Սարգիս Մահսէրէճեան
Բրիտանիոյ քաղաքական բեմին վրայ, մօտաւորապէս տարի մը առաջ լարուած քաղաքական ռումբ մը պայթումի վիճակին հասաւ Երկուշաբթի, 6 Յունիսին, երբ վարչապետ Պորիս Ճոնսընի Պահպանողական կուսակցութեան ղեկավարութիւնը, անոր օրինազանցութիւնը աններելի նկատելով, վստահութեան քուէի պահանջ դրաւ:
Ի՞նչ օրինազանցութիւն ըրած էր Ճոնսըն: Արդեօք իր համակիրները խորհրդարանին վրայ յարձակումի՞ մղած էր: Արդեօք իր երկրին հողերէն մաս մը թշնամիներո՞ւն նուիրած էր, բազմահազար զինուորներ գիտակցաբար մահուան գի՞րկը ղրկած էր, ընդդիմադիրներուն արդար պահանջներն ու հարցադրումները անտեսելով՝ խորհրդարանին մէջ հաշուետուութեան չէ՞ր ներկայացած: Կամ արդեօք իր այլանդակ ու սանտր չտեսած մազե՞րը անհաճոյ կը թուին կուսակցական ընկերներուն…
Ո՛չ. նման յանցանքներով չի մեղադրուիր Ճոնսըն: Ան կը մեղադրուի՝ որովհետեւ անցեալ տարի, յունիսեան օր մը, «քորոնան որո՞ւ շունն է»-ի տրամաբանութեամբ, իր տարեդարձին օրը բազմամարդ ու գաղտնի խնճոյք մը սարքած էր վարչապետարանի իր գրասենեակին մէջ, ոտնակոխելով համաճարակին ստեղծած պայմաններուն մէջ բազմամարդ հաւաքներ չկազմակերպելու օրէնքը: Եւ որովհետեւ նման բաներ չեն կրնար ընդմիշտ գաղտնի մնալ, մամուլը պայթեցուցած էր առաջին ռումբը: Այդ օրէն սկսեալ, ընդդիմադիրներ եւ ժողորդային զանգուածներ միացած էին մամուլի կոչերուն, պահանջելով Ճոնսընի հրաժարականը: Վարչապետը նախ անտեղի գտած էր մեղադրանքները եւ ինքզինք անմեղ հռչակած էր, սակայն յետոյ, իրականութիւններու ճնշիչ հեղեղին դիմաց, խոստովանած էր իր յանցապարտութիւնը եւ ըսած էր, թէ «կը կրէ ամբողջական պատասխանատութիւնը»: Կաթսան շարունակած էր եռալ, եւ ահա, նոյնինքն Ճոնսընի կուսակցութեան անդամներ՝ շուրջ 15 առ հարիւրը, արծարծեցին անկէ վստահութեան քուէն քաշելու պահանջը:
Երկուշաբթին կուսակցական երեսփոխաններուն համար եղաւ քուէարկութեան եւ «շունչը բռնած սպասելու» օր մը: Սպասողականութիւնը վարակեց ընդդիմադիրներն ու ժողովուրդը: Ի վերջոյ, յայտարարուեցաւ, որ Ճոնսըն փրկուած է 148-ի դէմ 211 քուէով:
Սա կը նշանակէ, որ Ճոնսըն այս հանգրուանին պիտի չկորսնցնէ 10 Տաունինկ Սթրիթի (վարչապետարանի) բանալին, սակայն բացայայտ նահանջ մը կրած է, անոր վարկը հարուած ստացած է, նոր ալիքներ կրնան յաջորդել: Յիշեցում կը կատարուի, որ նախորդ վարչապետ Թերիսա Մէյն ալ նման փորձաքարի ենթարկուեցաւ չորս տարի առաջ, վստահութեան քուէն չկորսնցուց, սակայն ի վերջոյ քաղաքական բեմէն դուրս նետուեցաւ…
***
Այս տողերը արձանագրելով, նպատակ չունինք Անգլիոյ քաղաքական կուսակցութեանց վարքագիծը իտէալականացնելու: Ընդհանրապէս Բրիտանիոյ միջազգային քաղաքականութեան աղէտաբեր հետեւանքները ծանօթ են բոլորիս (այս ծիրին մէջ՝ Ազրպէյճանին տրամադրուած զօրակցութիւնը, անոր հետ շահակցական հաշիւներուն հետեւանքները՝ մեր հայրենիքին վրայ) կ’արժէ սակայն պահ մը կանգ առնել քանի մը աղաղակող իրականութեան առջեւ:
