«Կը վստահիմ մեր տղոց». ՀՀ Ազգային հաւաքականի մարզիչ Քապարոս

«Կը վստահիմ մեր տղոց». ՀՀ Ազգային հաւաքականի մարզիչ Քապարոս

Ազգերու լիկայի Սկովտիա-Հայաստան խաղէն առաջ մեր հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Խոաքին Քապարոսը նախախաղային մամուլի ասուլիս տուած է Կլազկոյի մէջ:

«Մրցաշարային աղիւսակին այժմ պէտք չէ ուշադրութիւն դարձնել, Իրլանտայի դէմ խաղը արդէն պատմութիւն է եւ մենք կը գիտակցինք, որ պիտի հանդիպինք շատ ուժեղ հաւաքականի հետ, որուն ֆութպոլիստները շատ մրցունակ են ու հանդէս կու գան բարձրակարգ ախոյեանութիւններու մէջ: Պիտի բաւականին լաւ հանդէս գանք: Մենք կը վստահինք մեր տղաներուն եւ, բնականաբար, յոյով ենք, որ ամէն ինչ լաւ պիտի ստացուի մեզի համար:

Այո, վստահ եմ, որ Սկովտիան շատ խանդավառուած պիտի ըլլան: Սա շատ նման է մեր պարագային․ մենք Նորվեկիոյ հաւաքականէն ծանր հարուած ստացանք, բայց տղաները շատ կը սպասէին Իրլանտայի դէմ խաղին մեր երկրին ու մեր երկրպագուներուն ուրախութիւն պարգեւելու համար:

Անկասկած, այո, Էտուարտ Սպեչցեանը հաւաքականի ապագան է, բայց ոչ միայն ան` Արթուրը, Վահանը, Սթեոպան, անոնք եւս երիտասարդ են ու կրնան համարել հայկական ֆութպոլի ապագան:

Ես Սկովտիոյ մէջ խաղալու հաճելի փորձ ունիմ, այդ Հենրիք Լարսոնին նուիրուած հանդիպումն էր, ես այն ժամանակ Սեւիլեայի գլխաւոր մարզիչն էի ու շատ տպաւորուած էի այս մարզադաշտի մթնոլորտով ու ակումբի մարզաշապիկով դաշտ եկած մարդոցմով: Ֆութպոլի սիրահարներուն համար այդ իսկապէս հիանալի ներկայացում էր», ըսաւ մարզիչը:

Յիշեցնենք, որ խաղը պիտի կայանայ այսօր՝ Յունի 8-ին, Երեւանի ժամանակով ժամը 22:45-ին:

https://arevelk.am/

Share