Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշն.Յովնան Արք. Տէրտէրեանի գլխաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ, Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 20, 2022, երեկոյեան ժամը 7ին, Պըրպենքի Առաջնորդարանէն ներս, տեղի պիտի ունենայ յատուկ երեկոյ մը, նուիրուած Հայ Եկեղեցւոյ մեծագոյններէն՝ Սուրբ Ներսէս Դ. Շնորհալի Կաթողիկոսին, անոր մահուան 850րդ տարեդարձին առիթով (1102¬1173):
Բացի Շնորհալիի յօրինած փունջ մը գեղեցիկ Շարականներու եւ ծիսական¬պաշտամունքային Երգերու ներկայացումէն, Յայտագիրի վրայ է նաեւ կարեւոր դասախօսութիւն մը, որ հանգամանալից կերպով պիտի անդրադառնայ ո՛չ միայն Շնորհալի Հայրապետին բարդ ժամանակաշրջանի ընկերաքաղաքական եւ եկեղեցական վիճակին, որուն մէջ ան ապրեցաւ եւ ստեղծագործեց, այլ նաեւ անոր կրօնական եւ պաշտամունքային յօրինումներուն եւ մասնաւորաբար Շնորհալիի «Հոգեկան Ոլորտ»ի մասին, ինչ որ անոր տիպար Հոգեւորականի ամէնէն ուշագրաւ եւ եկեղեցական գետնի վրայ ամէնէն գրաւիչ բաժինը կը կազմէ: Այս տեսանկիւնէն, օրուան Դասախօսը ¬ Հոգշն. Տաճատ Ծայր. Վրդ. Եարտըմեան ¬ պիտի կատարէ Մեծ Հայրապետին եկեղեցական եւ հոգեկան արժէքներուն եւ բարձր արժանիքներուն վերլուծումը՝ համապատասխան գնահատումներով:
Սբ. Ներսէս Շնորհալին մեր Եկեղեցւոյ փառքի ամենացայտուն պսակներէն մէկն է: Մեր Եկեղեցին շատ բան կը պարտի անոր: Ան եղաւ եզակի Հոգեւորական մը եւ փայլուն Ջահակիր մը ո՛չ միայն Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ, այլեւ Հաւատացեալներու Քրիստոնէական իղձերուն եւ կեանքին ուղղութիւն տուող բացառիկ Առաջնորդ մը:
Հրաւիրուած է շրջանիս հասարակութիւնը:
Մուտքը ազատ է:
Դիւան Առաջնորդարանի
Սեպտեմբեր 2, 2022
Պըրպենք