Նախ յստակ է, որ պահպանողական 148 երեսփոխանները իրենք զիրենք չեն նկատեր Պորիս Ճոնսընի «ուսապարկեր»ը եւ երբ կը տեսնեն, որ իրենց ղեկավարը ՕՐԷՆՔը ոտնակոխած է, չեն վարանիր ըսելու, որ ան արժանի չէ շարունակելու պաշտօնավարութիւնը:
Բնականաբար մեկնաբաններ վաղը կրնան հազար ու մէկ վերլուծում կատարել եւ պեղել այս քայլին յետին-թաքուն պատճառները, սկսելով կուսակցութեան ղեկավարներու միջեւ ներքին մրցակցութենէ, մինչեւ տնտեսական, եւ այլ երկիրներու հետ յարաբերութիւններու` թղթածրարները (վաղը մարդիկ կրնան մինչեւ իսկ Եւրոպական միութենէն դուրս գալու քայլն ալ կապել այս փոթորիկին, ըսելով, որ Ճոնսընի այդ դերը աւարտած է եւ այլեւս անոր ներկայութիւնը կրնայ երկրորդական թուիլ), այսինքն՝ հաւանական եւ անհաւանական… բազում հաւանականութիւններ կրնան մատնանշուիլ: Կարեւորը այն է, որ Ճոնսընի կուսակցական ընկերները, անոր հետ քալողները չեն սպասեր, որ ան ահաւոր կորուստներու մտանէ իրենց երկիրը, այլ կը բաւէ, որ անոնք իրենց ղեկավարին արարքներուն մէջ տեսնեն Օրէնքի անտեսում, ոտնակոխում, եւ ահա, պատրաստ են պահանջելու, որ ետ քաշուի անոր տրուած վստահութիւնը: Այս հանգրուանին, ռումբին պայթումը աղէտալի չեղաւ վարչապետին համար, սակայն ան ուժգին հարուած մը ստացած է արդէն:
Ուշագրաւ է նաեւ այն կէտը, թէ Ճոնսընի դէմ խումբ մը պահպանողականներու ըմբոստութիւնը պայթեցաւ քիչ մը անորոշութեան մէջ. թէեւ վարչապետութեան հին ու նոր յաւակնորդներ կան անոր կուսակցութեան (նաեւ ընդդիմադիրներուն) շարքերուն, սակայն Ճոնսըն ուղղակի եւ սուր մարտահրաւէր մը չէր դիմագրաւեր անհատ մրցակիցներէ: Մարդիկ չեն մտածեր, թէ եղածը աթոռակռիւ է, հարց չեն տար, թէ արդեօք ո՞վ պիտի յաջորդէ Ճոնսընի՝ եթէ ան կորսնցնէր վստահութեան քուէն, գալիքը հի՞ն է, թէ՞ նոր: Հարցը կը կայանայ մէկ կէտի վրայ: Կուսակցութեան ղեկավարն ու վարչապետի պաշտօնը վարողը օրէնքը խախտած է, ուրեմն, արժանի չէ այդ պաշտօնին: Մարդիկ կը մտածեն, որ «ան նախ պէտք է հրաժարի, յետոյ կը նայինք, թէ ո՞վ կրնայ ըլլալ արժանաւոր յաջորդը»:
***
…Արդեօք անգլիացիք կամ ոեւէ այլ՝ ինքզինք յարգող, աշխարհի քարտէսին վրայ իր տեղը ճանչցող եւ պահպանելու համար պայքարելու պատրաստ ժողովուրդ ի՞նչ պիտի ընէր, եթէ իր վարչապետը հայրենիքէն հսկայ տարածքներ զիջէր թշնամիներուն, մարդկային հսկայական կորուստներու, մշակութային ժառանգութեանց փոշիացման պատճառ դառնար, աւելին՝ սեփական հայրենիքէն նոր բաժիններ թշնամիին նուիրելու պատրաստակամութիւն յայտնէր, յայտարարելով, որ անոնք թշնամիին պատկանած են՝ քարտէսի վրայ ու պետութեանց շարքին այդ թշնամիին յայտնութենէն շա՜տ առաջ, դառնար թշնամիին մէկ իրողական բանբերն ու պատգամաբերը…:
(Աչք ունեցողը թող տեսնէ, ականջ ունեցողը թող լսէ, դատողութիւնը չկորսնցնողն ալ թող դատէ եւ գործի անցնի):