Անցնող շաբաթներու ընթացքին, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու մասնաճիւղերը յաջողութեամբ գումարեցին իրենց անդամական ընդհանուր ժողովները, ուր ընդգծուեցան անդամներու խոր ներգրաւուածութիւնն ու կազմակերպութեան նպատակներուն ու ծրագիրներուն հանդէպ ցուցաբերուած հետաքրքրութիւնը։ Ժողովներու ընթացքին ընտրուեցան մասնաճիւղերու նորընտիր վարչութիւնները 2024-2025 տարեշրջանի համար՝ ակնյայտ դարձնելով անդամներու նուիրուածութիւնը եւ նորընտիր վարչութիւններուն հանդէպ ցուցաբերուած վստահութիւնը։
Արազ Մասնաճիւղ Շանթ Մասնաճիւղ Սիփան Մասնաճիւղ Արցախ Մասնաճիւղ Կարս Մասնաճիւղ Լոս Անջելըսի Մասնաճիւղ Ջաւախք Մասնաճիւղ Լոռի Միաւոր Սասուն Մասնաճիւղ Ազատամարտ Մոնթէ Պելոյի Մասնաճիւղ Մոնթէ Պելոյի Մասնաճիւղ Մասիս Մասնաճիւղ Սան Ֆրանսիսկոյի Մասնաճիւղ Սևան Մասնաճիւղ Սևան Մասնաճիւղ Սևան Մասնաճիւղ Անի Մասնաճիւղ Մոնթէ Պելոյի Մասնաճիւղ Արարատ Մասնաճիւղ
Շրջանային Վարչութիւնը սրտանց կը շնորհաւորէ նորընտիր վարչութեան կազմերը՝ շեշտելով, որ անոնց հիմնական առաքելութիւնը պիտի ըլլայ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի հարուստ ժառանգութեան պահպանումն ու փոխանցումը՝ միաժամանակ նոր ծրագիրներու եւ նախաձեռնութիւններու միջոցով երիտասարդութեան եւ համայնքի աշխոյժ ներգրաւմամբ։ Կազմակերպութեան սկզբունքային արժէքներուն վրայ հիմնուելով, նորընտիր վարչութիւնները կոչուած են զօրացնելու մասնաճիւղերու գործունէութիւնը եւ իրենց նուիրումով օրինակ ծառայելու համայնքի կեանքին մէջ։
Շրջանային Վարչութիւնը կը մաղթէ նորընտիր վարչութեան անդամներուն յաջողութիւն եւ բազմաբեղուն գործունէութիւն՝ վստահ ըլլալով, որ անոնք իրենց նուիրումով պիտի նպաստեն Հ.Մ.Ը.Մ.-ի առաքելութեան հզօրացման՝ շարունակելով զօրացնել հայեցի դաստիարակութիւնը, ազգային ինքնութեան պահպանումն ու ընկերային ներդաշնակութիւնը։
Միաժամանակ, Շրջանային Վարչութիւնը ի սրտէ կը շնորհաւորէ բոլոր մասնաճիւղերն ու անդամները՝ մաղթելով գալիք Նոր Տարին առողջութիւն, երջանկութիւն եւ առատ բարիքներ։ Թող 2025 թուականը ըլլայ բեղմնաւոր տարի՝ նոր հնարաւորութիւններով եւ ձեռքբերումներով, որոնք կը նպաստեն Հ.Մ.Ը.Մ.-ի առաքելութեան եւ համայնքի յառաջդիմութեան։
Այս կարեւոր ժողովներն ու ընտրութիւնները կը հանդիսանան ոչ միայն կազմակերպչական նոր սկիզբ, այլեւ վստահութեան եւ միասնութեան վերանորոգում, որոնք առանցքային նշանակութիւն ունին կազմակերպութեան յաջորդ տարեշրջանի արդիւնաւէտ գործունէութեան համար։ Շնորհաւորելով եւ քաջալերելով բոլոր անդամները՝ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի մեծ ընտանիքը պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնը՝ հպարտութեամբ եւ նուիրումով։