Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 16, 2024-ի երեկոյեան, ՀՅԴ-ի Կլենտէյլի կեդրոնատեղիին մէջ, ՍԴՀԿ-ի, ՀՅԴ-ի եւ ՌԱԿ-ի Արեւմտեան Ամերիկայի ղեկավարութեանց ներկայացուցիչները ունեցան աւելի քան երկժամեայ հանդիպում մը, որուն ընթացքին արծարծուեցան Հայաստանի և Արցախահայութեան իրավիճակն ու մարտահրաւէրները, Լիբանանանահայութեան դիմագրաւած տագնապը, ինչպէս նաեւ մեր տեղական ազգային կեանքը յուզող հարցերը:
Շեշտը դրուեցաւ մեր ազգային դատը իր ներկայի բազմաշերտ դրուածքներով, առանց վարանումի կամ ընկրկումի հետապնդելու, ինչպէս նաեւ ի հեճուկս մեր առջեւ ցցուած բոլոր դժուարութեանց, մեր անկախ պետականութիւնը առաւելագոյն ուժերու լարումով և նպատակասլաց աշխատանքով շարունակելուն վրայ։ Ցեղասպան Թուրքիոյ և անոր գործընկեր Ազրպէյճանի հայաջինջ քաղաքականութիւնը կը մնայ առկայ նաե՛ւ այսօր: Հանդիպման ընթացքին որոշուեցաւ նախորդ տարիներուն հաստատուած աւանդութեամբ ու միացեալ ճիգերով նոր թափ տալ գաղութային կառոյցներուն (AGC, UACLA): Այս ծիրին մէջ, ուրախ ենք հաստատելու որ արդէն իսկ այս երկու կառոյցները համատեղուելով 2025-ի ապրիլեան ոգեկոչումները կազմակերպուելու են AGC-UACLA միացեալ մարմնի անուան տակ, ուր հանդէս գալու են միացեալ կեդրոնական ձեռնարկով մը, բազմաթիւ այլ նախաձեռնութիւններու կողքին: Այս յանձնախումբերուն միացումը նաեւ կը վայելէ գաղութի հոգեւոր պետերու աջակցութիւնն ու հովանաւորութիւնը: Այլ տեղ, կը նախատեսուին նաեւ երեք կուսակցութեանց համատեղ ճիգերով ազգային այլ օրակարգեր տանիլ յառաջ:
Բոլորին յստակ է որ Հայ ազգն ու հայրենիքը վտանգաւոր կացութեան մէջ են ու դարձեալ կը գտնուինք դժուարութեանց ու յոռձանուտի դէմ յանդիման: Բոլորի՛ս ազգային պարտքն է միասնական շարքերով ծառայել հայրենիքին ու հայութեան: Արդ, մեր կոչն է բոլորին համախմբուիլ մեր ազգային ու միութենական կառոյցներուն շուրջ, զերծ մնալ հատուածական հաշիւներէ, գերադասել ազգայինն ու մեր իրաւունքները, և մասնակցութիւն բերել ազգի անվտանգութեան և բարօրութեան օգտին համար: Այդ կը պահանջէին մեր ազգի անհամար նահատակներն ու հերոսները: Նաեւ ա՛յդ ենք պարտաւոր կտակել մեր ապագայի գալիք սերունդներուն:
ՍԴՀԿ Արեւմտեան Ամերիկայի Վարիչ Մարմին
ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէ
ՌԱԿ Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային Վարչութիւն
Հոկտեմբեր 23, 2024