Արժանապատիւ հոգեւոր հայր՝ Տէր Գարեգին Պիտուրեան,
Սիրելի Գոհար, Զաւէն, Յասմիկ, Թրիսա եւ համայն Թորիկեան ընտանեկան պարագաներ, սգակիրներեւ եւ շատ սիրելի դաշնակցական մեծ ընտանիքի ընկերուհիներ եւ ընկերներ:
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան ԱՄՆի «Ահարոնեան» Կոմիտէութեան ընկերներու անունով` կու գանք ցաւակցական եւ մխիթարական սրտի խօսք փոխանցելու մեր սիրելի 47 տարուայ դաշնակցական ընկերուհիին՝ Հուրի Թորիկեանին մահուան տխուր առիթով:
Դժուար է վերջին հրաժեշտի եւ յարգանքի խօսք արտասանել ընկերուհի Հուրիին մասին, որ 47 տարիներ շարունակ սրտանց հաւատաց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան առաքելութեան եւ հետապնդած նպատակներուն, միշտ ի մտի ունենալով ՀՅԴ-եան՝ «Ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանի» տեսլականը:
Քիչ ետք՝ հողին պիտի յանձնենք մեր աննման, անգին ընկերուհին, որ հրաժեշտ տուաւ 28 Մայիս 2024ի առաւօտեան իր հարազատներուն եւ իր սիրելի ընկերներուն: Մեր բոլորին համար այնքան խորհրդանշական օր մը՝ անոր հոգին սաւառենց արքայութեան դարպասէն ներս՝ հանգչեցնելով յոգնած մարմինը:
Ընկերուհի Հուրին տարիներով եղած է բարձր հոգիով, մաքուր սրտով լուռ եւ անխոնջ աշխատող , ան 16 տարեկանէն -ի վեր՝ բեղուն գործունէութիւն ունեցած է Լիբանանի Երիտասարդական Միութեան «Փոթորիկ» մասնաճիւղին եւ համալսարանական օրերուն Լիբանանի Զաւարեան Ուսանողական Միութեան մէջ իբրեւ քարտուղար:
1977ին, 22 տարեկանին փոխանցուած է ՀՅԴ-ի շարքերը, որուն հաւատաւոր անդամը մնաց մինչեւ իր մահը:
1982ին Հուրին Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի պատճառներու բերումով, փոխադրուեցաւ ԱՄՆահանգներ եւ հաստատուեցաւ՝ “Կլենտէյլ-ի “ քաղաքին մէջ:
Ան շուտով անդամակցեցաւ “Կլենտէյլ-ի” “Ահարոնեան” Կոմիտէութեան եւ տարիներ շարունակ մասնակցեցաւ յանձնախմբային աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ քարտուղարական պաշտօն վառեց:
Պահ մը երեւակայեցէք եթէ Հուրին մնար քաջառողջ եւ անկախ իր հիւանդութիւններէն, ինչ տեսակի անծայրածիր գործունէութիւններ պիտի ունենար մեր ազգային եւ միութենական կեանքին մէջ, նամանաւանդ’ իր շատ յարգելի երկրորդ ընտանիքին՝ ՀՅԴ-ի “Ահարոնեան” Կոմիտէութեան մէջ:
Կարծէք երկնքի արքայութիւնն ալ տարաժամ կանչեց զինք գիտնալով իր արժանիքները եւ հանգչեցուց իր յոգնաբեկ մարմին ու պարտասած հոգին:
Հուրին հպարտացաւ իր դաշնակցական ընտանիքով եւ մենք ալ բոլորս իրմով:
Յարգեց ու յարգուեցաւ բոլորէն, փոքրիկ պատանիէն մինչեւ 90էն վեր տարեցներուն կողմէ: Խնդաց, ապրեցաւ, ինպէս նաեւ ի՞նչու չէ յուզուեցաւ մեզի հետ:
Տիպար դուստր, առաքինի, անշահախնդիր Կուսակցական, բարի քոյր, հիւրասէր, ընկերասէր, ժպտուն, խելացի եւ շատ փխրուն սրտի տէր էր զգայուն Հուրին:
Կեանքը կը դիտէր անհուն լայնամտութեամբ՝ գաւաթը միշտ կէս լեցուն տեսնելով, բայց դժբախտաբար հիւանդութեան չար ախտը չոգեց Հուրիին դրան առջեւ եւ վերջին ամիսներուն իր իսկ, խոստովանութեամբ կ’ըսէր՝ “Հոգիս յօժար է, բայց մարմինս տկար”:
Հուրին այն ազնիւ ընկերուհին էր, որ ոչ միայն անմիջական շրջապատի հոգերով կը տառապէր, այլեւ վերջին տարիներուն՝ Արցախի կորուստով եւ Հայրենիքի ցաւերով: Իր սկզբունքային եւ նուիրուածութեան ոգին կը վկայեն ոչ միայն “Ահարոնեան” Կոմիտէութեան ընկերները, այլ շատ մը անձիք որոնք ականատես եղած են Հուրիի զոհողութեանը եւ քաչութեանը Լիբանանի պատերազմի օրերուն:Պատանի տարիքէն մեծնալով ընտանիքի մը մէջ, ուր ազգային նուիրեալ ըլլալը, ոչ թէ հաճոյք մըն էր այլ պարտաւորութիւն, Հուրին իր անձը միշտ երկրորդական համարելով ազգային կուսակցական հարցերու նկատմամբ՝ եղած է հաւատարիմ զինուորի կարգապահութեամբ:
Հուրիի պէս նուիրեալ դաշնակցականներու անկեղծ հոգին է, որ մինչեւ այսօր վառ պահած է մեր կուսակցութեան անմար ջահը եւ սերունդներ կրթած, որ տասնամեակներու փոթորիկները երբէք չեն կրցած մարել այդ կրակը:
Հուրի Թորիկեանի մահով՝ ՀՅԴ-ի մեծ ընտանիքը կորսնցուց հաւատաւոր ընկերուհի մը, որ միշտ պիտի յիշուի բոլորիս կողմէ անխտիր:
Թող ընկերուհի Հուրիի հոգին հանգչի Երկնքի Արքայութեան մէջ եւ թող մեզմէ իւրաքանչիւրը ներշնչուի Հուրիին յատկանիշներով, ապրի իր կեանքը լիարժէք’ , միեւնոյն ժամանակ չմոռնալով իր պարտականութիւնը եւ պարտաւորութիւնը ոչ միայն’ իբրեւ դաշնակցական ընկերուհի եւ ընկեր, այլ ՝ իբրեւ հայ՛եւ առաւել իբրեւ մարդ:
Յաւերժ հանգստութիւն, լոյս եւ խաղաղութիւն Հոգւո՛յդ Սիրելի ընկերուհի Հուրի:
Յիշատակդ միշտ անթառամ եւ պայծառ պիտի մնայ մեր բոլորին սրտերուն մէջ:
Աստուած երկնային լոյսերուն արժանացնէ մեր ազնուգական, 47 տարիներու համեստ եւ տիպար ընկերուհիին հոգին:
Հողը Թեթեւ գայ վրադ՝ ընկերուհի Հուրի Թորիկեան: