«Կը Յաղթենք Միասնաբար, Բոլորս Մէկ Բռունցք, Բոլորիս Համար. Ձեզի Հետ Ենք Ու Կը Մնանք Միասին, Յաղթանակը Յաւելեալ Պարտաւորութիւն Կը Դնէ Մեր Ուսերուն» Հաստատեց Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի
Երէկ` ուրբաթ, 10 յունիսի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Փոլիկարպոս» կառատունը ժամադրավայրն էր անկեղծ ու հայութեան իրենց նկարագիրին հաւատարիմ հայորդիներուն, իրենց ազգային ոգիին ու հայկականութեան ուղիէն չշեղած լիբանանահայերու, որոնք եկած էին տօնակատարելու իրե՛նց յաղթանակը` Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան կողմէ առաջադրուած երեսփոխանական թեկնածուներու ընտրութեան առիթով: Անոնք եկած էին հաստատելու, որ երեսփոխանական ընտրութեան օրը իրենց ցուցաբերած հաւատարմութեան եւ արժանապատիւ հայու կեցուածքին պտուղը վայելելու եւ բարձրագոյն մակարդակէ իրենց ուղղուած շնորհակալական ու երախտագիտութեան խօսքերը լսելու իսկապէս արժանի էին:
ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին կողմէ հնչած քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք ցուցադրուեցաւ Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւններուն նախօրեակին եւ ընտրութեան օրը ՀՅԴ-ի ծաւալած մեղուաբոյն աշխատանքը ամփոփող տեսերիզ մը:
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին խօսքը ուղղեց Կեդրոնական կոմիտէի անդամ տոքթ. Էլի Թաշճեան, որ ըսաւ, թէ այս փառատօնը առիթ է միասնաբար յայտարարելու, որ մենք յաղթական դուրս եկանք մեզի պարտադրուած ընտրական պատերազմէն, որովհետեւ մեր հաւաքական քուէն կարելի չեղաւ գնել սին խոստումներով, շլացնող գումարներով, ժամանակաւոր օժանդակութիւններով: Ան աւելցուց, որ արձանագրուած յաղթանակը եկաւ փաստելու, որ լիովին ձախողեցաւ հայ համայնքին դէմ ծաւալած քարոզչութիւնը` դուրս բերելու զինք աւանդական դրուածքէն, փոխելու այն արժէքները, որոնք դարձած են մեր համայնքին էութիւնը, շեղելու մեր վարքագիծը, դիմափոխելու մեր կազմակերպ համախմբումը:
«Մենք այս դիմադրականութիւնն է, որ կը տօնախմբենք այսօր: Յաղթանակի զգացումը միայն երեսփոխանական աթոռներու պահպանումով չի սահմանափակուիր: Յաղթանակը` մեր ազգային ու հաւաքական միասնականութիւնն է, որ ձախողցուց համայնքին մէջ պառակտում, շեղում, ղեկավարութիւն-ժողովուրդ խրամատ յառաջացնելու ամէն փորձ», շեշտեց Է. Թաշճեան` աւելցնելով, որ ասիկա նաեւ ունի երախտագիտական խորք` հանդէպ այն կուսակցութեան, որ ո՛չ միայն ընտրական ժամանակաշրջաններուն կը յիշէ իր ժողովուրդը, այլ եւ մի՛շտ կանգնած է անոր կողքին, մի՛շտ զօրավիգ է անոր եւ իր ժողովուրդին դէմ սպառնացող ամէն վտանգ վերացնելու համար պատրաստ է զոհելու իր առաւելագոյնը:
