«Լոկ ցանկանալով հարցեր չեն լուծւում. ա՛յս է մեզ ասում կեանքը այժմեան…»
Յ. ՇԻՐԱԶ
Ս. Մահսէրէճեան
Այս սիւնակին ընկերացող երգիծանկարը բարեկամէ մը ստացեր էի քանի մը ամիս առաջ (հաւանական է, որ շատեր տեսած են զայն): Զայն յիշելու բազում առիթներ կ’ունենամ, երբ կը հետեւիմ այս կամ այն երկրին մէջ տեղի ունեցող ընտրութեան մը, ուր թեկնածուներ հազար ու մէկ (եւ ընդհանրապէս անիրականանալի կամ իրենց չթոյլատրուող) խոստումներով կը փորձեն սիրաշահիլ քուէարկողները:
Զայն յիշելու առիթը ներկայացաւ վերջին օրերուն, երբ Միացեալ Նահանգներու նախագահ վերընտրուեցաւ բազում մեղքերու եւ յանցանքներու տոպրակ մը ուսին կրող Տանըլտ Թրամփը: Սա պատճառ դարձաւ, որ մեր ժողովուրդին՝ Հայաստանի եւ Սփիւռքի որոշ շրջանակներու մէջ բարձրանայ յոյսի ալիք մը, թէ՝ Թրամփ Հայաստանի ու Արցախի ի նպաստ սա՛ պիտի ընէ, նա՛ պիտի ընէ: Չէ՞ որ Արամ Ա. Կաթողիկոսին հետ հեռաձայնով զրոյցի պահուն կամ այլապէս՝ Արցախի մասին ակնարկութիւն ըրած էր, քրիստոնեաներու դէմ հալածանքներու պաշտպանի պատմուճան հագած էր…: Չմտնենք մանրամասնութիւններու մէջ, որոնցմով ողողուած են լրատու աղբիւրներ, շիրազեան տրամաբանութեամբ՝ ցանկութիւններով տարուած մեկնաբանութիւններ մրցումի ելած են իրարու հետ:
Որպէսզի հակա-Թրամփ կամ Հէրիսի համակիր չհռչակուիմ, անմիջապէս ըսեմ, որ երկու թեկնածուներն ալ հաւասարապէս մարմնաւորողը կը նկատեմ քաղաքական ուղեգիծի մը, որ կը մարմնաւորէ նախ եւ առաջ ամերիկեան շահերը, ապա նաեւ իրողական պատանդը այն գերադաս ուժերուն, տնտեսական տիրակալութիւն ունեցողներուն, որոնք կը հակակշռեն ո՛չ միայն Միացեալ Նահանգներու, այլ նաեւ տնտեսապէս հզօր հռչակուած բոլոր երկիրներուն եւ խմբաւորումներուն (Եւրոպական միութիւն, ՀԱՊԿ, Չինաստան, Հնդկաստան եւ… ցանկը դո՛ւք շարունակեցէք): Անտեսելի չէ այն, որ մրցակից կուսակցութիւններն ու իրենց ներկայացուցիչները (նախագահ եւ խորհրդարան) ունին ծրագրային եւ հարցերու մօտենալու տարբերութիւններ, սակայն ընդհանուր վարքագիծը ըստ ամենայնի անփոփոխ է, տարբերութիւններուն խորքին՝ կարելի է տեսնել անոնցմէ վեր կանգնող (ընդհանրապէս չտեսնուող եւ զանոնք ուղղորդող) գեր-հզօրներուն շահերու մրցակցութիւնը:
Բնական է, որ երբ ընտրութիւն տեղի կ’ունենայ եւ արդիւնքներ (ցանկալի կամ անբաղձալի) լոյս աշխարհ կու գան, մարդիկ տարուին ԱՆՄԻՋԱԿԱՆ իրադարձութիւններով, մեկնաբաններու (խօսքը աշխարհի տարածքին ուղեղալուացքի դերը ստանձնածներուն մասին է) «քարոզներ»ն ալ հազար աղբիւրէ ջուր կը բերեն՝ որոշ մտածողութիւն պարտադրելու, անոնցմով համակելու եւ կշտացնելու համար հանրութիւնը: Երբ քիչ մը ժամանակ անցնի, ու անմիջական քարոզարշաւի ալիքը մեղմանայ, աւելի՛ն, չոր իրականութիւնները դառնան տիրապետողը, յաղթող-ընտրուողին ամէնէն ջերմ համակիրներն անգամ (խօսքը աչք ու դատողութիւն ունեցողներու մասին է) կ’անդրադառնան, թէ որքա՜ն արագ տարուած են «դրական քարոզչութեամբ», թէ իրենց յոյսերը ինչպէ՜ս կը շոգիանան տրուած խոստումներուն ցնդումով:
Ցանկութիւններ, բարի դիտաւորութիւններ ու ակնկալութիւններ ունենալը մե՞ղք է: Ո՛չ, անշո՛ւշտ ոչ, սակայն ոտքերը գետնէն կտրելը եւ ցանկութիւններուն պէտք եղածէն աւելի տուրք տալը առ նուազն օգտակար չէ: Հոս կ’արժէ յիշել նաեւ երբեմնի թրքախօս հայերու բիւրեղացուցած մէկ իմաստութիւնը, որուն իմաստը հետեւեալն է. «Եթէ խօսքով ճաշ եփի, ծովու չափ իւղ ես կը տրամադրեմ»…
Մտահոգիչը միայն տրուած խոստումներուն տէր չկանգնիլը չէ, այլ խոստումներուն ճիշդ հակառակը ընելն ու երկիրդ վնասէ-վնաս նետելը: Հոն ալ կարելի է վնասները դասաւորել աղէտալիի եւ դարմանելիի ընդհանուր ցանկերու տակ:
Ու եթէ պահ մը մէկդի ձգենք (առանց մոռնալու) ամերիկեան կամ այլ ընտրութիւններու արդիւնքներն ու անոնց դիմաց մեր յոյսերուն «վերելակային խաղերը», ու կեդրոնանանք մեր հայրենիքի իշխանաւորներու վարքագիծին վրայ, վերի երգիծանկարը կը ստանայ յատուկ իմաստ ու խորք (լա՛ւ դիտեցէք գայլին դիմաց խմբուած ոչխարներուն դէմքի արտայայտութիւնները): ՔՊ-ականնեն ու «քալողներ»ը, եթէ յիշող կայ, իշխանութեան հասան հազար ու մէկ խոստումով, զանգուածին ԲԱՐԻ ՑԱՆԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ իրականացնելու հաւաստիքներով (Արցախի պաշտպանութենէն մինչեւ տնտեսութիւն, մինչեւ փտածութեան, կաշառակերութեան եւ այլ նման չարիքներու ի սպառ վերացման խոստումները), հիմա արդէն փաստերու լեռներ կուտակած են – եւ կը շարունակեն կոյտը բարձրացնել – թէ գործեցին եւ կը շարունակեն գործել խոստումներուն ճիշդ հակառակը: Արցախէն ետք, Հայաստանէն ալ հողաշերտեր նուիրած են թշնամիին, խաղաղութիւն կը մուրան անոնցմէ՝ որոնց ցեղասպան եւ հայատեաց ըլլալը շա՛տ լաւ գիտեն, կը շարունակեն քայքայել եւ այլասեռել երկրի ուժի բազուկը (բանակ, ոստիկանութիւն…), պաշարուած երկիրը կը տանին դէպի յաւելեալ մեկուսացում, իսկ տնտեսութեան բարելաւման համար ալ յաճախ հրապարակ կու գան չնաշխարհիկ գիւտերով: Իրաւունք չունի՞նք աղաղակելու. «Աստուած հոգիդ լուսաւորէ, Մարի Անթուանէթ թագուհի, որ սոված ժողովուրդիդ կը թելադրէիր հացի տեղ կարկանդակ ուտել: Հիմա Հայաստանի «թոռնիկներ»դ գտեր են ցորենի փոխարէն… բրինձով կերակրուելու ձեւը, ցորեն ցանելը կը նկատեն ոչ-նպատակայարմար, առանց ըմբռնելու, թէ որոշ կողմէ մը որոշ կախուածութիւնը՝ կրնան վերածել անծանօթէն կախուածութեան»: Եթէ անմահ Օտեանի հարցնէինք, պիտի պատասխանէր, որ ասոնք Փանջունին ալ կը նսեմացնեն ամէն օր, ամէն քայլափոխի, իսկ ամէնէն ողբերգականը, վճռորոշ զանգուածի մը կողմէ կը դիտուին կրաւորականութեամբ ու ստրկամտութեամբ վարակուածի վիճակով…
…Շիրազէն վերի մէջբերումին շարունակութիւնը անգիր գիտէ ոեւէ հայ, Հայաստան-Արցախի թէ Սփիւռքի մէջ. պատգամը՝ ՊԱՅՔԱՐն է, որպէսզի կործանարարները հեռացուին ղեկէն, խոստմնադրուժները հաշիւի կանչուին ԱՄԷՆ ՏԵՂ: