Յուլիս 27-ին, կ’ամբողջանայ Լիզպոնի հինգ հերոսներուն անձնազոհութեան 39-րդ տարելիցը։
Կարծէք թէ միայն երէկ էր այդ հերոսապատումը:
Հինգ հայ հերոսները, իրենց վճռակամ եւ քաջարի արարքով, փաստեցին, թէ իրենց նպատակը, այսօրուան աշխարհին բառամթերքով՝ սոսկական ահաբեկչութիւն չէր, այլ նուիրաբերում՝ հայութեան, ամբո՛ղջ հայութեան, մե՛ր արդար դատին:
Արտասովոր առաքինութեամբ օժտուած եւ հայուն պահանջատիրական նպատակին համար, 27 Յուլիս 1983-ին, «Հայ Յեղափոխական Բանակ»ի հինգ անդամներ` Վաչէ Տաղլեան, Սեդրակ Աճեմեան, Սիմոն Եահնէեան, Արա Գըրճալեան եւ Սարգիս Աբրահամեան մուտք գործեցին Փորթուգալի մայրաքաղաք Լիզպոնի թրքական դեսպանատունը:
Պահակ զինուորներու հետ առաջին բախումին, դրան շեմին մահացու վէրք ստացաւ 21-ամեայ Սիմոն Եահնէեանը, իսկ միւս չորսը յաջողեցան մտնել դեսպանատուն եւ իրականացնել երկու պայթում, իրենց կարգին նահատակուելով:
25 Յուլիս 1897-ի Խանասորի արշաւանքէն գրեթէ դար մը ետք, դարձեալ յուլիսեան օր մը, այդ հինգ «խենթեր»-ը իրենց գերագոյն զոհաբերութեան արարքով աշխարհին ապացուցեցին, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը անհերքելի եւ անմոռանալի փաստ է, մեր նահատակներուն կտակը կը մնայ անկատար, Թուրքիա անհատոյց թողած է հսկայ պարտք մը:
Անոնք յայտարարեցին, թէ «Հայ Յեղափոխական Բանակ»ին անունով կատարուած գործողութիւնը լոկ ահաբեկչական արարք չէ, այլ մաս կը կազմէ Հայ Դատի պահանջատիրական պայքարին, այսինքն՝ քաղաքական աքթ է, պատիժ՝ ջարդարար ցեղասպանին, այնպէ՛ս, ինչպէս ըրած էին Խանասորի խենթերը դար մը առաջ…
Հինգ կտրիճները, իրենց խիզախ եւ յանդուգն արարքով, յաջողեցան զարթնեցնել սովորական եւ խեղճուկրակ առօրեայով տարուած աշխարհ մը:
Այդ տղոց անձնազոհութէնէն միայն հինգ տարի ետք, սկիզբ առաւ Արցախի ազատագրութեան պայքարը: Անոնց ռումբին ցնցիչ արձագանգը հասած էր Շուշի եւ Ստեփանակերտ:
Այսօր, 39 տարի ետք, հայկական աշխարհը ապրած է քանի մը «դարադարձ»: Լիզպոնէն հնչած ահազանգը այսօր տարբեր խորք ու իմաստ ունի, թէեւ անոր էական պատգամը կը մնայ անփոփոխ, անմոռանալի:
Խունկն ու մոմը մշտնջենական պիտի մնան անոնց մի՛շտ ու մի՛շտ շիրիմներուն, որոնք ուխտատեղի են, մեր Դատին ի խնդիր աննահանջ պայքարի ուխտին վերանորոգմա՛ն ուխտատեղի:
«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական
hairenikweekly.com