Ան անդրադարձաւ ժողովուրդ-Դաշնակցութիւն անքակտելի եւ անշահախնդիր կապին, որուն շնորհիւ կարելի եղած է կերտել գաղութի կառոյցները, պահել զանոնք, կազմակերպել ամբողջ գաղութին ինքնապաշտպանութիւնը, այդ կապն է, որ մէկ կողմէ վերածուած է կամուրջի` Հայաստանի ու Լիբանանի միջպետական յարաբերութիւններուն առումով, միւս կողմէ հունաւորած հայրենաշէն ծրագիրներուն` լիբանանահայութեան աշխուժ եւ արդիւնաւէտ մասնակցութիւնը:
«Պայքարը, ընտրական տեսքով, ըստ էութեան սակայն, այս կազմակերպ համակարգը փլուզելու համար էր, որպէսզի համայնքի կեանքէն դուրս գտնուող անհատներ ներկայանան խորհրդարան, եւ որպէսզի համայնքի ղեկավարման կեդրոնին կապուած ներկայացուցիչներու մուտքը խորհրդարան խափանուէր: Մենք բոլորս յաջողեցանք անխախտ պահել այդ կապը եւ լիբանանահայութեան ներկայացուցչութիւնը հասցնել խորհրդարան: Ձեր գիտակից քուէն էր, որ յաջողցուց այդ երթը: Ձեր համախումբ կեցուածքն էր, որ համայնքին անունով խօսելու իրաւունք ունեցողները դարձուց խորհրդարանի անդամ. ձեր գործնական ընդառաջումն էր մեր կոչին, որ ընդգծեց լիբանանահայութեան քաղաքական գործօն ըլլալու հանգամանքը», հաստատեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամը` լիբանանահայութիւնը ողջունելու եւ շնորհաւորելու լաւ առիթ նկատելով այդ փառատօնն ու յաղթանակը:
Ապա ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան կարճ տեսերիզով մը լիբանանահայութեան ուղղեց ի սրտէ արտասանուած հետեւեալ խօսքը. «Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութիւնները անգամ մը եւս ի յայտ բերին, թէ լիբանանահայութիւնը պատնէշի վրայ է եւ ամուր կառչած իր իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ ՀՅ Դաշնակցութեան առաջադրած թեկնածուներու կողքին:
«Այս յաղթանակը ունի համահայկական տարողութիւն եւ արձագանգ: Անշուշտ կ՛անդրադառնանք, թէ Լիբանանի ընտրական գործընթացը տեւաբար կը դժուարանայ` յաւելեալ ճիգ ու աշխատանք պահանջելով մեր կազմակերպութենէն ու ժողովուրդէն: Ընտրական բարդ համակարգը, Լիբանանի տնտեսական տագնապը, ապաքաղաքական քարոզչութիւնը, միջազգային ուժերու միջամտութիւնը եւ այլ բազմաթիւ ազդակներ աւելի բարդացուցած են արդէն իսկ խառնակ իրավիճակը եւ մեծ մարտահրաւէրներու դիմաց կանգնեցուցած մեզ:
«Այս բոլորը նկատի ունենալով, միայն կարելի է ըստ արժանւոյն գնահատել այն կարեւոր յաղթանակը, որ այս ընտրութիւններուն ապահովեց ՀՅ Դաշնակցութիւնը` ժողովրդային նեցուկով: Արդ, մեր հաւաքական կառոյցին անունով նախ կը շնորհաւորեմ Լիբանանի մեր ժողովուրդը` իր իրականացուցած յաղթանակին համար, ապա կը շնորհաւորեմ ընտրուած երեսփոխանները` վստահ ըլլալով, որ անոնք արժանաւորապէս պիտի կատարեն իրենց առաքելութիւնը` ի սպաս մեր համայնքի իրաւունքներուն, բարօրութեան եւ ակնկալութիւններուն:
«Եւ վերջապէս կը գնահատեմ ՀՅԴ-ի Լիբանանի կառոյցին ու բազմաթիւ կամաւորներու ընտրական մեղուաջան եւ արդիւնաբեր աշխատանքը: Բնականաբար մեր ընտրած թեկնածուները, իբրեւ նոր երեսփոխաններ` Պէյրութի, Մեթնի ու Զահլէի մէջ, լիբանանահայութեան բոլոր շերտերուն ծառայելու կոչուած են հիմա եւ պիտի գործեն առանց խտրութեան` ի սպաս բոլորին:
