Մարիա Մանուկ Գաբրիէլեան՝ Սուրիոյ խորհրդարանի 4-րդ նստաշրջանի միակ հայ երեսփոխան

Մարիա Մանուկ Գաբրիէլեան՝ Սուրիոյ խորհրդարանի 4-րդ նստաշրջանի միակ հայ երեսփոխան

Սուրիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններու դատական բարձրագոյն յանձնախումբը երէկ, մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, լրատուամիջոցներու ներկայութեան յայտարարեց Սուրիոյ խորհրդարանի անդամ ընտրուած 250 երեսփոխաններու անունները:

Սուրիոյ Խորհրդարանի երեսփոխան ընտրուեցաւ, Հալէպէն, ազգի միասնական թեկնածու Մարիա Մանուկ (Գաբրիէլեան):

Մարիա Մանուկ Սուրիոյ խորհրդարանի 4-րդ նստաշրջանի անդամ միակ հայ երեսփոխանն է:

ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Ծնած է Հալէպ:

Ա.-ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ
Նախակրթարանի ուսումը ստացած է Ազգային Զաւարեան Վարժարանէն, իսկ միջնակարգն ու Երկրորդականը Ազգ.Քարէն Եփփէ Ճեմարանէն:
Վկայուած է Հալէպի Պետական Համալսարանի իրաւաբանական ճիւղէն, Դամասկոսի Պետական Համալսարանի լրագրական ճիւղէն, Հալէպի Պետական Համալսարանի բժշկական ուսումնարանէն (տարրալուծարան մասնագիտութեամբ), Համազգայինի Հայագիտական քառամեայ հիմնարկէն, Երեւանի Պետական Համալսարանի Հայոց Պատմութեան հիմնահարցերու բաժանմունքէն:

Բ.-ՊԱՐԳԵՒՆԵՐ, ԳՆԱՀԱՏԱԳՐԵՐ, ԳՈՎԱՍԱՆԱԳՐԵՐ

-Յաջորդաբար 2009-ին եւ 2010-ին պարգեւատրուած է Դամասկոսի Պետական Համալսարանի կողմէ՝ որպէս գերազանց ուսանող:
-2014-ին պարգեւատրուած է Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանի Խնամակալութեան եւ տնօրէնութեան կողմէ՝ որպէս օրինակելի ուսուցիչ:
-2016-ին ՝՝Գերազանց՝՝ գնահատականով ստացած է փաստաբանի գիտական կոչումը:
-2016-ին պարգեւատրուած է ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ, որպէս ՝՝Մայրենիի պաշտպան՝՝:
-2016-ին պատւոյ գիրով գնահատուած է ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ որպէս հայերէնաւանդ ուսուցիչ:
-2018-ին գովասանագիր ստացած է Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանի խնամակալութեան եւ տնօրէնութեան կողմէ վարժարանի հիմնադրութեան 70 ամեակի առթիւ բարձր գնահատելի լեզուով, ոճով ու մատուցման եղանակով մատուցած բանախօսութեան համար:

-2021-ին պարգեւատրուած է Հալէպի Արաբական Աւետարանական Եկեղեցւոյ կողմէ «ՄՈԶԱՅԻՔ» նախաձեռնութեան յաջողութեան մէջ ունեցած ներդրումին համար:
-2022-ին պարգեւատրուած է ՀՀ Հալէպի Մարդասիրական խումբին կողմէ համագործակցութեան եւ աջակցութեան համար:
-2024-ին պարգեւատրուած է Սուրիոյ Հայ Աւետարանական համայնքապետին կողմէ առ ի երախտագիտութիւն Հայ Աւետարանական Բեթէլ եկեղեցիի եւ վարժարանի 100 ամեակին նուիրուած բանախօսութեան համար:
-Մատուցած ծառայութիւններուն համար պարգեւատրուած է նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Սկ.խորհուրդին եւ Ռատիօ Երազի տնօրէնութեան ու անձնակազմին կողմէ:

Գ.-ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
I.-ԿՐԹԱԿԱՆ ԲՆԱԳԱՒԱՌ
Որպէս հայերէնաւանդ ուսուցիչ պաշտօնավարած է Ազգ.Հայկազեան Վարժարանէն, Ազգ. Ք.Ե.Ճեմարանէն եւ Լ.Նաճարեան Գ.Կիւլպէնկեան Կեդրոնական Վարժարանէն ներս:
Դասախօս է Համազգայինի Հայագիտական հիմնարկէն ներս:
Դասատու է Հալէպի պետական համալսարանի լեզուներու բարձրագոյն ուսումնակեդրոնին մէջ:
II.-ԼՐԱԳՐԱԿԱՆ ԲՆԱԳԱՒԱՌ
-Եղած է Երկիր Մետիա հեռուստակայանի Սուրիոյ գրասենեակի ներկայացուցիչ:
-Հայաստանի Հանրային հեռուստակայանի Սուրիոյ թղթակից:
-՝՝Գանձասար՝՝ շաբաթաթերթի աշխատակից:
-Երեք տարի խմբագրած է ՝՝Ծիլեր՝՝ Ա.Ք.Ե.Ճեմարանի աշակերտական պարբերաթերթը:
-Մաս կազմած Ա.Ք.Ե.Ճ.-ի Շրջ.Միութեան հրատարակած ՝՝Շաւիղ՝՝ պարբերաթերթի խմբագրակազմին:
-Երեք տարի խմբագրած է ՝՝Գանձասար՝՝ի ուսանողական էջը:
-Հայկազեան Վարժարանի տնօրէնութեան հետ հրատարակած է վարժարանի ՝՝ԱՇԽԱՏԱՆՔ՝՝ աշակերտական թերթը:
-Յօդուածներ ունի «Դրօշակ»ին, «Ազդակ»ին եւ «Խորան»ին մէջ:

III.-ԱՅԼ ԲՆԱԳԱՒԱՌՆԵՐ
-Սեփականատէրերէն ու հիմնադիրներէն է ՝՝Լուսնակ՝՝ մանկապատանեկան դաստիարակչական տպագիր խաղերու:
-Խորհրդաժողովներու կամ ժողովրդային ձեռնարկներու մասնակցած եւ դասախօսութիւններ կամ բանախօսութիւններ մատուցած է Հայաստանի, Թեհրանի, Կիպրոսի եւ Պէյրութի մէջ:
-Անդամ է Հալէպի Փաստաբաններու Արհ.Միութեան:
-2018-ին ընտրուած է Հալէպի նահանգային խորհուրդի անդամ:
-2012-2018 Եղած է Սուրիահայութեան Շտապ Օգնութեան եւ Վերականգնումի Մարմինի բանբեր:
-2019-2024 եղած է Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Երիտասարդական խորհուրդի անդամ:
-Կը զբաղի փաստաբանութեամբ սեփական գրասենեակով:

Դ.-ՄԻՈՒԹԵՆԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ
Անդամակցած եւ գործուն մասնակցութիւն բերած է.
-Քրիստափոր Ուսանողական Միութեան:
-Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Սկաուտական բաժնին:
-Հալէպի Հայ Համալսարանական Միութեան:
-Սուրիոյ Համալսարաականներու Շրջանաւարտից Միութեան:

Share