Մեր աղօթքներուն մէջ յիշենք Արցախի աւելի քան 100 հազար հայերը. Արամ Ա․ ԱՄՆ քոնկրեսէն ներս

Մեր աղօթքներուն մէջ յիշենք Արցախի աւելի քան 100 հազար հայերը. Արամ Ա․ ԱՄՆ քոնկրեսէն ներս

Ն.Ս. Օ. Տ. Տ. Արամ Ա․ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը իբրեւ հիւր քահանայապետ այցելած է ԱՄՆ Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու պալատ եւ բացման աղօթք յղած՝ յիշատակելով Արցախէն բռնի տեղահանուածները: Այս մասին կը յայտնէ ԱՄՆ-ի Հայ Դատի յանձնախումբը։

«Մեր աղօթքներուն մէջ յիշենք 100 հազարէն աւելի հայերը, որոնք ստիպուած եղան լքելու իրենց դարաւոր օթեւանը՝ Լեռնային Ղարաբաղը, ու բախիլ անորոշութիւններու»,- ըսած է ան։

Յիշեցնենք` Արամ Ա․ երկշաբթեայ այցով մեկնած է ԱՄՆ։ Հանդիպումներ նախատեսուած են Ուաշինկթընի, Ֆիլատելֆիոյ, ու Ճըրսիի եւ Նիւ Եորքի հայ համայնքներու ներկայացուցիչներու, թեմական, պետական եւ եկեղեցական պատասխանատու մարմիններու հետ։

Share