«ՀՅԴ Բիւրոն իր կարգին պատրաստ է շարունակելու ամուր կանգնիլ լիբանանահայութեան կողքին` մեր համակուսակցական կարողականութիւնը, ինչպէս տագնապներու, համաճարակի ու արկածներու օրերուն, այսօր եւս լիբանանահայութեան կարիքներուն ի սպաս դնելով:
«Քաջ կը գիտակցինք, որ Լիբանանը էր ու կը մնայ սփիւռքեան այն կարեւոր հնոցը, ուր դարբնուած են յետեղեռնեան սերունդներու բիւր հայորդիներ եւ լծուած ազգային գործի` աշխարհով մէկ: Լիբանանի մեր ժողովուրդն ու կառոյցը մշտապէս մասնակից եղած են մեր կառոյցի համահայկական ու համակուսակցական նախաձեռնութիւններուն, եւ ստանձնած ղեկավարի դեր` հայրենիքը, սփիւռքը եւ առհասարակ հայութիւնը յուզող հարցերուն պարագային: Մեր հաւաքական պարտքն է ամուր պահել լիբանանահայութեան յատուկ այդ ճաճանչող յանձնառութեան եւ նուիրումի ոգին»:
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեան եւս տեսերիզով մը իր շնորհաւորութիւնները յայտնեց լիբանանահայութեան:
«Նախ կ՛ուզեմ շնորհաւորել լիբանանահայութիւնը` խորհրդարանական վերջին ընտրութիւններուն ընթացքին ՀՅ Դաշնակցութեան արձանագրած յաղթանակին առիթով:
«Լիբանանահայութիւնը անգամ մը եւս փաստեց, որ իր ծոցէն ծնած քաղաքական ուժին կը զօրակցի, իր պաշտպանին հետ է` հակառակ ամէն տեսակի խօսակցութիւններուն: Այն արդիւնքները, որոնք արձանագրուեցան, շատ անհրաժեշտ եւ կարեւոր են լիբանանահայութեան հետագայ կենսագործունէութեան համար: Այս առիթով կը շնորհաւորեմ մեր հայրենակիցները:
«Լիբանանահայութիւնը վերջին երեսուն տարիներուն ընթացքին իր ուրոյն մասնակցութիւնը ունեցած է Հայաստանի եւ Արցախի զարգացման գործին մէջ` սկսելով արցախեան ազատագրական պայքարի օրերէն, հասնելով մինչեւ ամէն տեսակի օժանդակութեան իր մասնակցութիւնը, ու աւարտելով համահայկական բազմաթիւ ձեռնարկներուն մէջ իր լայն մասնակցութեամբ:
«Լիբանանահայութիւնը եւ Լիբանանը վերջին տարիներուն կը դիմագրաւեն մեծ դժուարութիւններ, եւ ի պատիւ մեր գաղութի կազմակերպական միաւորներուն` լիբանանահայութիւնը կարողութիւնը ունի յաղթահարելու այն ճգնաժամը, որ գոյութիւն ունի երկրին մէջ եւ դէպի առաջ ուղղուելու:
«Ֆրանսայի հրապարակէն դարձեալ կ՛ողջունեմ մեր սիրելի լիբանանահայութիւնը եւ անոր կը մաղթեմ ուժ ու կորով. միասին քալենք դէպի առաջ, յանուն` Արցախի, յանուն` սփիւռքի եւ յանուն` Հայաստանի Հանրապետութեան», շեշտեց ան:
