանդիսութիւններն ալ կարճ էին. մեծագոյն բացական էր… ժողովուրդը, որդեկորոյսներու զանգուածը, իսկ բուռ մը պետական այրերու կողքին բազմապատիկ ներկայութիւն էին ապահովութեան ուժերը։ Եւ ի՜նչ հեգնանք. յաջորդ օրը, հայրենի պատուիրակութիւնը հոծ բազմութեամբ մեկնեցաւ Հոլանտա․․․

Մեղքի ծածկոյթը կը տարածուի նաեւ այն հայորդիներուն վրայ, որոնք մինչեւ այսօր չեն միացած Արցախի ու Հայաստանի պաշտպանութեան ի խնդիր ծաւալող ցոյցերուն։ Այո՛, հայրենապաշտպաններուն թիւը կ’ուռճանայ օր աւուր, սակայն պէտք է շատ աւելի մեծ թիւով հայորդիներ մասկացութիւն բերեն:

Մե՛ղք․․․ «Լեռներու Հարսանիք» կարելի չեղաւ 9 Մայիսին իրագործել Երեւանի մէջ։

Սակայն վհատելու ժամանակը չէ. պէտք է աննահանջ շարունակել հետզհետէ ծաւալ ստացող ցոյցերը, իսկապէս փաստելու համար, որ մեր հայրենիքի ժողովրդականութեան օրրան է, հայրենիքի փրկութեան շարժումը յաջողութեան պիտի հասնի համաժողովրդային ալիքով, որպէսզի ո՛չ միայն թուրք-ազերիական համաթուրանականութենէն զերծ պահուին Հայաստանն ու Արցախը, այլ նաեւ վերականգնին մեր իրաւունքները, արդար ու անվիճելի իրաւունքները, սկսելով Արցախէն ու հասնելով մեր պատմական հողերուն:

Որպէսզի չկրկնուի «ՄԵ՜ՂՔ» աւաղումը:

«Հայրենիք» – Պոսթըն — Մայիս 12, 2022
Խմբագրական

Share