Լուքաշենքոյի Չքմեղանքը

Լուքաշենքոյի Չքմեղանքը

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հայ-ֆրանսական յարաբերութիւններու մէջ աննախադէպ եռուզեռի պայմաններուն մէջ «Ֆրանս 24» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարեց, որ Հայաստանի ՀԱՊԿ-ի անդամակցութիւնը այս պահուս սառեցուած է:

Մինչ Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտնեց.«ՀԱՊԿ-ի կանոնադրութիւնը անդամակցութեան սառեցում չի նախատեսեր»` աւելցնելով, որ իրենք Հայաստանի իշխանութիւններէն բացատրութիւններ պիտի խնդրեն: ՀԱՊԿ-ի քարտուղարութիւնը նշեց.«ՀԱՊԿ-ի քարտուղարութիւնը այս պահու դրութեամբ Երեւանի կողմէ ՀԱՊԿ-ի անդամակցութիւնը դադրեցնելու մասին որեւէ դիմում չէ ստացած: Ինչ կը վերաբերի անդամակցութեան սառեցման մասին թեզին, ամենայն հաւանականութեամբ, խօսքը կը վերաբերի վերջին շրջանին կազմակերպութեան կողմէ կատարուող շարք մը միջոցառումներուն Հայաստանի Հանրապետութեան չմասնակցելուն»:

Այդպիսով, անոնք նշեցին, որ Փաշինեանի յայտարարութեան մէջ որեւէ նորութիւն չկայ, եւ խօսքը դադրեցման մասին չէ, ո՛չ իսկ սառեցման, այլ միայն` միջոցառումներու չմասնակցութեան:

Իրապէս ալ Փաշինեանի յայտարարութիւնը ինքնին զգայացունց չէր, այլ միայն թայմինկն էր զգայացունց: Հայ-ֆրանսական յարաբերութիւններու ներկայ պահուն այդ յայտարարութիւնը կատարելու համար հարթակի ընտրութիւնը եկաւ ընդգծելու այդ տպաւորութիւնը` անխուսափելի դարձնելով Մոսկուայի, ՀԱՊԿ-ի եւ ՀԱՊԿ-ի անդամ երկիրներու արձագանգը:

Ի տարբերութիւն Փեսքովի եւ ՀԱՊԿ-ի քարտուղարութեան հաւասարակշռուած արձագանգներուն, սակայն, վիրաւորական էր Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքոյի արձագանգը: Ան իր արձագանգով յօնքը շինելու տեղ աչքը հանեց, արջի ծառայութիւն մատուցեց, կրակին վրայ իւղ թափեց:

«Տէ՛, պատերազմեցան, մեր դիրքորոշումը ինչպիսի՞ն պէտք էր ըլլար: Հայերը մեր մտերիմներն են, մեր հարազատները, իսկ Ազրպէյճանը ի՛նչ է` օտա՞ր է, ատոր համար ալ յայտնուեցան նման կացութեան մէջ: Եւ ՀԱՊԿ-ի համար ոչ մէկ պատճառ կար ներքաշուելու այս հակամարտութեան մէջ, բացարձակապէս ոչ մէկ պատճառ կար», յայտարարեց Լուքաշենքոն:

Իրա՞ւ, ո՞չ մէկ պատճառ, իսկ Հայաստանի Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) անդամ պետութիւն ըլլալու իրողութիւնը բաւարար պատճառ չէ՞ր: Ըստ Լուքաշենքոյի, ո՛չ, որովհետեւ «ՀԱՊԿ-ի մէջ կան բազմաթիւ իսլամական երկիրներ, դուք ալ ատիկա կը հասկնաք, մասամբ այստեղէն կու գայ համապատասխան դիրքորոշումը»:

Ուրեմն ի՞նչ է ՀԱՊԿ-ի անդամակցութեան արժէքն ու իմաստը, երբ բացայայտ կարիքի պարագային անմիջապէս պիտի չգործէ, ընդհակառա՛կը, պիտի ըսէ.«Յանձնախումբ մը ձեւաւորենք, յանձնախումբը թող երթայ շրջան կացութիւնը սերտէ, ապա զեկուցում պատրաստէ, այդ զեկուցումը մեզի ներկայացնէ, մենք զայն սերտենք եւ միայն ետքը կ՛որոշենք, թէ ի՛նչ պիտի ընենք», ինչպէս պատահեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան գերիշխան տարածքին դէմ Ազրպէյճանի սեպտեմբերեան յարձակումին ատեն: Իսկ մինչ ա՞յդ… ըլլալիքը կ՛ըլլայ: Քաղաքականութեան մէջ գործելու դժկամութիւնը ծածկելու համար հարցի ուսումնասիրման յանձնախումբ յառաջացնելը դասական ու ծանօթ հնարք է:

Հայաստանը ՀԱՊԿ-ի անդամ է, իսկ Ազրպէյճանը` ոչ: Եւ վե՛րջ: Պահ մը պատկերացուցէք, թէ ի՛նչ պիտի ըլլար ՀԱՊԿ-ի հակառակորդին` ՆԱԹՕ-ի հակազդեցութիւնը, եթէ ՆԱԹՕ-ի անդամ պետութիւն մը ոչ անդամ պետութեան մը կողմէ չհրահրուած յարձակումի ենթարկուէր… Բայց, ըստ Լուքաշենքոյի, «Երեւանը պէտք չէ ՀԱՊԿ-էն նեղանայ»:

Քիչ մը լրջութիւն, ո՛չ աւելին: Սակայն ՀԱՊԿ-ն իր անգործութեամբ ու վարմունքով, Լուքաշենքոն ալ իր արձագանգով իրենց անլրջութեան մասին կը վկայեն: Անհեթեթ չքմեղանքներու կարիքը չկայ, այլ` միայն ինքնասրբագրումի:

Վահրամ Էմմիեան

Share