Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն, Իսրայէլի վրայ իրանեան հակայարձակումին Միջին Արեւելքի մէջ համապարփակ պատերազմի յանգեցնելու հետզհետէ աճող մտավախութիւններու լոյսին տակ իր ազգային անվտանգութեան խումբին հետ քննարկում կատարեց:
Պայտըն ժողովէն ետք մամլոյ զեկուցման ընթացքին յայտնեց. «Մեր ուժերը պաշտպանելու համար մեր որդեգրած քայլերն ու որեւէ յարձակումի մեր ընտրած ձեւով ու ժամանակին պատասխանելու քայլերը քննարկեցինք»:
«Իրանի եւ անոր գործակատարներուն սպառնալիքներուն վերաբերեալ զեկուցումներ, ինչպէս նաեւ շրջանային լարուածութիւնները հանդարտեցնելու համար դիւանագիտական ջանքերուն մասին զեկուցումներ ստացանք», ըսաւ Սպիտակ տան ղեկավարը:
«Այս օրուան ընթացքին զիս ու փոխնախագահը գործողութիւններու սենեակին մէջ տեղեակ պահեցին Միջին Արեւելքի մէջ արձանագրուող զարգացումներէն», աւելցուց Պայտըն:
Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Քամալա Հարիս իր կարգին նշեց. «Մինչ կը պատրաստուինք Իսրայէլը պաշտպանելու Իրանէն եւ անոր ահաբեկիչ գործակատարներէն, նաեւ կ՛աշխատինք լարուածութիւններու մեղմացման վրայ»:
Ամերիկացի պաշտօնատար մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ ազգային անվտանգութեան խումբը Պայտընին յայտնած է, թէ յստակ չէ, թէ Իրան ե՛րբ Իսրայէլի վրայ յարձակում պիտի գործէ:
Ամերիկացի պաշտօնատարներ նաեւ «Աքսիոս» կայքին յայտնած են, որ Իրանի եւ Հըզպալլայի հակադարձութիւնը «տակաւին զարգացման ենթակայ հարց է»` աւելցնելով, որ Պայտընին փոխանցուած է այն նախատեսութիւնը, որ կրնան տեղի ունենալ յարձակումներու երկու ալիքներ, առաջինը Իրանէն, իսկ երկրորդը` Հըզպալլայի կողմէ:
Ամերիկացի պաշտօնատար մը կայքին յայտնած է, թէ «ամերիկեան հետախուզութեան համար յստակ չէ, թէ ո՛վ առաջինը պիտի յարձակի եւ թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ յարձակումին բնոյթը: Հետախուզական տեղեկութիւնները ցոյց կու տան, թէ Իրանն ու Հըզպալլան տակաւին չեն որոշած ճիշդ ի՛նչ կ՛ուզեն ընել»:
Ամերիկացի պաշտօնատարներ «Սի.Էն.Էն.» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնած են, որ Միացեալ Նահանգներ կը նախատեսեն, որ իրանեան հակադարձութիւնը տեղի ունենայ յառաջիկայ քանի մը օրուան կամ 24 ժամուան ընթացքին` նշելով, որ Ուաշինկթըն դժուարութիւն ունի ճշդելու այդ հակադարձութեան ժամկէտն ու բնոյթը, որովհետեւ Թեհրան զինուորական սարքեր կը տեղափոխէ:
«Սի.Էն.Էն.» կը նշէ, որ այս անորոշութիւնը ամերիկեան վարչակազմը ձգած է պաշտպանողական դիրքի մէջ, եւ ան կը փորձէ դաշնակիցներ զօրակոչի ենթարկել եւ Իրանի վրայ ճնշում բանեցնել, որպէսզի մագլցումի չդիմէ:
Պատկերասփիւռի կայանը նաեւ նշեց, որ Միացեալ Նահանգներուն պատերազմին մասնակցութեան տարողութիւնը մեծապէս կախեալ է Համաս շարժումի քաղաքական գրասենեակի ղեկավար Իսմայիլ Հանիէի Թեհրանի մէջ սպանութեան Իրանի հակադարձութեան ձեւէն:
Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց. «Ես լսեցի, որ Իրան կը պատրաստուի այս գիշեր Իսրայէլի վրայ յարձակելու: Անոնց վրայ այս գիշեր պիտի յարձակին: Ես ձեզի այժմէն կ՛ըսեմ»:
