ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ, ՔԱԼԻՖՈՐՆԻԱ – Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային Վարչութիւնը այս տարուան 2025ի «Տիպար Հ.Մ.Ը.Մ.»ականի տիտղոսը կը շնորհէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Ինլընտ Իմբայրի «Արազ» մասնաճիւղի անդամ, վաստակաշատ Հ.Մ.Ը.Մ.ական՝ Եղբայր Վազգէն Գալայճեանը, նկատի ունենալով եղբօր երկար տարիներու բեղուն գործունէութիւնը, համեստ ու ազնիւ նկարագրով միշտ ծառայելու պատրաստակամութիւնը Հ.Մ.Ը.Մ.ի շարքերէն ներս:
Որպէս կազմակերպութեան հիմնասիւններէն մէկը, 73-ամեայ Եղբ. Գալայճեանը մարմնաւորումը կը հանդիսանայ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի առաջնորդող նշանաբանին՝ «Բարձրացի՛ր եւ Բարձրացո՛ւր»։ Անոր Հ.Մ.Ը.Մ.-ական կեանքը սկսած է Լիբանանէն եւ շարունակուած՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, ուր 1976-էն ի վեր ան միշտ գործօն անդամ եղած է։
«Հ.Մ.Ը.Մ.-ը իմ էութեան մէկ մասն է», նշեց Եղբ. Գալայճեանը։ «Իմ ընտանիքիս կապը Հ.Մ.Ը.Մ.-ին հետ մօտաւորապէս մէկ դարու պատմութիւն ունի՝ հայրս եղած է Հ.Մ.Ը.Մ.-ի առաջին ֆութպոլի խումբին անդամներէն Լիբանանի մէջ»։
Տարիներու ընթացքին, Եղբ. Գալայճեանը ստանձնած է զանազան պատասխանատու պաշտօններ, ներառեալ՝ մասնաճիւղի վարչութեան անդամ, քարտուղար եւ խորհրդատու։ Ներկայիս, ան կը վարէ Ինլընտ Իմբայրի «Արազ» մասնաճիւղի քարտուղարի պաշտօնը՝ շարունակելով իր ներդրումը որպէս խորհրդատու եւ ղեկավար։
Լիբանանէն մինչեւ Միացեալ Նահանգներ, Եղբ. Գալայճեանը իր կեանքը նուիրած է երիտասարդ մարզիկներու եւ ապագայ ղեկավարներու դաստիարակութեամբ։ «Երիտասարդներ պատրաստելը աւելի կենսական է, քան միայն մարզանքը—այն արժէքներու սերմանում է, որոնք զանոնք կը դարձնեն ուժեղ ու կարող առաջնորդներ», բացատրեց ան։

Ան կը հաւատայ, որ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի մարզական կեանքը կը խրախուսէ նուիրումի եւ ընկերասիրութեան ոգին՝ ապահովելով առողջ միջավայր։«Այն դաստիարակիչ փորձառութիւն մըն է, որ կը զարգացնէ մրցակցութեան ոգին՝ միաժամանակ ամրապնդելով մեր համայնքի միասնութիւնն ու կապերը», նշեց ան։
Ծառայութեան նկատմամբ իր տեսակէտը պարզ է, բայց խորիմաստ՝ «Ես հին դպրոցի մարդ եմ։ Իմ ժամանակս ու ջանքերս կը նուիրեմ առանց փոխհատուցումի կամ ակնկալիքի»։ Երբ հարցուցին, թէ ի՛նչ պատգամ ունի երիտասարդ կամաւորներուն համար, ան աւելցուց. «Մենք կը ծառայենք անկեղծ նուիրումով՝ առանց փոխադարձ ակնկալիքի։ Այս տիտղոսը մեծ պատիւ է, սակայն՝ անոր հետ կամ առանց, ես պիտի շարունակեմ ծառայել Հ.Մ.Ը.Մ.-ի բարգաւաճման համար»։
Եղբ. Գալայճեանը կ’անդրադառնայ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի զարգացման՝ բաղդատելով անոր ներկայութիւնը Լիբանանի եւ Արեւմտեան Շրջանի մէջ։ «Լիբանանի մէջ, մենք կը մրցէինք տարբեր ազգերու, կրօններու եւ մշակոյթներու խումբերու դէմ։ Մեր յաղթանակը միայն խումբին չէր պատկաներ, այլ կը խորհրդանշէր Հ.Մ.Ը.Մ.-ի եւ ամբողջ հայութեան յաղթանակը», նշեց ան։ «Այստեղ, մենք կը մրցինք մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն հետ՝ միացած Հ.Մ.Ը.Մ.-ի անսասան դրօշին տակ։ Յաղթանակով թէ պարտութեամբ, մեր միասնութեան ոգին է որ կը զօրացնէ եւ կը ներշնչէ բոլոր մասնակիցները»։
Անոր առաջնորդութիւնը եւ ներդրումը մեծ դեր ունի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Արեւմտեան Շրջանին մէջ, նպաստելով կազմակերպութեան առաքելութեան՝ ֆիզիքական, բարոյական եւ ընկերային զարգացումը ամրապնդելու։
Եղբայր Վազգէն Գալայճեանի 2025-ի Տիպար Հ.Մ.Ը.Մ.-ական տիտղոսին արժանացումը ոչ միայն կը մեծարէ անոր տասնամեակներու նուիրեալ ու անշահախնդիր ծառայութիւնը, այլ նաեւ կը վերահաստատէ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի մշտական առաքելութիւնը՝ ձեւաւորելու հայկական երիտասարդութիւնը եւ սերունդէ սերունդ պահպանելու մեր մշակութային ժառանգութիւնը։
«Վերջաւորութեան, Հ.Մ.Ը.Մ.-ը միշտ յաղթական է», ըսաւ Գալայճեանը։ «Նայեցէ՛ք, թէ ի՛նչ հիմնած ենք Հարաւային Քալիֆորնիոյ մէջ—մեր աճը արտասովոր է, եւ ես անհամբեր կը սպասեմ այս առաքելութիւնը շարունակելու՝ իմ եղբայրներուս ու քոյրերուս կողքին»։
Միացէ՛ք մեզի Յունիս 28-ին Century Plaza պանդոկին մէջ կայանալիք Նաւասարդեան 48-րդ Յաղթանակի պարահանդէսին, ինչպէս նաեւ Նաւասարդեան Մարզախաղերուն ու Փառատօնին՝ Յուլիս 3-6, Birmingham High School-ի շրջափակէն ներս, ուր միասնաբար պիտի պատուենք Եղբ. Վազգէն Գալայճեանը եւ տօնենք Հ.Մ.Ը.Մ.-ի յարատեւ ժառանգութիւնը։ Միասին բարձրանանք եւ բարձրացնե՛նք զիրար: