Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց մՄիջազգային համբաւ վայելող Ֆրանք Քափրիօ դատաւորը

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց մՄիջազգային համբաւ վայելող Ֆրանք Քափրիօ դատաւորը

Շաբաթ, 4 Հոկտեմբեր 2024-ին, Փրաւիտընսի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց դատական ելոյթներով մեծ համբաւ վայելող դատաւոր Ֆրանք Քափրիոն: Դատաւորը իր ընթացիկ դատական աշխատանքներուն առընթեր, անցնող տարիներու ընթացքին դատական յատուկ պարագաներ, ընկերային ցանցերու (social media) ճամբով, սեփականութիւնը դարձուցած է հանրութեան եւ ունեցած է մեծ թիւով հետեւորդներ: Դատերու նկատմամբ անոր ունեցած արդար մօտեցումներուն առընթեր, դատաւոր Քափրիօ նաեւ ցուցաբերած է հասկացողութիւն ու զգայուն մօտեցում: Դատական շրջանակներէ ներս ան կը վայելէ մեծ յարգանք:

Լսելով Նորին Սրբութեան այցելութիւնը Փրաւիտընս՝ դատաւորը ուզած է հանդիպում ունենալ Վեհափառ Հայրապետին հետ: Հանդիպման ներկայ եղան նաեւ հիւսիսային Ամերիկայի արեւելեան հայոց թեմի առաջնորդ սրբազան հայրը, հոգեւոր հայրեր եւ ազգային վարչութեան անդամներ:

Վեհափառ Հայրապետը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց Ֆրանք Քափրիօ դատաւորին՝ դատական հարցերու նկատմամբ անոր ցուցաբերած յաճախ գթասիրտ մօտեցման ու հասկացողութեան համար: Հանդիպման ընթացքին Նորին Սրբութիւնը նաեւ անդրադարձաւ հայ եկեղեցւոյ պատմութեան ու առաքելութեան:

Share