Լիլիթ Գալստեանը յանցագործութեան մասին հաղորդում ներկայացուցած է

Լիլիթ Գալստեանը յանցագործութեան մասին հաղորդում ներկայացուցած է

ԱԺ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Լիլիթ Գալստեան Facebook-ի իր էջով տեղեկացուցած է երկու դրուագով յանցագործութեան մասին հաղորդում ներկայացնելու մասին․

«Հակարիի կամուրջէն գրեթէ ուղիղ Հ1-ի տաղաւար յայտնուած Արցախի անվտանգութեան խորհուրդի նախկին քարտուղար Սամուէլ Բաբայեանի յայտարարութիւններուն հիման վրայ Քր․ Օրէնսգրքի երկու յօդուածով, ՀՀ գլխաւոր դատախազութիւնը յարուցած է քրէական գործ։

Սամուէլ  Բաբայեանը` շարք մը լրատուամիջոցներով նոյնպես, առիթը բաց չի ձգեր պաքուի մէջ գտնուող Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան հասցէին մեղադրանքներ հնչեցնելու հարցով, զուգահեռաբար ինք զինք յառաջադրելով որպէս Հայաստան բռնի տեղահանուած Արցախահայերու առաջնորդ։

Զուգահեռներն ու պատճառահետեւանքային կապերը աւելի քան խօսուն են եւ ակնյայտ․ միջազգային հարթակներու վրայ ազրպէյճանի մաս ճանչնալն ու Արցախի Հանրապետութեան նկատմամբ իրագործուած տիեզերական դաւաճանութիւնը վերջին իր եօթ-ութ օրերուն մէջ տեղաւորելը, մեղմ խօսքով, անբարոյական է։

Ինչեւէ, ես՝ աներեւակայելիօրէն ոգեւորուած ՀՀ Գլխաւոր դատախազութեան անմիջական գործունէութենէն, յանցագործութեան մասին հաղորդում կը ներկայացնեմ՝ երկու դրուագով։

1. Որո՞ւն անունով, ի՞նչ իրաւագիրով, լիազօրութիւններով եւ ի՞նչ բովանդակութեամբ Սամուէլ Բաբայեանը բանակցած է պաքուի հետ։ Ի՞նչ համաձայնութիւններ ձեռք բերուած են։

2. Քրէական գործ յարուցել եւ վարոյթ իրականացնել Նիկոլ Փաշինեանի եւ այն պաշտօնատար անձերուն նկատմամբ, որոնք ձախողած են Սահմանադրութեամբ եւ Անկախութեան Հռչակագիրով իրենց վերապահուած պարտականութիւններն ու յանձնառութիւնները, շեղած են վերոյիշեալ փաստաթուղթերուն մէջ ամրագրուած Հայոց պետականութեան հիմնարար սկզբունքներէն եւ համազգային նպատակներէն, տապալած են Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութիւնը, անվտանգութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնը եւ սահմաններու անձեռնմխելիութիւնը:

ՀՀ ԱԺ Պատգամաւոր՝ Լիլիթ Գալստեան

16.10.2023, Երեւան»։

Share