Ապա խօսք առաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, որ շեշտեց, թէ այս օրը յաղթանակի օր է` յաղթանակը լիբանանահայութեան, որուն նկատմամբ շնորհակալութեան խոր զգացումներ ունի Դաշնակցութիւնը, շնորհակալութիւն` վստահութեան համար, որ վերանորոգուեցաւ եւ ինքզինք լաւագոյնս դրսեւորեց այս անգամ եւս` կերտելով հայութեան յաղթանակը լիբանանեան քաղաքական թատերաբեմին վրայ: Ան շնորհակալական խօսք ուղղեց բոլոր անոնց, որոնք որեւէ ձեւով նեցուկ կանգնեցան տարուած աշխատանքին եւ սատարեցին արձանագրուած յաղթանակի կերտման` ըլլան անոնք կամաւորներ, տարբեր տարիքի հաւատարիմ քուէարկողներ, արտասահմանի մէջ իրենց քուէն հայութեան իսկական ներկայացուցիչներուն տուողներ, ընտրութեան օրն ու յաջորդ օրը իրենց շունչը բռնած անհամբեր արդիւնքներուն սպասող հայորդիներ: Յ. Բագրատունի յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Հնչակեան կուսակցութեան, որ արդար ու մաքուր մրցակցութեամբ մղեց այս ընտրապայքարը, սակայն չյաջողեցաւ իր թեկնածուն հասցնել խորհրդարան, ՌԱԿ-ին, որ հրապարակային յայտարարութեամբ զօրակցեցաւ ՀՅԴ-ի եւ ՍԴՀԿ-ի թեկնածուներուն ու քուէարկեց անոնց:
Ապա ան ըսաւ, որ երեք երեսփոխաններու ընտրութիւնը յաղթանակ է բոլորին համար, անիկա մեր ժողովուրդի հաւաքական կամքին արտայայտութիւնն է, լիբանանեան քաղաքականութեան մէջ մեր հետեւած ուղիին ճիշդ ընտրութեան դրսեւորումը, անիկա յաղթանակ է սուտին, նենգութեան, կեղծիքին, ցեխարձակումներուն, յաղթանակ` ներքին ու արտաքին ուժերու եւ տեղական գործակատարներու դէմ, յաղթանակ` դրամի, սուտ ու սին խոստումներու դէմ: Յաղթանակ` հայ մարդու ազատ խիղճը ստրկացնելու դէմ, յաղթական քաղաքացիին ցաւը շահագործողներու դէմ:
Երեսփոխան Բագրատունի դիտել տուաւ, որ այս յաղթանակը փաստեց ձախողութիւնը ՀՅԴ-ն իր ժողովուրդէն բաժնելու, ՀՅԴ-ի մէջ երկփեղկում յառաջացնելու, մեր ժողովուրդին նկարագիրը փոխելու, զայն ազգային հայկական արժէքներէն հեռացնելու բոլոր փորձերուն: Յաղթանակ է բոլոր անոնց դէմ, որոնք Դաշնակցութեան պարտութիւնը ցանկացին, աշխատեցան, վճարեցին, գնեցին ու ծախեցին, բայց չյաջողեցան:
Շեշտելով, որ ընտրութիւններուն արդիւնքներուն լոյսին տակ տասնամեակներ ամբողջ Լիբանանի քաղաքական կեանքին մէջ գործօն եւ վճռորոշ դերակատարութիւն ունեցող քաղաքական դէմքեր եւ կուսակցութիւններ դուրս մնացին խորհրդարանէն, երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ լիբանանահայութեան շնորհիւ եւ անոր ընտրած թեկնածուներով Հայկական երեսփոխանական պլոքը պիտի շարունակէ գործել 3 երեսփոխաններով: «Մեզի հանդէպ ձեր ցուցաբերած վստահութիւնը թանկագին է: Լիբանանցի հայ քաղաքացիին խոր համոզումն է այս վստահութիւնը: Ձեր ազատ կամքին, ազատ միտքին, չընկրկող ու չքանդուող վճռականութեան արտայայտութիւնն է այս յաղթանակը: Ճիշդ կողմնորոշուելու, ճիշդ դատելու, առօրեան եւ ժամանակաւորը ստորադասելով մնայունն ու շարունակականը գերադասերու արտայայտութիւնն է այս յաղթանակը: Լիբանանի հանդէպ ձեր հաւատարմութեան ու Դաշնակցութեան ճամբով Լիբանանի ուժեղացման ձգտող ձեր քուէին յաղթանակն է ասիկա», հաստատեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը` աւելցնելով, որ ասիկա յաղթանակն է ապագայ սերունդներուն, անոնց հայեցի դիմագիծին ու հայկական գոյերթին:
Յակոբ Բագրատունի իր խօսքը շարունակելով շեշտեց, որ Դաշնակցութեան տրուած այս թանկագին վստահութիւնը, յատկապէս այս օրերուն, հսկայական պատասխանատուութիւն կը դնէ կուսակցութեան ուսերուն` աւելցնելով, որ Դաշնակցութեան ընտանիքը չի կրնար տկարանալ, իրաւունք չունի ընկրկելու, այնքան ատեն որ ունի իր ժողովուրդին նեցուկը: Ան յայտնեց, որ ասոր կողքին, Դաշնակցութիւնը քաջ կը գիտակցի, որ պարտաւոր է սրբագրել բացթողումները, սխալները, տկարութիւնները, երբեմն նոյնիսկ վերանայիլ, վերարժեւորել իր գործելու եղանակը, ժողովուրդին հետ յարաբերութիւնը:
«Պարտաւոր ենք աւելիով լսել ձեզ, ըմբռնել ձեր ակնկալութիւնները, փորձել աւելիով նեցուկ կանգնիլ ձեր պահանջներուն: Ապերախտութիւնը տեղ չունի մեր ժողովուրդին մէջ, դաւաճանութիւնը տեղ չունի մեր ժողովուրդին մէջ: Մենք երախտապարտ ենք ձեզի եւ չենք դաւաճաներ մեզի հանդէպ ձեր տուած ոսկեայ վստահութեան: Եւ տակաւին` Դաշնակցութիւնը խիզախութիւնը ունի իրեն հանդէպ վստահութիւն արտայայտած ժողովուրդին ներողամտութիւնը հայցելու, երբ կը նկատէ, թէ կրնայ սխալած կամ տկարացած ըլլալ», շեշտեց երեսփոխանը: Այս առումով ան անդրադարձաւ այն որոշումներուն կամ ուղեգիծերուն, որոնց գծով երբեմն ժողովուրդը այպանեց կուսակցութիւնը կամ համակարծիք չեղաւ անոր հետ: Բագրատունի այս ծիրին մէջ յիշեց նոր դէմքերով ներկայանալու դժուարութիւնը, կին թեկնածուներու չգոյութիւնը, որոնց համար ներում հայցեց ժողովուրդէն, նաեւ նշեց, որ թերեւս կուսակցութիւնը երբեմն նաեւ չկրցաւ հարկ եղածին չափ բաւարարել լիբանանահայութեան ծով կարիքներուն հասնելու ակնկալութիւնը, բայց եւ այնպէս ըրաւ իր կարելին:
Իր խօսքի վերջին բաժինով Յակոբ Բագրատունի նշեց, որ արդէն նոր փուլ բացուած է, պարտաւոր ենք միացեալ ճիգերով, միասնաբար դիմագրաւել դժուարութիւնները, ճշդել առաջնահերթութիւնները եւ անգամ մը եւս յիշել ու հաստատել «Կանգ, կը մնանք» կարգախօսը, կանք միասին ու կը շարունակենք մնալ իբրեւ մէկ բռունցք:
«Մեզի համար փակուած է ընտրութեան էջը, ուսանելի դասեր կան հոն եւ անոնց արդիւնքներուն մէջ: Սակայն այլեւս խօսելու ժամանակը փակուած է, գործելու ժամանակն է: Մեր խոստումը կը մնայ նոյնը` ձեզի հետ ենք ու կը մնանք միասին: Յաղթանակը չի գինովցներ մեզ, այլ յաւելեալ, բազմապատիկ ճիգի կը մղէ: Պիտի շարունակենք ու պայքարինք միասին, որպէսզի տեւաբար յաղթենք միասին: Դաշնակցութիւնը ձեզ յուսախաբ չի կրնար ընել», հաստատեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը:
Երեկոն խանդավառեցին, ազգային շունչ ու ոգի, բարձր տրամադրութիւն ստեղծեցին հայրենի երգիչներ Ներսիկ Իսպիրեան եւ Սեւակ Ամրոյեան, որոնք փառատօնին մասնակիցներուն ուրախութիւնը հասցուցին գագաթնակէտին, որոնց երգերուն կշռոյթով բարձրացան Եռագոյն ու ՀՅԴ-ի դրօշակներ, երիտասարդներ պար բռնեցին եւ լիբանանահայութիւնը բառացիօրէն տօնեց իր յաղթանակը: