«Եօթներու խմբակ»-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները Թոքիոյի մէջ գումարեցին ժողով մը` Կազայի մէջ պատերազմին նկատմամբ միացեալ կեցուածք ձեւաւորելու համար:
Ճափոնի արտաքին գործոց նախարար Եոքօ Քամիքաուա յայտարարեց, որ «Եօթներու խմբակ»-ի անդամները համաձայնած են, որ երկու պետութիւններու լուծումը արդար ու յարատեւ խաղաղութեան միակ ուղին է` նշելով, որ անոնք նաեւ համաձայնած են աջակցելու ժամանակաւոր զինադադարի հաստատման եւ Կազա մարդասիրական օժանդակութեան հասանելիութիւնը դիւրացնելու համար մարդասիրական միջանցքի ստեղծման:
«Եօթներու խմբակ»-ի անդամները համաձայնեցան տագնապի ընդլայնման կանխարգիլման համար Կազայի մէջ յաւելեալ մագլցումի արգիլման շուրջ», նշեց ճափոնական դիւանագիտութեան պետը:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն իր կարգին ժողովէն ետք յայտնեց, որ ժողովը կեդրոնացած է Միջին Արեւելքի տագնապին, մարդասիրական զինադադարի հաստատման եւ հրատապ կարիքներու լուծման վրայ:
Ան նշեց, որ իր երկիրը կ՛ուզէ Կազայի մէջ տագնապին կարելի եղածին չափ շուտ աւարտը` նուազեցնելու համար քաղաքայիններուն տառապանքը:
«Միացեալ Նահանգներ կը մերժեն պաղեստինցիներուն ներկայիս եւ ապագային բռնի տեղահանութիւնը», յայտարարեց Պլինքըն` աւելցնելով. «Պէտք չէ Կազան պաշարումի ենթարկել կամ մասնատել»:
«Կազան չի կրնար Համասի վերահսկողութեան տակ մնալ, եւ տագնապէն ետք կրնայ փոխանցման փուլի կարիք ըլլալ», ըսաւ ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը` նշելով, որ իր երկիրը «կը զօրակցի երկու պետութիւններու լուծումին ու պաղեստինցիներու եւ իսրայէլացիներու կողք- կողքի եւ հաւասար առիթներով ապրելուն»:
«Իսրայէլ պիտի չկարենայ Կազան ղեկավարել, եւ իսրայէլացի ղեկավարները մեզի յայտնեցին, որ ատիկա ընելու նպատակ չունին», յայտնեց Պլինքըն:
Իսրայէլի ռազմավարական ծրագրաւորման նախարար Ռոն Տերմեր «Էմ.Էս.Էն.Պի.Սի.»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին, պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք իսրայէլեան ուժերը Համասի ոչնչացումէն ետք Կազայի մէջ ներկայ պիտի ըլլա՞ն, յայտնած է, որ Կազան հաստատ պիտի չկառավարուի Համասի կողմէ:
Սպիտակ տունը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Քամալա Հարիս Իսրայէլի նախագահ Իցհաք Հերցոկի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին շեշտած է քաղաքայիններու կեանքերը պաշտպանելու եւ մարդասիրական միջազգային օրէնքը յարգելու կարեւորութիւնը:
Սպիտակ տունը յայտնեց, որ Հարիս յայտնած է, որ պէտք է մարդասիրական օժանդակութիւնները Կազա հասցնելու շտապել, եւ իսրայէլացի բնակեցուածները պատասխանատու նկատել Այսրյորդանանի մէջ բռնարարքներուն համար:
«Աքսիոս» լրատուական կայքը, մէջբերելով ամերիկացի պաշտօնատար մը եւ իսրայէլացի պաշտօնատար մը, կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն երկուշաբթի օր հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուին յայտնած է, որ 3-օրեայ զինադադարի հաստատումը կրնայ նպաստել կարգ մը գերիներու ազատ արձակման ապահովման:
