Գանատայի Պատանեկան Միութեան պատանիներն ու վարիչները մասնակցեցան ՀՅԴ Արեւմտեան ԱՄՆ-ի Հայ Երիտասարդական Դաշնակցութեան ճամբարին

Գանատայի Պատանեկան Միութեան պատանիներն ու վարիչները մասնակցեցան ՀՅԴ Արեւմտեան ԱՄՆ-ի Հայ Երիտասարդական Դաշնակցութեան ճամբարին

Յուլիս 20-29-ի ընթացքին, ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան Միութեան Օնթարիոյի «Քրիստափոր» եւ Քեպէգի «Դրօ-Գետաշէն» մասնաճիւղերէն 20 պատանիներ եւ 5 վարիչներ մասնակցեցան ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Երիտասարդական Դաշնակցութեան ճամբարին, Գալիֆորնիոյ մէջ:
Ամառնային այս ճամբարը, 1977 թուականէն ի վեր, ընկերային բացառիկ մթնոլորտ կը ստեղծէ 7-17 տարեկան հայ պատանիներու եւ երիտասարդներու համար նաեւ առիթ կ’ընծայէ ծանօթանալու հայոց պատմութեան եւ հայ դատի իրագործումներուն եւ ընթացքին։

Բանակումին պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ Կիրակի կէսօրին, «Մշակ Բանուոր» քայլերգով։ Ապա պատանիները բաժնուեցան կարմիր, կապոյտ եւ նարնջագոյն խումբերու, որոնք դարձան իրենց օրական մրցումներու մշտական խումբերը։

Եօթը օրերու ընթացքին, պատանիները ունեցան դաստիարակչական դասախօսութիւններ հետեւեալ նիւթերով. «Պատմական եւ ներկայ Հայաստանի սահմանները», «Արցախի հազարամեայ պատմութիւնը», «Հայ Երիտասարդական Դաշնակցութիւնն ու անոր առաքելութիւնը», «ՀՅԴ Պատանեկան Միութիւնը» եւ «Հայ Դատը»։

Այս շաբթուան ընթացքին, պատանիներուն երեկոները ճոխացան հետեւեալ միջոցառումներով. «Տարօրինակ ողիմպիական խաղեր», «Գիշերային արշաւ», «Հայկական պարերու խրախճանք», «Տաղանդներու հանդէս», «Ազգային երգերու մրցոյթ» եւ «Զարգացման մրցում»։

Բանակումին վերջին օրը, պատանիները արթնցան, բանակավայրը մաքրեցին եւ վերջին անգամ նախաճաշեցին իրարու հետ, ապա ստորագրեցին իրենց հին ու նոր ընկերներուն երգարանները, նկարուեցան խմբային նկարներ եւ յուզուած մեկնեցան տուն։

Գանատա վերադառնալէ առաջ, Քեպէգի եւ Օնթարիոյի պատանիները մասնակցեցան նաեւ Արեւմտեան Ամերիկայի Պատանեկան Միութեան կազմակերպած խրախճանքին, որ տեղի ունեցաւ Փասատինայի Երիտասարդական Կեդրոնէն ներս։ Անոնք ծանօթացան աւելի քան 7 տարբեր շրջաններէ ժամանած պատանիներու, պարեցին, երգեցին հայրենասիրական երգեր եւ հիմը դրին նոր ընկերութիւններու։

Նոր գիտելիքներ ամբարած եւ նոր ընկերներու ծանօթացած մեր պատանիները վերադարձան տուն՝ դարձեալ հանդիպելու յոյսով։

ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան Միութիւններու
Ընդհանուր Վարիչ Մարմին

Share