Հայոց Արեւելից կողմանց ամրոցի խորտակումէն ետք՝ զգաստանալու պահը

Հայոց Արեւելից կողմանց ամրոցի խորտակումէն ետք՝ զգաստանալու պահը

«Զօրք եւ ազգ, զօրք եւ պետութիւն, զօրք ու հայրենիք՝ պէտք է կազմեն մի ներդաշնակ ամբողջութին»

Միքայէլ Վարանդեան

1991 թուականի Սեպտեմբեր 2-ին հռչակուած Արցախի անկախութեան հռչակումէն 32 տարի ետք, այսօր խորտակուած է Հայոց Արեւելից կողմանց դարպասապահ ամրոցը՝ Արցախը։ Հայոց Ցեղասպանութենէն 108 տարի ետք, ականատեսներն ենք արցախահայութեան ցեղասպանական բռնագաղթին։ Արցախը դարերու ընթացքին անվկանդ դիմակայած է արաբական, մոնկոլական, սելճուքեան, պարսկական, թրքական թշնամական յարձակումները, եւ դարաւոր մաքառումներով, պատմական տարբեր ժամանակահատուածներու ընթացքին նուաճուած է թշնամիին կողմէ, սակայն ժողովուրդը կառչած մնացած է մայր հողին։ Այսօր, պատմական իր սաղմնաւորումէն հազարամեակներ ետք, Արցախը առաջին անգամ ըլլալով հայաթափուած է։

Արեւելեան ամրոցը խորտակուած է, մեր հայրենիքը վերածուած է միջնաբերդի, որուն անվտանգութիւնը այսօրուան դրութեամբ ճգնաժամային ու խոցելի է։ Հիմնովին խախտած է Հայաստանի արեւելեան սահմաններու ամրակուռ ասպարը՝ սահմանապահ Արցախը, այն սահմանը, որ կ՚երկարէր Վարդենիս-Արցախ սահմանախաչման կէտէն մինչեւ Արաքս, աւելի քան 300 քլմ. սահմանաշերտով։ Արցախեան յաղթական ազատամարտին շնորհիւ հայ-ատրպէյճանական այդ սահմանագիծը կը վերաձեւաւորուէր, ու հայկական բանակի Արցախեան լեռնազանգուածային պաշտպանական բնագծերուն վրայ տեղաբաշխումով՝ Հայաստանի արեւելեան սահմանի անվտանգութեան ռազմավարական վիթխարի ձեռքբերումը կ՚ իրագործուէր։ Այսօր սակայն, չկան այդ բարձունքները։

Վերադարձած ենք զերօ կէտին՝ 1988 թուականի Փետրուարեան ժողովրդային պահանջատիրութեան ու ազատագրման շարժման հանգրուանին, սակայն այս անգամ հայաթափուած Արցախով։ Հայութեան արդար դատի պայքարը ետ մղուած է երեք տասնամեակներով, կորուստով, հայրենազրկումով, բռնագաղթով։

Արցախը պարսպապատ էր։ Թէ ի՞նչ պատահեցաւ 2020 թուականի Արցախեան պատերազմին, պատմութիւնը տակաւին իր դատաստանը ունի։ ՔՊ-ական իշխանավարման ամբողջ ժամանակաշրջանը եղաւ աղէտաբեր կորուստներու գահավէժ գործընթաց մը։ 2020 թուականի նենգադաւ պատերազմէն ետք, ՔՊ-ն եւ իր առաջնորդը ճանչցան Արցախի Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան կազմէն ներս, լքեցին արցախահայութիւնը, ուրացան Արեւմտեան Հայաստանի պահանջատիրութիւնն ու Հայ Դատը՝ զայն հետապնդող Սփիւռքի Դաշնակցական յանձնախումբերը անուանելով ժամանակավրէպ։

Տարածաշրջանին մէջ ռազմաքաղաքական կանոններն ու կանխադրոյթները հիմնովին փոխուած են, եւ առ այդ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային անվտանգութեան աւանդական հայեցակարգը ինքնապաշտպանութեան տեսանկիւնէն՝ կիրառական նոր համակարգի կարիք ունի։ Որեւէ պետութեան անվտանգութեան հիմնական երաշխաւորը՝ բանակն է, իսկ բանակի ողնաշարը՝ ժողովուրդը։ Եթէ ազգը կազմող քաղաքացիական հասարակութիւնը զուրկ է ազգային գաղափարախօսութենէ, ուրեմն տուեալ պետութեան բանակի գաղափարական հիմքերը ամրապնդուած չեն կրնար ըլլալ։ Ինչպէս Դաշնակցական տեսաբան Արցախի զաւակ Միքայէլ Վարանդեան կը շեշտէ՝ «Զօրք եւ ազգ, զօրք եւ պետութիւն, զօրք ու հայրենիք՝ պէտք է կազմեն մի ներդաշնակ ամբողջութին», այսինքն՝ ազգային նոյն գաղափարախօսութեամբ տոգորուած ամրաձոյլ ու անքակտելի միասնութիւն։ Հայութեան համար ազգ–բանակի գաղափարը այլընտրանք չունի։

Աշխարհաքաղաքական մեր ներկայ կացութեամբ, երկու յարձակողապաշտ թշնամի պետութիւններու սպառնացող ռազմատենչութեան ներքոյ, այսօր, աւելի քան երբեք, հայոց պետականութեան անվտանգութեան ապահովման միակ երաշխիքները՝ բանակի մարտունակութիւնն ու ռազմարդիւնաբերական համալիրի զարգացումն են: Հայրենիքի սահմաններու անառիկութիւնն ու անխորտակելիութիւնը պայմանաւորուած է կազմակերպ ու զօրեղ զինեալ ուժերով։ 21-րդ դարուն, հակամարտ կողմերու միջեւ դասական պատերազմի էջը փակուած է, առ այդ՝ ռազմական գիտարուեստի զարգացման պետական նպատակային ծրագիրներու մշակման եւ գործադրման նոր արժեհամակարգի յառաջացումը էական առաջադրանք է։

Յուսաբեկումէն ետք, այժմ մաքառելու եւ պատնէշի վրայ կանգնելու պահն է։ Պատերազմներէ եւ արհաւիրքներէ ետք, բազում ազգեր խորտակուած են, բայց՝ վերականգնած։ Արցախը տակաւին կը մնայ եւ պէ՛տք է մնայ համազգային մեր քաղաքական օրակարգին վրայ որպէս առաջնահերթութիւն ու բռնագրաւուած Արցախը վերահայացնելը՝ որպէս վսեմագոյն պարտաւորութիւն։ Աւելի՛ն. պատերազմի սպառնալիքի տակ գտնուող մեր պետութեան համար դիմադրկան ոգին ու համազգային մեր ներուժը համախմբելու ու կենսագործելու ժամանակն է։ Իսկ ամենակարեւորը, ազգային այս մահաբեր թմբիրէն զգաստանալու միա՛կ դեղատոմսը՝ գործող ազգադաւ այսօրուան իշխանութիւններու անյապաղ հեռացումն է։

Հայրենիքի փրկութեան համար այս սերունդը պատասխանատու է, կա՛մ ազգովին կ՚որոշենք ինքնիշխան մեր պետութեան ապագան եւ կա՛մ կը կանգնեցնենք հայոց աշխարհի տապանաքարը եւ կը շրջենք մեր պատմութեան վերջին էջը։

«Հորիզոն»ի խմբագրական

Share