Ամերիկացի պաշտօնատարը «Աքսիոս»-ին յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներու, Իսրայէլի եւ Քաթարի միջեւ քննարկուող առաջարկին համաձայն, Համաս 10-էն 15 գերիներ ազատ պիտի արձակէ, եւ զինադադարի 3 օրերը պիտի օգտագործուին ճշդելու բոլոր գերիներու ինքնութիւնը եւ կազմելու ազատ արձակուելիք գերիներու անուանացանկը:
Իսրայէլեան պետական ձայնասփիւռի կայանը իր կարգին մէջբերելով քաղաքական աղբիւր մը հաղորդեց, որ Ուաշինկթըն Իսրայէլի վրայ ճնշում կը բանեցնէ, որպէսզի առանց գերիներու ազատ արձակման նախապայմանին ընդունի զինադադարի հաստատումը:
Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթ երեքշաբթի օր մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած էր. «Վերջին շրջանին մենք հետզհետէ աւելի յաճախ կը լսենք «մարդասիրական դադար» բառերը: Կ՛ուզեմ ըսել, որ ինծի համար մարդասիրական դադարը նախ եւ առաջ մեր պատանդներն են, մեր կիները, երեխաներն ու ծերերը: Մարդասիրական դադար պիտի չըլլայ առանց պատանդներու վերադարձի»:
«Սի.Էն.Էն.» հաղորդեց, որ իսրայէլեան բանակի բանբեր Տանիէլ Հակարի յայտնած է, որ «Սի.Այ.Էյ.»-ի տնօրէն Ուիլիըմ Պըռնզ Իսրայէլի զինեալ ուժերու սպայակոյտի պետ Հերցի Հալեւիի հետ քննարկած է Կազա գտնուող պատանդներու ազատման հարցը:
Պատկերասփիւռի կայանին տեղեկութեամբ, Պըռնզի եւ Հալեւիի հանդիպումին ժամանակ ուսումնասիրուած են հետախուզական նիւթեր, քննարկուած գործողութիւններու ծրագրաւորման հարցերը եւ մարդոց փրկութեան ջանքերը:
«Իւրաքանչիւր պատանդի համար հետախուզութեան մէջ բացուած է անձնական գործ, որ կ՛ուսումնասիրուի», ըսած է Հակարի:
Լաւատեղեակ աղբիւրներ ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնեցին, որ Քաթար միջնորդութիւն կը կատարէ գերիներու ազատ արձակման դիմաց Կազայի մէջ ժամանակաւոր զինադադարի հաստատման համար:
Թրքական «Հիւրրիեթ» օրաթերթը, յղում կատարելով աղբիւրներուն, հաղորդեց, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան երկուշաբթի օր Անգարայի մէջ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի հետ հանդիպումին ժամանակ յայտնած է, որ թրքական կողմը համաձայն չէ Կազայի բնակիչներու տեղահանման եւ շրջանը երկու մասի կիսելուն:
«Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան ատիկա յստակօրէն արտայայտած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Պլինքընի հետ հանդիպման ժամանակ: Ան ըսած է, որ մենք դէմ ենք Կազան հիւսիսի եւ հարաւի բաժնելուն եւ դէմ ենք Կազայի բնակիչներու տեղահանման: Պլինքըն յայտնած է, որ իրենք եւս դէմ են Կազայի երկու մասի բաժանման», գրած է օրաթերթը:
«Հիւրրիեթ» կը նշէ, որ Թուրքիան սկիզբէն կողմնակից էր անյապաղ զինադադարի հաստատման:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան փոխբանբեր Վետանթ Փաթել յայտնեց. «Կազան պաղեստինեան հող է եւ այդպէս ալ պիտի մնայ, եւ մենք չենք աջակցիր Կազայի վերաբնակեցման, ինչպէս չ՛աջակցիր նաեւ Իսրայէլը», ըսաւ Փաթել:
Անոր համաձայն, Ուաշինկթըն գործընկերներու հետ կ՛աշխատի Կազայի ժամանակաւոր կառավարման ու անվտանգութեան շրջագիծի տարբեր բեմագրութիւններու վրայ:
Իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետ Եարոն Ֆինքըլման յայտարարեց, որ «տասնամեակներէ ի վեր առաջին անգամ ըլլալով իսրայէլեան բանակը Կազա քաղաքի սրտին մէջ կը կռուի»` շեշտելով, որ տեղի ունեցողը «բարդ ու դժուար պատերազմ մըն է, եւ ցաւօք սրտի իր գինն ալ ունի»: