Մայիսի 28-ին, Հայ Ժողովուրդի մաքառումի, պայքարի եւ պետականութեան կերտման ոգով խորհրդանշուող եւ մեր ժողովուրդի հերոսներուն արիւնով եւ մարտիրոսացումով ամրագրուած, Հայաստանի Ա Հանրապետութեան անկախութեան տօնին, ցաւ ի սիրտ, ականատեսը եղանք իր տեսակին մէջ նախադէպը չունեցող ամօթալի եւ դատապարտելի երեւոյթի մը:
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամնեայն Հայոց Կաթողիկոսի մուտքը կ’արգիլուի Սարդարապատի Հերոսամարտի Յուշահամալիր, ուր Հայոց Հայրապետն ու իրեն ընկերակցող եկեղեցականաց դասը իրենց յարգանքի տուրքը պիտի մատուցանէին հերոսներուն յիշատակին եւ պիտի աղօթէին անոնց հոգիներուն հանգստութեան համար:
Ըլլալով Դամասկոսի Թեմի Առաջնորդ եւ ապրելով ոչ քրիստոնէական երկրին մէջ ու համագործակցելով Սուրիոյ ոչ քրիստոնէական կառավարութեան հետ, նոյնանման անյարգալից եւ խայտառակ երեւոյթ մը անկարելի է անգամ պատկերացնել:
Մայիսի 28-ը հայ ժողովուրդի ինքնութեան հերոսական եւ յաղթական փառապանծ տօնն է: Արդարեւ նուիրական այս օրը ՀՀ ոստիկանութեան եւ անվտանգութեան պատասխանատուներուն կողմէ Ազգիս Վեհափառ Հայրապետին մուտքը Սարդարապատ խափանելը սրբապղծութիւն է թէ՛ Սարդարապատ-սրբավայրին, թէ՛ հայուն ինքնութեան եւ թէ՛ հոգեւոր-ազգային մեր բոլոր արժէքներուն, եւ ամօթալի ապտակ հայու յաղթական ոգուն:
Մենք խստիւ կը դատապարտենք ամօթալի եւ անհանդուրժելի այս քայլը, որ կատարուեցաւ ոստիկանութեան, հրամանատարներուն եւ իշխանութեան պատասխանատուներուն կողմէ: Սա, միանշանակ, ՀՀ իշխանութեան կողմէ հրահրուող եւ հովանաւորուող նորովի եւ նորօրեայ հալածանք է Հայ Եկեղեցւոյ դէմ, որը կարծես արդէն Հայաստանի պետական քաղաքականութեան կերպարանք կը զգենու:
Հետեւաբար կոչ կ’ուղղենք Հայաստանի պետական եւ իշխանութեան բոլոր պատասխանատուներուն վերանայելու իրենց ապազգային ընթացքը եւ չհատելու անթոյլատրելիութեան սահմանները:
Կ’աղօթենք առ Ամենակալն Աստուած, որ Ան Իր ողորմութեամբ խաղաղ եւ ապահով օրեր պարգեւէ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան: