Քլաար Մտահոգութիւն Կը Յայտնէ Հայ-Ազրպէյճանական Կողմերու Միջեւ Լարուածութեան Նկատմամբ

Քլաար Մտահոգութիւն Կը Յայտնէ Հայ-Ազրպէյճանական Կողմերու Միջեւ Լարուածութեան Նկատմամբ

Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերով Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար մտահոգութիւն յայտնած է վերջին օրերուն հայ-ազրպէյճանական լարուածութեան յաւելման առնչութեամբ: Ան այս մասին գրառում կատարած է «Թուիթըր»-ի վրայ:

«Մտահոգուած եմ վերջին օրերուն Հայաստան-Ազրպէյճան ծիրին մէջ լարուածութեան աճի մասին լուրերով: Եւրոպական Միութիւնը հաւատարիմ է խաղաղ հոլովոյթին իր մասնակցութեան խորացման, մենք մասնակից ենք բազմաթիւ մակարդակներու վրայ: Կարեւոր է թուլացնել լարուածութիւնը եւ խուսափիլ տասնամեակներու դիմակայութեան էջը շրջելու պատմական կարելիութեան ձախողումէն», գրած է եւրոպացի պաշտօնատարը:

Նախքան այդ, Արցախի պաշտպանութեան բանակը հաղորդած էր, որ Արցախի Հանրապետութեան հիւսիսային եւ հիւսիսարեւմտեան սահմանագօտիի շարք մը հատուածներու մէջ 1 օգոստոսին, ժամը 9:00-էն սկսած, ազրպէյճանական ստորաբաժանումները դիմած են սադրանքի` կատարելով շփման գիծը կտրելու փորձեր, որոնք կասեցուած են պաշտպանութեան բանակի ստորաբաժանումներուն ուժերով:

Share