«…Մեղա՜յ, Մեղա՜յ Արարատին»:
Շահան Շահնուր (1903-1974)
Շահան Շահնուրի գլուխ գործոց վէպին՝ մօտաւորապէս դար մը առաջ թուղթին յանձնուած՝ «Նահանջը առանց երգի»-ին (1929, Փարիզ ) մէջ արտայայտուած ողբի մը արձագանգելով, ամենայն ինքնավստահութեամբ կրնանք մեր ներկայ իրավիճակը նմանօրինակ կարճ հաստատումներով նկարագրել։
Նահա՛նջ՝ ամէ՛ն բնագաւառէ ներս։
Նահանջը առանց հմուտ ղեկավարութեան։
Նահանջը առանց ամենաթոյզն տրամաբանութեան։
Նահանջը առանց քաղաքական ճկունութեան։
Նահանջ, նահանջ եւ անվերջանալի թուացող ՆԱՀԱՆՋ։
Շահնուր ահազանգ կը հնչեցնէր լոյսերու քաղաքին մէջ, նկարագրելով հայրենի կենսատու հողէն հեռու ինկած եւ օտարութեան մէջ կորսուելու շտապող հայորդիները։
Այսօր, շա՛տ աւելի ծանրակշիռ է կացութիւնը։ Նոյնինքն Հայաստանի բնակիչը, ձուլումէ եւ կորսուելէ աւելի՝ ի սպառ բնաջնջուելու վտանգին դէմ յանդիման կը գտնուի։ Վտանգը չի գար միայն օտարներէն, այլեւ Երեւանի իշխանաւորներէ՛ն, որոնց վերջին դաւը՝ Տաւուշի շրջանի չորս գիւղերու Ատրպէյճանին յանձնման նախնական համաձայնութիւնն է:
Գոյներով մտորումներ չկատարենք. կարմիր գիծը պիտի չանցնինք եւ «Yellow journalism»-ի՝ աժան ու մակերեսային քննադատութեան, անլուրջ քարոզչութեան ծուղակին մէջ պիտի չիյնանք, այլ իրականութիւնները պիտի կոչենք իրենց անուններով, ցաւցնող, մեզ նահանջի՛ մատնող իրականութեան անուններով:
Աւելի՛ քան ցաւցնող է, երբ 19 Բաղրամեանի վարձակալ մը, «ազգընտի՜ր վարչապետ»-ին մէկ բանբերը, Ցեղասպանութեան 109-ամեակի օրերուն, «գեղեցիկ» մտայղացումը կ՛ունենայ փնտռելու եւ ճշդելու 1915-ի նահատակներուն թիւը: Պահանջատէր եւ տրամաբանութենէ ձեռք չքաշած հայուն համար, նման «գիւտ»-երու ի լուր, մէկ բան կը մնայ ընելիք. ծայրայեղ ուժգնութեամբ կանգնիլ նման հնարքներու դէմ մերժողական դիրքի վրայ, հակադրուիլ, եւ ահազանգի մատնուելով՝ ոգի ի բռին հակաքարոզչական աշխատանք տանիլ։
Նահանջած ենք, եւ այնպէ՜ս մը նահանջած, որ քաղաքականութեան ճատրակի դաշտին վրայ պարզ զինուորներու վերածուած ենք, այդ ալ՝ օր ըստ օրէ զինաթափուող զինուորներու, որոնք կը զոհուին առանց նպատակի։ Արեւելում դէպի Արեւե՞լք, թէ՞ Արեւմուտք։ Մեր երկնակամարէն արեւն իսկ նահանջած, չքացած ու խաւարած է։
Ողբերգութեան մէկ այլ տարածքը: Գաղութներն ալ սկսած են նահանջել։
Անտարբերութիւն մը սկսած է տարածուիլ ամենուրէք ։
Այս ժամանակաւոր նահանջներուն դիմաց, յոյժ յիշատակելի է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան գործունէութիւնը, մանաւանդ երբ, Ն․Ս․Օ․Տ․Տ․ Արամ Ա․ վեհափառը, Երեւանի իշխանաւորներուն կողմէ Հայաստանէն նոր պատառներ Ատրպէյճանին նուիրելու օրերուն, կը յայտարարէ, թէ «Արցախը մեզի համար անցեալ չէ. Արցախը մեզի համար մի՛շտ ներկայ է, մեր կեանքին մէջ մնայուն տագնապ է եւ մեր օրակարգին վրայ միշտ առաջնահերթութիւն է»։
… «Նահանջը առանց երգի»-ն նոր տարածք եւ խորութիւն կը գտնէ մեր բոլորի աչքերուն առջեւ: Շահնուրի գիրքին հերոսը՝ հայորդի Պետրոսը կորսուեցաւ եւ վերածուեցաւ ֆրանսացի Փիեռի։ Ան անուղղակի մէկ զոհն էր Ցեղասպանութեան՝ վտարանդի դարձած հայերուն վիճակուած պայմաններուն:
Պարագան տարբեր ու ահազանգային է, երբ նահանջը պիտի հասցնէ առանց երկրի մնալու, հայրենազուրկ ու պահանջազուրկ դառնալու: Պետրոսին նմաններ գոյութիւն պիտի չունենան։ Երկիր գոյութիւն պիտի չունենայ։ Ո՛չ հայ, ո՛չ ալ Հայաստան։ Անկէ ետք՝ խաղաղութիւն… Կովկասի մէջ, խաղաղութիւն՝ իրողապէս չքացած Հայաստանի եւ թշնամի-դրացիներուն միջեւ, մեծ ցնծութիւն՝ Թուրքիոյ եւ անոր ծրագիրները հովանաւորողներուն:
Վհատիլ արգիլուած է։ Անյետաձգելի հրամայական է միակամ պայքարը՝ Երեւանի անմիտ եւ անխոհեմ վարչակարգին դէմ, որպէսզի փրկենք մեր հայրենիքն ու ազգը, որպէսզի կասեցնենք համաթուրանական ծրագիրը, որուն հլու գործակատարը դարձած են «ազգընտիր»-ն ու իր կողքին մնացողները։ Անկարելի բաներու մասին չենք խօսիր: Ռաֆֆիի «Խենթ»-երը չեն մեռնիր: