Լա Քրեսենթա Հովիտի Սրբոց Հրեշտակապետաց Եկեղեցու հանգանակային ճաշկերոյթը

Լա Քրեսենթա Հովիտի Սրբոց Հրեշտակապետաց Եկեղեցու հանգանակային ճաշկերոյթը

Կիրակի, 7 Ապրիլ 2024-ի երեկոյեան, հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Արք. Տօնոյեանի, զօրակցութեամբ ազգային բարերար Տէր եւ Տիկին Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեաններու, Կլենտէյլի Palladio շքեղ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Քրեսենթա Հովիտի Սրբոց Հրեշտակապետաց եկեղեցւոյ կանգնումին նուիրուած հանգանակային անդրանիկ ճաշկերոյթ, որուն ներկայ եղան Ազգ. վարչութեան, ծխական շրջաններու հոգաբարձութիւններու, ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի, շրջանի մէջ գործող քոյր միութիւններու եւ կառոյցներու կազմեր ու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ բարերարներ, բարեկամներ եւ հիւրեր, մօտաւորապէս 400 հոգի:

Երեկոյի հաղորդավարուհի՝ Օրիորդ Փրենի Ալաւերտեանի բացման խօսքէն ետք, Տիար Պերճ Քիրազեան յաջորդաբար հնչեցուց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգները, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Հռիփսիմէ Ռշտունիի:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը կատարեց բացման աղօթք եւ օրհնեց սեղանները, ապա, երեկոյի ընթացքին, ներկաներուն փոխանցեց հոգեգրաւ պատգամ՝ վեր առնելով եկեղեցաշինութեան կարեւորութիւնը ազգի կեանքին մէջ, «Երանի եկեղեցի շինողաց» ժամագրքային մաղթանքը մասունքի մը քաղցրութեամբ բաշխելով ներկաներուն:

Իր խօսքին մէջ, Թորգոմ Արքեպիսկոպոս նաեւ հաստատեց, որ հոն ուր գմբէթ կայ, կայ նաեւ կեանք, յաջողութիւն եւ սէր: Այնուհետեւ հակիրճ պատմականը ընելով Ս. Հրեշտակապետաց եկեղեցւոյ կենսաւորման՝ նշեց, որ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեամբ եւ նուիրատու ընտանիքի փափաքով եկեղեցին անուանակոչուեցաւ Ս. Հրեշտակապետաց, ի յիշատակ գլխաւոր բարերար Տէր եւ Տիկին Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեաններու հանցուցեալ հօր եւ ի պատիւ իրենց մօր՝ Տիկին Անժելին, միաժամանակ բացատրելով, որ Ս. Հրեշտակապետաց եկեղեցին ծնունդ առաւ անցնող ամիսներուն, շնորհիւ Ազգային Առաջնորդարանի եւ բարերարներու հսկայ բանակի մը զօրակցութեան, որուն գլխաւորութիւնը ստանձնած են Տէր եւ Տիկ. Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեանները՝ կատարելով իշխանական նուիրատուութիւն: Գնահատելով Մելքոնեան ամոլի ազգային, եկեղեցաշինական, հայրենական եւ մարդասիրական բարերարութիւնները՝ Առաջնորդ Սրբազանը զոյգը կոչեց «քաջ բարերարներ Արեւմտեան Ամերիկայի» եւ զանոնք պատուեց յատուկ յուշանուէրով մը:

Երեկոն ճոխ էր իր բազմազանութեամբ: Ընթրիքին ընկերակցեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որուն ընթացքին ներկաները ըմբոշխնեցին հաճելի երաժշտութիւն, կատարողութեամբ Հռիփսիմէ Ռշտունիի (դաշնամուր), Աշոտ Տումանեանի (ջութակ) եւ Արմենակ Գրիգորեանի (հարուածային գործիքներ), ապա տեսերիզով հաղորդ դարձան Քրեսենթա Հովիտի հայկական եկեղեցւոյ պատմական հոլովոյթին, ներկաներէն շատ շատերու հոգիներուն մէջ արթնցնելով հեռու եւ մօտիկ սիրալիր յուշեր:

Մելքոնեան ընտանիքի անունով շնորհակալական սրտի խօսքով հանդէս եկաւ Մելքոնեաններու հարս, ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետուհի Տիկին Արուս Մելքոնեան: Ապա յաջորդաբար բեմ բարձրացան հանրաճանաչ երգչուհիներ Արմինէ Վարդանեան, Նաթալի Պիիւքեանս, Հայկուհի Պապախանեան եւ երգիչ Պերճ Քիրազեան՝ ներկաներուն մատուցելով հայկական ժողովրդական, գուսանական եւ օփերային հիասքանչ մեներգներ եւ զուգերգներ՝ արժանանալով ներկաներու բարձր գնահատանքին ու ծափողջոյններուն:

Ճաշկերոյթին նաեւ իր սրտին խօսքը փոխանցեց Լա Քրեսենթայի Հոգաբարձութեան ատենապետ՝ Տիար Տիգրան Տէր Սարգիսեան, որ հակիրճ ձեւով անդրադարձաւ Արեւմտեան Թեմէն ներս տեղւոյն եկեղեցւոյ գործունէութեանց եզակի դաշտերը նկատուող երեւոյթներու, ինչպէս՝ Դաստիարակչական յանձնախումբի կրօնական, գիտական եւ մշակութային բնոյթի ձեռնարկներ, Օթիզմով մանուկներու հարցերով զբաղող Հայ օժանդակ մարմնի նուիրեալ պատասխանատուներուն հետ համագործակցութիւն եւ եկեղեցին դէպի ժողովուրդ տանելու նպատակով՝ եկեղեցասէր անդամներու համար հաւաքական հանդիպումներ եւ իր խօսքը աւարտեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր, եկեղեցւոյ գլխաւոր բարերար զոյգին եւ ներկաներուն ուղղուած շնորհակալական արտայայտութիւններով:

Յայտնենք նաեւ, որ այս առիթով, եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեան եւ Տիար Տիգրան Տէր Սարգիսեան, Palladio գեղակերտ ճաշասրահի սեփականատէր եւ երեկոյի հիւրընկալ Տէր եւ Տիկ. Աւօ եւ Յասմիկ Քէշիշեաններուն յանձնեցին գնահատանքի յուշանուէր մը, առ ի երախտագիտութիւն անոնց սրտաբուխ հիւրասիրութեան:

Share