Ամերիկահայ դերասան Քեն Դաւիթեանը ձերբակալուած չէ

Ամերիկահայ դերասան Քեն Դաւիթեանը ձերբակալուած չէ

Շարք մը լրատուամիջոցներ յայտնած են, որ դերասան Քեն Դաւիթեանը ձերբակալուած է, սակայն Դատախազութիւնը այս առնչութեամբ պարզաբանում տուած եւ հերքած է։ Գլխաւոր դատախազի լրատուամիջոցներու հարցով խորհրդական Գոռ Աբրահամեան գրած է.

«Դերասան Քեն Դաւիթեանը ձերբակալուած չէ, ան առնչութիւն չունի  Դատախազութեան կողմէ հրապարակված մէկ միլիառ դրամէն աւելի դրամաշրջանառութեամբ առցանց եղանակով թմրամիջոցներու ապօրինի շրջանառութեամբ զբաղող խումբի բացայայտման վերաբերեալ վարոյթի հետ։

Լրատուամիջոցները կը յորդորեմ չճշդուած տեղեկատուութիւն չտարածել»։

Share