Առաջնորդ սրբազան Յովնան Արք. Տէրտէրեանի Ամանօրեայ պատգամը

Առաջնորդ սրբազան Յովնան Արք. Տէրտէրեանի Ամանօրեայ պատգամը

ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՅ ՇԵՄԻՆ

«Թող յոյսի Աստուածը ձեզ լեցնէ ամէն ուրախութեամբ եւ խաղաղութեամբ՝ ձեր հաւատքին համաձայն, որպէսզի ձեր յոյսը առատանայ Սուրբ Հոգիին զօրութեամբ» (Հռ 15.13):

Երբ ի տես ժամանակակից մարդկութեան դիմակայած աներեւակայելի տառապանքներուն առջեւ մեր սրտերը կը ցաւին ու կ՛անհանգստանան, Սուրբ Հոգիին զօրութիւնը, ինչպէս կը յիշեցնէ Պօղոս Առաքեալ, յոյսով կը լեցնէ բոլորս: Խաղաղութեան եւ կեանքերու վերականգնման յոյսը: Իրօք, մեր քրիստոնէական հաւատքը անմիջականօրէն աղերսուած է Յարութեան եւ փրկութեան յոյսին հետ, որ կեանքի կը վերածուի Աստուածորդւոյն՝ մեր Տիրոջ եւ Փրկչին Յիսուս Քրիստոսի ծնունդով՝ մարդեղութեամբ:

Կանգնած ենք Նոր տարուայ շեմին, խանդաղատանքով կու գամ ձեր հետ կիսել Արեւմտեան Թեմին նախաձեռնած երկարաժամկէտ նորարարական ծրագիրներու յատուկ աշխատանքի տեսլականը, որ ծառայելու է որպէս մեր համատեղ աշխատանքի ճանապարհային քարտէս: Նախ, ուրախութեամբ կու գանք յայտնելու, թէ երկու տարի ետք պիտի նշենք Արեւմտեան Թեմի հիմնադրման հարիւրամեակը եւ միասնաբար, որպէս քրիստոնեաներ, ոսկէ հնարաւորութիւնը պիտի ունենանք ամրապնդելու մեր հայկական ժառանգութիւնը, կերտելու մեր ապագան, որոնք պիտի երաշխաւորեն յաջորդող սերունդներուն գոյատեւումն ու ծաղկումը: 

Շուրջ հարիւր տարի Արեւմտեան Թեմը հանդիսացաւ քրիստոնէական հաւատքի, հայկական մշակոյթի եւ ԱՄՆ Արեւմտեան ընդարձակածաւալ տարածքի հայութեան սիրտն ու հոգին: Իսկ յաջորդ դարու մեր տեսլականը պիտի հիմնուի նախորդ դարու փորձառութեան հիմքին վրայ, նպատակ հետապնդելով փոխակերպել մեր Թեմի ծառայական կերպարն ու տեսլականը, որոնք խորապէս արմատաւորուած են մեր հոգեւոր արժէքներու վրայ, միաժամանակ միահիւսուած մերօրեայ աշխարհի մարտահրաւէրներով եւ ընձեռած հնարաւորութիւններով: 

Անցնող Յունիս ամսուն մեկնարկեցինք երկարաժամկէտ նորարարական ծրագիրներու յատուկ աշխատանքը, փոխակերպող նախաձեռնութիւն մը, որ կը նախատեսէ արդիականացնել մեր առաքելութիւնը, ստեղծել նպաստիչ պայմաններ եւ հնարաւորութիւններ եւ մանաւանդ  ընդարձակել եւ առաւել ազդեցիկ ու արդիւնաբեր դարձնել մեր ծառայութիւնը: Այս համարձակ նախաձեռնութիւնը գործնական պատասխան է մեզ շրջապատող յարափոփոխ աշխարհին, ուր նոր գաղափարներն ու զարգացող արուեստագիտութիւնը բանալի միջոցներ են ծաղկուն պահելու համայնքային կեանքը: Նշեալ ջանքերու միջոցով  վերատեսութեան կ՛ենթարկենք մեր առաքելութիւնը, թէ՝ ինչպէս իրարու շաղախենք համայնքի զաւակները որպէս միասնական հաւաքականութիւն,  ինչպէս նպաստենք ներգրաւելու ընտանիքները մեր հաւաքական ծառայութեան մէջ եւ նեցուկ կանգնինք անոնց, որպէսզի մեր  Թեմը մնայ կենսունակ ու եռանդուն կեանքի բոլոր փուլերուն մէջ ապրող հայութեան համար, ի մտի ունենալով Ս.Էջմիածնինն ու Մայր Հայրենիքը։

Այս տեսլականը հիմնուած է քրիստոնէական հաւատքն ու հայ մշակոյթը հաւատացեալի առօրեայ կեանքի անբաժան մաս դարձնելու պարտաւորութեան վրայ:  Մեր Թեմէն ներս կը ցանկանք ունենալ այնպիսի համայնքներ, ուր անհատները, ընտանիքներն ու ծխայինները, ոչ հայ ամուսիններն ու ընտանիքի բոլոր անդամները կարողանան գտնել իրենց թէ՛ հոգեւոր տունը, եւ թէ՛ մշակութային աշխուժ կապը: Մեր երազն է ունենալ այնպիսի ծուխեր, ուր հաւատքն ու մեր արժէքները ոչ թէ պարզապէս պահուին ու յարգուին, այլեւ ապրուին եւ միաձուլուին մեր հաւատացեալներու ամենօրեայ փորձառութիւններուն հետ: 

Մեր նպատակին հասնելու համար, բոլորս կրնանք մեր ներդրումը բերել նորարարական հոգեւոր, մշակութային եւ համայնքային ծրագիրներուն, որոնք իմաստալից ու գործնական քայլերով մեր առաքելութիւնը կեանքի կը կոչուին: Կը խօսինք առաքելութեան մը մասին, որ իր մէջ զուգահեռաբար կը ներգրաւէ գիտական նորագոյն հնարաւորութիւնները եւ թուային հարթակներու լայնածաւալ գործածութիւնը: 

Վերջերս   Տ. Վազգէն Քահանայ Մովսէսեանը եւ իր  “epostle” առաքելութեան խմբակը Metaverse-ի մէջ ստեղծեցին առաջին հեռակայ լսատեսողական համակարգչային արդիական միջոցներով Կիրակնօրեայ Դպրոցը, որ թոյլ կու տայ աշխարհագրական տարբեր վայրերու մէջ գտնուող երեխաներուն մասնակցիլ դասընթացքներուն: Յառաջիկայ տարիներուն Արեւմտեան Թեմը առաւել եւս պիտի օգտագործէ արուեստագիտութիւնը, նորարարական տարբեր ձեւերով համայնքային կեանքէն ներս  աշխոյժ կերպով ներգրաւելու  թէ՛ երիտասարդները եւ թէ՛  աւագ սերունդի ծխայինները: 

Վերջին վեց ամիսներու ընթացքին, արդարեւ, Արեւմտեան Թեմին համար յստակ տեսլական, առաքելութիւն և ռազմավարութիւն մշակեցինք: Ուրուագծեցինք  նորարարութեամբ լեցուն ծրագիրներ, վերակենսաւորեցինք մեր  նպատակները եւ Թեմը վերաշխուժացնելու վճռակամութիւնը, միշտ առաջնորդուած հաւատքով, յոյսով ու սիրով:  Այժմ, երբ կը քալենք դէպի առաջ,  եկէք միասնաբար կերտենք ապագայ մը, ուր մեր քրիստոնէական հաւատքն ու հայկական մշակոյթը պիտի մնան կենսական, հասանելի,  բովանդակալից ու իմաստալից բոլորին համար:

Այսուամենայնիւ, այս բոլոր փոխակերպումները կը պահանջեն ծխական համայնքներու եւ բոլորի համագործակցութիւնն ու գործուն մասնակցութիւնը: Իսկապէս, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի այգիին մէջ  ծառայելը առանձնաշնորհում մըն է իւրաքանչիւր քրիստոնեայի համար, որ Սուրբ Մկրտութեան արժանացած է եկեղեցւոյ մէջ: Ինչպէս Քրիստոսի աշակերտ Պետրոս կ՛ընդգծէ ըսելով, թէ՝ մենք պէտք է «օգտագործենք այն պարգեւը, որ ստացած ենք ուրիշներուն ծառայելու համար» (Ա Պետրոս 4.10):

Կը հրաւիրենք եւ յորդորենք բոլորդ օգտուիլ այս եզակի հնարաւորութենէն, ձեր տաղանդները, ժամանակը եւ ներուժը ի սպաս դնելով մեր հաւաքական ու  բաղձալի ապագայի համար: Կը հաւատանք, որ միասնաբար կարող ենք ունենալ Թեմ մը, որ կ՛ոգեշնչէ, կը շաղախէ եւ կը կերպարափոխէ յառաջիկայ սերունդներու կեանքերը: 

Գործք Առաքելոց գիրքին մէջ Առաքեալը կը յորդորէ.- «Ամէն բան ցոյց տուի ձեզի, թէ այսպէ՛ս պէտք է աշխատիլ եւ օգնել տկարներուն, ու յիշել Տէր Յիսուսի խօսքը որ ըսաւ, «աւելի երանելի է տալը՝ քան ստանալը» (20:35): .

Օրհնութեամբ՝ 

Յովնան Արք. Տէրտէրեան

Առաջնորդ ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի

Share