Ազգային Վարժարաններու Խնամակալ մարﬕնը այսու գոհունակութեամբ կը յայտարարէ, որ Չորեքշաբթի, 30 Մայիս 2024-ին գումարած իր հերթական ժողովին, Օր. Լենա Կարապետեանը նշանակեց Մեսրոպեան Ազգային վարժարանի տնօրէնի պաշտօնին:
Օր. Լենա Կարապետեան պսակաւոր արուեստից վկայական ստացած է Թորոնթոյի համալսարանէն, իսկ համալսարանական բարձրագոյն կրթութիւնը ստացած է կրթութեան մարզին մէջ՝ տիրանալով մագիստրոս վկայականին Օնդարիոյի տեխնիկական համալսարանէն (University of Ontario Institute of Technology – UOFT):
Մեսրոպեան Ազգային վարժարանը ծանօթ միջավայր է Օր. Կարապետեանին համար, ուր ան վերջին երկու տարիներուն վարած է ուսումնական ծրագրի եւ ուսուցման տնօրէնի պաշտօնը։ Նոյն ժամանակահատուածին Օր. Կարապետեան նաեւ գործած է որպէս կրթական խորհրդատու՝ ուսումնական ծրագիրներու փոփոխութիւներու, STEAM եւ այլ արուեստագիտութեան հարթակներու վրայ:
Օր. Կարապետեան 2016-2021 թուականներուն պաշտօնավարած է Թորոնթոյի Մետրոբոլի նախապատրաստական վարժարանին մէջ իբրեւ վարիչ ու անգլերէն բաժնի պատասխանատու, իսկ 2014-2016 թուականներուն՝ Օնդարիոյի Նոթապիլիայ մանկավարժական կէդրոնէն ներս որպէս դասընթացքներու մշակող: Ան լայն փորձառութիւն ունի նախակրթարանի, միջնակարգի եւ երկրորդականի կարգերու իբրեւ ուսուցիչ, այլեւ մանկապարտէզէն մինչեւ 8-րդ կարգերու հայերէն առարկաներու դասաւանդութեան ծիրէն ներս: Տիրացած է շարք մը ուսուցչական որակաւորումներու ներառեալ մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի կարգերու բոլոր նիւթերու, երկրորդական բաժինի անգլերէն լեզուի, 9-րդ եւ 10-րդ կարգերու գիտութեան, երկրորդական բաժնի ընկերային գիտութիւններու եւ մանկապարտէզէն 12-րդ կարգերու մասնայատուկ աշակերտներու ուսուցման մէջ:
Այս նշանակումին անդրադառնալով, Խնամակալ մարմինի ատենապետ Տիար Սարգիս Ուրֆալեան նշեց. «Վերջին ամսուան ընթացքին Ազգային Վարժարաններու Խնամակալ մարմինը ձեռնարկած էր Մեսրոպեան Ազգային վարժարանի նոր տնօրէնի պաշտօնի կոչման գործընթացին եւ բազմակողմանի հանդիպումներ ունեցած` թեկնածուներու հետ, նպատակ ունենալով գտնել թեկնածու մը, որ իր կարողութիւններով պիտի կարենայ նոր բարձունքներու առաջնորդել Մեսրոպեան Ազգային վարժարանն ու աշակերտներու ուսումնական մակարդակը: Գոհունակութեամբ կը յայտնենք, որ Խնամակալ մարմինը Օր. Լենա Կարապետեանը նշանակեց Մեսրոպեան Ազգային վարժարանի տնօրէնի պաշտօնին, բարձր համարում ունենալով անոր ուսումնական եւ վարչական կարողութեանց, ինչպես նաեւ հայկական կրթութեան գծով իր նուիրուածութեան վրայ»:
Տիար Սարգիս Ուրֆալեան եզրափակելով իր խօսքը՝ նշեց. «Մեր խոր համոզումն է, որ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեանի օրհնութեամբ, Արեւմտեան Թեմի Ազգային վարչութեան, Ազգային Վարժարաններու Խնամակալ մարմինի, ինչպէս նաեւ Մեսրոպեան Ազգային վարժարանի ուսուցչական կազմին, Ուսումնական մարմինին, յանձնախումբերուն եւ տեղական մարմիններուն գործակցութեամբ ու միասնական աշխատանքով, Օր. Լենա Կարապետեան պիտի յաջողի իր նոր առաքելութեան մէջ ու պիտի շարունակէ Մեսրոպեան Ազգային վարժարանի ուսումնական յառաջընթացը եւ նոր նուաճումներով հարստացնէ ու ընդարձակէ վարժարանի կրթական առաքելութիւնը»:
Ազգային Վարժարաններու Խնամակալ մարմինը կը շնորհաւորէ Օր. Լենա Կարապետեանը այս պատասխանատու պաշտօնին նշանակման առիթով, նաեւ ջերմ շնորհաւորութիւններ կը փոխանցէ Մեսրոպեան Ազգային վարժարանի մեծ ընտանիքին: