Centre Film Festival փառատօնին Հայոց Ցեղասպանութեան մասին պատմող «Աւրորայի արշալոյսը» (Aurora’s Sunrise) ֆիլմը արժանացած է ԱՄՆ-ի մէջ լաւագոյն վաւերագրական ֆիլմի մրցանակին: Այս մասին նշուած է ֆիլմի Facebook-եան էջին մէջ:
«Աւրորայի արշալոյսը» ֆիլմը ստեղծուած է Զօրեան ուսումնարանի գիտական աջակցութեամբ եւ Հայոց Ցեղասպանութեան բանաւոր պատմութեան արխիւի հիման վրայ: Ֆիլմին մէջ ներկայացուած է 1915 թուականի Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրած հայուհի Աւրորա Մարդիգանեանի սարսափելի պատմութիւնը: Երբ սկսած է կոտորածը, Աւրորան 14 տարեկան էր եւ կ՝ապրէր Օսմանեան կայսրութեան փոքրիկ քաղաքի մը մէջ։ Իր կամքի եւ վճռականութեան շնորհիւ 1917 թուականին աղջիկը փրկութիւն գտած է ԱՄՆ-ի մէջ։