Ամերիկացի պաշտօնատարներ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթին յայտնեցին. «Շաբթուան վերջաւորութեան Իրանի կողմէ հրթիռարձակ կայաններու ռազմափորձերու կատարումը նկատեցինք»:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն յայտնեց. «Մենք զբաղած ենք աշխուժ, գրեթէ ամբողջ օրը տեւող դիւանագիտութեամբ` շատ պարզ ուղերձով. բոլոր կողմերը պէտք է զերծ մնան մագլցումէն: Բոլոր կողմերը պէտք է քայլերու ձեռնարկեն լարուածութիւնը մեղմացնելու համար: Մագլցումը չի բխիր որեւէ կողմի շահերէն: Ատիկա միայն յաւելեալ տագնապներու, յաւելեալ բռնութիւններու յաւելեալ անապահովութեան պիտի յանգեցնէ»:
«Կարեւոր է նաեւ այս շրջանակը կտրել` հասնելով Կազայի մէջ զինադադարի, եւ ատիկա իր կարգին պիտի ստեղծէ աւելի կայուն խաղաղութեան կարելիութիւններ ոչ միայն ինքնին Կազայի մէջ, այլ նաեւ այլ շրջաններու մէջ, ուր տագնապը կրնայ տարածուիլ»:
Ան բոլոր կողմերուն կոչ ուղղեց գտնել «համաձայնութեան գալու ուղիներ, ոչ թէ յետաձգելու կամ «ոչ» ըսելու պատճառներ փնտռել»:
«Հրամայական է, որ բոլոր կողմերը յառաջիկայ ժամերուն եւ օրերուն ճիշդ ընտրութիւն կատարեն», շեշտեց Պլինքըն:
Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորը Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին շեշտեց. «Կազայի մէջ անմիջական ու մնայուն զինադադարի հաստատումն ու աղէտին վերջ տալը այն անմիջական քայլն է, որ պէտք է գործադրել` պաշտպանելու համար շրջանային անվտանգութիւնը, եւ յաւելեալ պատերազմ ու տագնապ արգիլելու համար»:
«Պէտք է բոլոր մագլցողական քայլերը դադրեցնել, միջազգային օրէնքը յարգել եւ գործադրել մէկ արժեչափերու հիմամբ», ըսաւ ան:
Սէուտական լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն հեռաձայնած է Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ պըն Սալման պըն Ապտել Ազիզ Ալ Սէուտ իշխանին: Զրոյցի ընթացքին քննարկուած են շրջանային կացութեան զարգացումները եւ նշուած լարուածութիւնը մեղմացնելու, շրջանը տագնապի ընդլայնման վտանգէն զերծ պահելու կարեւորութիւնը:
Քննարկուած են նաեւ Կազայի մէջ զարգացումներն ու զինադադար հաստատելու ջանքերը:
Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն հեռաձայնած է Քաթարի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ պըն Ապտելռահման Ալ Թանիին:
Հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկուած են երկու երկիրներուն միջեւ ռազմավարական սերտ յարաբերութիւններն ու զանոնք ամրապնդելու եւ անոնց աջակցելու կարելիութիւնները:
Քննարկուած է նաեւ Կազայի եւ բռնագրաւեալ պաղեստինեան հողերուն վրայ արձանագրուած վերջին զարգացումները, Կազայի մէջ պատերազմին վերջ տալու հասարակաց միջնորդական ջանքերուն նորութիւններն ու Միջին Արեւելքի մէջ շարունակուող լարուածութիւնները, «ինչպէս նաեւ հաստատօրէն հանդարտեցման եւ շրջանին մէջ լարուածութիւնը մեղմացնելու կարեւորութիւնը»: