Կիրակի, Յունուար 21, 2024, կ․ե․ ժամը 4։30-ին, Քալիֆորնիայի, Կլենտէյլ քաղաքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ սրահին մէջ, տեղի պիտի ունենայ Իրաքի ՀՄԸՄ-Ի սկաուտութեան նուիրուած երեկոյ, Հովանաւորութեամբ՝ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Արևմտեան ԱՄՆ-ի շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ՝ Իրաքահայերու Մշակութային Յանձնախումբին- Քալիֆորնիա։
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Իրաքի վարչութիւնները և սկաուտական խորհուրդի կազմերը, տարիներու ընթացքին փորձած են աշխոյժ պահել ազգային եռուն կեանքը։ Երկրի դժուար պայմաններուն մէջ կարողացած են պատրաստել ֆիզիքապէս տոկուն, իմացական եւ հոգեկան բարձր արժանիքի տէր և տիպար հայ երիտասարդ քաղաքացիներ, ու անոնց սորվեցուցած են ըլլալ չարքաշ և արի, ազգասէր և հայրենասէր, օրինապահ եւ կարգապահ։ Առաւել ևս, զարգացուցած են անոնց մօտ պարտականութեան գիտակցութիւնը, պատասխանատուութեան և պատուի զգացումը, համերաշխութեան և փոխադարձ յարգանքի ոգին։
Սիրելիներ, հաճոյքով Ձեզ կը հրաւիրենք մասնակից դառնալու օրուայ ճոխ յայտագիրին, որը պիտի ընդգրկէ վաւերագրական սահիկներու ցուցադրութիւն, որուն պիտի յաջորդեն ոգեշնչող սկաուտներու անդամներու տպաւորութիւնները, որոնք կ՚ընդգծեն Իրաքի ՀՄԸՄ-ի սկաուտներու պատմութիւնն ու ներդրումը համայնքի մշակութային ժառանգութեան եւ հայապահպանման գործին Մէջ: Հանդիսութեան պիտի ներկայացուի արտասանութիւններ, ու հայրենասիրական երգեր։ Ինչպէս նաեւ տեղի պիտի ունենայ պատմական-վաւերագրական լուսանկարներու ցուցադրութիւն, ու միջոցառման խօսքով հանդէս պիտի գայ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Արևմտեան ԱՄՆ-ի շրջանային վարչութիւնը։
Միացէք մեզ՝ Յունուարի 21-ին կայանալիք միջոցառմանը, ծանօթանալու Իրաքի ամենայարգուած սկաուտական ուշագրաւ պատմութեան:
Քաջալերէք որ Իրաքի ՀՄԸՄ-ականները, որոնք գաղթեցին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ միանան տեղուոյս ՀՄԸՄ-ի մասնաճիւղերուն՝ շարունակելու իրենց ծառայութիւնը ՀՄԸՄի շարքերէն ներս:
Ձեռնարկին մուտքը ազատ է։ Նաև պիտի ըլլայ հիւրասիրութիւն։