Կերասիմով. «Ռուս Խաղաղապահները Բնակիչները Լեռնային Ղարաբաղ Վերադարձնելու Կարելիութեան Երաշխաւորն Են»

Կերասիմով. «Ռուս Խաղաղապահները Բնակիչները Լեռնային Ղարաբաղ Վերադարձնելու Կարելիութեան Երաշխաւորն Են»

Ռուս խաղաղապահները Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչները շրջան վերադարձնելու կարելիութեան երաշխաւորն են. երէկ Մոսկուայի մէջ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Ռուսիոյ զինեալ ուժերու սպայակոյտի պետ Վալերի Կերասիմովը: Մամլոյ ասուլիսը նուիրուած էր Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան 2023 թուականի գործունէութեան արդիւնքներուն:

«Այս տարուան սեպտեմբերին ռուս խաղաղապահներու միջնորդական ջանքերուն շնորհիւ 24 ժամուան ընթացքին (Արցախի մէջ, «Ա.») զինադադար ձեռք բերուեցաւ: Զինուորական գործողութիւններու ընթացքին ռուսական խաղաղապահ զօրախումբը ապահոված է աւելի քան 10 հազար խաղաղ բնակիչի տեղափոխումը իր տեղակայման վայրեր, իսկ յետոյ` Ղարաբաղի գրեթէ ամբողջ բնակչութեան անվտանգ ելքը Հայաստանի տարածք: Խաղաղապահները շուրջ 300 վիրաւոր օդային փոխադրամիջոցով տեղափոխած են հիւանդանոցներ:

«Միեւնոյն ժամանակ, մեր զօրախումբը կը շարունակէ առաջադրանքներ կատարել` իբրեւ խաղաղ կեանք կառուցելու եւ բնակիչները շրջան վերադարձնելու կարելիութեան երաշխաւոր», ըսած է Կերասիմով:

Ան նշած է, որ Անդրկովկասի մէջ կացութիւնը կը շարունակէ լարուած մնալ, սակայն կայունացման յստակ միտում ունի:

«Ռուսիան քաղաքական ոլորտին մէջ նպատակաուղղուած աշխատանք կը տանի Անդրկովկասի մէջ փոխադրամիջոցային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման, Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի կնքման, ինչպէս նաեւ հայ-ազրպէյճանական ամէնէն սուր հակասութիւններուն լուծման ուղղութեամբ», ըսած է զօր. Կերասիմով:

Share