Հայաստանի իրաւունքն է որոշել իր պաշտպանական ունակութիւնները և ընտրել գործընկերներ. Եւրոմիութեան Խօսնակ

Հայաստանի իրաւունքն է որոշել իր պաշտպանական ունակութիւնները և ընտրել գործընկերներ. Եւրոմիութեան Խօսնակ

Եւրոպական Միութեան արտաքին յարաբերութիւններու հարցերու գլխաւոր խօսնակ Փեթըր Սթանօ անհիմն նկատեց Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի` քանի մը օրեր առաջ կատարած քննադատութիւնները Հայաստանի մէջ տեղակայուած Եւրոպական Միութեան առաքելութեան (EUMA) հասցէին եւ Հայաստանի «ռազմականացման» նկատմամբ:

Պրիւքսէլի մէջ «Արմէնփրէս»ի թղթակիցին հարցումին իբրեւ պատասխան՝ Սթանօ ափսոսանք յայտնեց Ալիեւի քննադատութիւններուն առիթով ու նշեց, որ առաքելութիւնը անզէն եւ քաղաքացիական է, որ տեղակայուած է տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատելու գծով Եւրոպական Միութեան ջանքերուն աջակցելու նպատակով:

«Առաքելութիւնը կեանքի կոչուած է՝ ըստ Հայաստանի իշխանութիւններուն դիմումին, եւ անիկա կը գործէ միայն միջազգայնօրէն ճանչցուած երկկողմ սահմանի հայկական կողմը: Անիկա անկողմնակալ առաքելութիւն է` յստակ սահմանուած լիազօրութեամբ», յայտնեց Սթանօ` աւելցնելով, որ մեկնարկէն ի վեր, առաքելութիւնը ապացուցած է իր կարեւորութիւնը` նպաստելով Եւրոպական Միութեան աջակցութեամբ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման միտուած ջանքերուն նպաստող միջավայրի ապահովման:

Share