Լիբանանցիին Հանապազօրեայ Հացն ու Կիրարկուող Միջազգային Ճնշումները

Լիբանանցիին Հանապազօրեայ Հացն ու Կիրարկուող Միջազգային Ճնշումները

Խմբագրական «Ազդակ»

Լիբանանի մէջ արձանագրուող հացի տագնապը անպայման կապ չունի միջազգային մակարդակով հացահատիկի պարենաւորման ճգնաժամին հետ, որ սերտօրէն կապուած է եւ անմիջական հետեւանքն է Ուքրանիոյ պատերազմին:

Այստեղ տագնապները համընդհանուր են: Սնունդ, դեղորայք, վառելանիւթ, հիւանդանոցային ծառայութիւն, պետական գրասենեակներու անդամալուծում:

Պետական պիւտճէի պարպումը կամ պետական սնանկացումը քայլ առ քայլ կը ջնջէ կենսական նիւթերուն նկատմամբ պետութեան որոշած աջակցող գումարային յատկացումները:

Դեղորայքէն  վառելանիւթ եւ կենսանիւթերէն արդէն վերջին եզրագիծին հասած հանապազօրեայ հացին նկատմամբ շուտով կը վերանայ պետութեան տրամադրելիք քաղաքացիին զօրակցական յատկացումը:

Պետութիւնը ուրեմն ոչինչ ունի տալիք իր քաղաքացիին` կենսական առումով նուազագոյն զամբիւղը ապահովելու համար:

Հացին յատկացումի ջնջումը կը բանայ ընկերային, քաղաքական, գաղափարախօսական կամ ընդհանրապէս մարդկային ուղղութիւններով լրջագոյն խնդիրներու մեծ դուռ, ուրկէ մուտքը հանդարտ երեւոյթներով կը դիտարկուի, եւ որմէ ելքը սակայն անկանխատեսելի հետեւանքներ կրնայ նախանշել:

Երբ պետութիւնը իր քաղաքացիին հացը նոյնիսկ չի կրնար ապահովել, կը ստեղծուի, աւելի ճիշդ կը խորանայ պետութիւն-հասարակութիւն խրամատը:

Այս խրամատին խորացումը պատահական գործընթացի արդիւնք չէ: Փուլ առ փուլ կ՛ընթանայ` կազմաքանդելով պետութիւնը իր բոլոր մարզերով:

Այս գործընթացին ճարտարապետները կ՛արգելակեն նաեւ միջազգային օժանդակութիւնները: Այլապէս, աղքատութեան խոր ճգնաժամ ապրող, սնունդի կարիքները չկարենալ բաւարարող երկիրներուն համար միջազգային կառոյցներ ունին համապատասխան ծրագիրներ, սնունդ եւ բժշկական օգնութիւն հասցնելու համակարգեր:

Օժանդակութիւններ ոչ կառավարական տեսքով եւ պայմանով, որոնք կը շրջանցեն կառավարութիւնը եւ ուղղակի կը հասնին քաղաքացիին: Նպատակը այս բոլորին համատարած համոզում ձեւաւորելն է, որ գործող համակարգը մերժուած է միջազգային ընտանիքին կողմէ, վարկազրկուած է, հեղինակազրկուած եւ ուրեմն անատակ` իր քաղաքացիներուն կարիքներուն հասնելու:

Ծրագիրը հեռահար է: Չի բաւարարուիր համակարգափոխութեան ջատագովներու սակաւաթիւ խումբ մը խորհրդարան հասցնելով: Անոնք բնականաբար նման իրավիճակներու մէջ պիտի փորձեն շատ աւելի բարձր ձայնով խօսիլ համակարգի արմատական փոփոխութեան մասին:

Քաղաքացիին հացի ապահովման աշխատանքին նուազագոյն հարուած պէտք է քաղաքացիական բողոքի գործողութիւններու յանգէր. ընդ որում` զանգուածային: Այդպէս չեղաւ սակայն, ինչպէս չեղաւ բժշկական պետական աջակցութեան չէզոքացումի, վառելանիւթի մագլցողական սղաճի, աշխատավարձերու փոշիացման եւ աշխատաւորներու իրաւունքներու կորուստի պարագաներուն:

Լիբանանեան իրականութեան փորձառութիւնը կը յուշէ, որ հացի տագնապի դիմագրաւման իւրայատուկ մեքենականութիւններ պիտի աշխատին: Չի բացառուիր, որ գումարային բաշխումի եղանակով թէ ուղղակի հաց բաժնելով զանգուածային օժանդակութիւնները վերստին թափ հաւաքեն: Պայմանով որ կառավարական համապատասխան գերատեսչութիւններ շրջանցուին: Կարեւորը այն է, որ ժողովուրդը համոզուի, թէ պետութեան չըրածը, այլ կազմակերպութիւններ, միջազգային հիմնադրամներ կը կատարեն: Եւ հաւանաբար այդ կենսափորձը ապրած ըլլալու համոզումն է, որ քաղաքացին չի մղեր զանգուածաբար բողոքելու հացին, ապրուստին, վերապրելուն սպառնացող այս իրավիճակին դիմաց:

Քաղաքական միտքը կը յուշէ, որ ժամանակի ընթացքին քայլ առ քայլ աշխատաւորական համադաշնակցութեան, սենտիքայական շարժումներու անգործութեան մատնուիլը եւ իբրեւ կառոյց հնամաշ ու ժամանակավրէպ նկատուիլը ծրագրուած գործընթացի մը արդիւնքն են:

Այսօր, անոնք եթէ ոչ լուռ են, վստահաբար անազդեցիկ են քաղաքացիին հանապազօրեայ հացի ապահովման վտանգին դիմաց:

Լիբանանին կը սպասէ ճնշամիջոցային նոր փուլ: Հացը վերջին կենսանիւթն էր, որ կը զրկուի պետական օժանդակութենէն: Հացը պիտի ունենայ նոր սակագին, եւ լիբանանցին պիտի շարունակէ իր կեանքը թիւրըմբռնելով, որ միայն իր պետական համակարգին պատճառով է, որ երկիրը կ՛անցնի ճգնաժամէ ճգնաժամ:

Share