2 Յունիսին, Աթէնքի մէջ իր աչքերը փակեց Յունաստանի Զինեալ ուժերու նախկին ընդհանուր հրամանատար, զօրավար Միխայիլ Քոսթարաքոս։
Ան ծնած էր 1956-ին եւ իր ուսումը կատարած էր Յունաստանի սպայից վարժարանին մէջ։ Այնուհետեւ, տիրացած էր կարեւոր պաշտօններու իր զինուորական ասպարէզէն ներս, ինչպէս նաեւ իր ուսումը ընդլայնած էր Աթէնքի Իրաւաբանական համալսարանին եւ աւելի յետոյ ստացած էր մագիստրոսի տիտղոս քաղաքական եւ դիւանագիտական ուսմանց մէջ։
2011-15 տարիներուն ընթացքին ան պաշտօնավարեց որպէս Յունաստանի Ազգային պաշտպանութեան Գլխաւոր շտապի պետ։ Նոյն ժամանակաշրջանին, սերտ կապեր մշակեց Հայաստանի Զինեալ ուժերու հրամանատարութեան հետ, որուն ընթացքին արձանագրուեցան կարեւոր իրագործումներ։
Զօրավար Միխայիլ Քոսթարաքոսի պաշտօնավարութեան ընթացքին ստեղծուած երկկողմանի յարաբերութիւններու ընդարձակ դաշտին մասին, Յունաստանի մէջ Հայաստանի նախկին ռազմական կցորդ եւ թերթիս սերտ բարեկամ Սամուէլ Ռամազեան քանի մը հետաքրքրական տեղեկութիւններ փոխանցեց, որոնք կը ներկայացնենք ստորեւ։
Զօրավար Միխայիլ Քոսթարաքոս, որպէս Յունաստանի Զինեալ ուժերու ընդհանուր հրամանատար, երկու անգամ ընդունած է Հայաստանի Հանրապետութեան Զինեալ ուժերու իր պաշտօնակիցը՝ 2012-ի Նոյեմբերին եւ 2014-ի Սեպտեմբերին: Կայացած էին ընդլայնուած խորհրդակցութիւններ Յունաստանի ուժերու հրամանատարական կազմին հետ եւ քննարկուած էին երկկողմանի ռազմական գործակցութեան հարցեր։ 28 Յունուար 2013-ին, Հ.Հ. Զինեալ ուժերու օրուան նուիրուած տօնական ընդունելութեան ընթացքին Աթէնքի մէջ, Միխայիլ Քոսթարաքոս պարգեւատրուած էր Հայաստանին կողմէ յուշատախտակով մը, ինչպէս նաեւ յատուկ ելոյթ ունեցած էր։ 25 Սեպտեմբեր 2013-ին, Քոսթարաքոս պաշտօնական այցելութեամբ գտնուած էր Երեւան ու ընդունուած էր Հ.Հ. նախագահին ու իր պաշտօնակիցին կողմէ։ Այցելութեան ծիրէն ներս, ստորագրուած էր ռազմական գործակցութեան 2014-ի ծրագիրը։ Նոյն առիթով, յոյն զօրավարը շեշտած էր, թէ երկկողմանի գործակցութիւնը ունի ռազմավարական բնոյթ եւ յենուած է երկու ժողովուրդներու պատմական կապերուն վրայ։ 27 Յունուար 2014-ին, Հ.Հ. պաշտպանութեան նախարարի հրամանին համաձայն, զօրավար Քոսթարաքոսին յանձնուած էր Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան «Ռազմական համագործակցութեան համար» շքանշանը, դարձեալ Հայաստանի բանակի օրուան առիթով։
Իր ունեցած ելոյթին մէջ, յոյն զինուորականը շեշտած էր, թէ հայ-յունական ռազմական գործակցութիւնը կ՚ընթանայ վստահ զարգացման ուղիով՝ իր շահ երկու եղբայրակից երկիրներուն եւ ժողովուրդներուն։
Ան դրուատիքով խօսած էր Յունաստանի մէջ ուսանող սպաներուն մասին, պատիւ համարելով գերազանց պատրաստութեան տէր հայ ուսանողներու եւ սպաներու զարգացումը Յունաստանի ռազմական վարժարաններէն ներս։ 2015-ի Ապրիլին, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նշումներու ծիրէն ներս, զօրավար Միխայիլ Քոսթարաքոս մասնակցած էր քաղաքական կեդրոնական ելոյթին Աթէնքի մէջ, ապա Յունաստանի Զինեալ ուժերու անունով դափնեպսակ զետեղած էր Սինտաղմայի Անծանօթ Զինուորի յուշադամբանին առջեւ։