Բողոքի նամակ՝ Քուէյթի մօտ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպանին

Բողոքի նամակ՝ Քուէյթի մօտ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպանին

Յարգարժան Պրն. Սարմէն Պաղտասարեան՝
Քուէյթի մօտ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի (CCAF)-ի համանախագահ՝ Մուրատ Փափազեանի առանց բացատրութեան եւ հիմնաւորման Հայաստանի Հանրապետութեան մուտքը արգիլելու ՀՀ իշխանութիւններու որոշումը, մեծ ցասում եւ հիասթափութիւն առաջացուց ՀՅԴ Քուէյթի կոմիտէի ամբողջ կառոյցի եւ քուէյթահայութեան մօտ:

Մենք խստիւ կը դատապարտենք ՀՀ իշխանութիւններու հակաժողովրդավարական ու քինախնդիր այս քայլը:

Ազգային գործիչներու թիրախաւորման այս որոշումը, մեծ հարուած է համահայկականութեան գաղափարի իրականացման նկատմամբ. ան սփիւռքահայութիւնը Հայաստանէն օտարելու միտող գործողութիւն է, ժողովրդավարութեան լուրջ նահանջ է, ընդիմութիւնը հալածանքի ենթարկելու միտող քայլ է եւ բռնապետական հաստատման ակնյայտ դրսեւորում:
Մուրատ Փափազեանի նկատմամբ կիրարուած ապորինի որոշումը, բացարձակ անընդունելի է եւ կը նպաստէ համահայկական համախմբման տապալմանը:

Իր հայանպաստ քաղաքական գործունէութեան համար Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ իշխանութիւններու կողմէ «անցանկալի անձնաւորութիւն» որակուած քաղաքական գործիչը, ափսոս այսօր թշնամուն հաճոյանալու նպատակով, ՀՀ իշխանութիւններուն կողմէ կ՚արժանանայ նամարդի վերաբերմունքի ու հալածանքի:

Ֆրանսա ծնած ու մեծացած, հայութեան, Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններուն եւ Հայ Դատին համար ապրող, Թուրքիոյ ցեղասպանութեան ժխտողական քաղաքականութեան դէմ պայքարող, Ֆրանսային իշխանութիւններու եւ քաղաքական շրջանակներու մօտ մեծ հարգանքի վայելող Մուրատ Փափազեանի նկատմամբ կիրարուած այս ապօրինի որոշումը, անընդունելի է ու դատապարտելի բոլոր չափանիշերով:

Ուստի կոչ կ՚ուղղենք ՀՀ իշխանութիւններուն ետ կանգնիլ իրենց վարած պարակտիչ եւ քանդիչ քաղաքականութենէն:

Հ.Յ.Դ. Քուէյթի կոմիտէ

Share