Վեհափառ Հայրապետը Կիլիկեան Իշխան շքաշնանով պարգեւատրեց Նուպար Աֆէեանը

Վեհափառ Հայրապետը Կիլիկեան Իշխան շքաշնանով պարգեւատրեց Նուպար Աֆէեանը

Կիրակի, 13 Հոկտեմբեր 2024-ին, Ս. եւ Անմահ Պատարագէն անմիջապէս ետք, Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ՝ ի պատիւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին:

Ճաշկերոյթի աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը Կիլիկեան Իշխան շքաշնանով պարգեւատրեց Նուպար Աֆէեանը: Վերջինս խօսք առնելով՝ յիշեց իր անցեալը, Լիբանանը եւ Պոսթընի մէջ տարած աշխատանքը հայ կեանքէն ներս: Յայտնենք, որ Աֆէեան զոյգը բարերար հանդիսացած է Սուրբ Ստեփանոս վարժարանի մէկ շէնքին եւ զանազան պատասխանատուութիւններ ստանձնած է գաղութէն ներս:

Ճաշկերոյթէն ետք, Վեհափառ Հայրապետը իր իջեւանած պանդոկին մէջ ընդունեց Նուպար Աֆէեանի այցելութիւնը: Երկար հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի եւ Սփիւռքի առնչուած շարք մը հարցեր: Նուպար Աֆէեան Նորին Սրբութեան իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց՝ նպաստելու Սփիւռքի վերակազմակերպման առնչուած ծրագիրներուն՝ կրթական, մշակութային եւ այլ բնագաւառներէ ներս:


Նուպար Աֆէեան

Դոկտոր Նուպար Աֆէեան (25 Յուլիս1962, Պէյրութ, Լիբանան), ամերիկահայ յայտնի գործարար ու բարերար: «Flagship Ventures» ընկերութեան ղեկավար գործընկեր: Ան մաս կը կազմէ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Կեդրոնական վարչութեան ու միեւնոյն ժամանակ «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան համահիմնադիրներէն մին է։ Նուպար Աֆէյեան իր պատանեկութեան տարիներուն Պէյրութի Սուրբ Նշան մայր եկեղեցւոյ դպրաց դասին մաս կազմած է, ապա ատենապետը եղած է Պոսթընի Ս. Ստեփանոս ազգային վարժարանին եւ միաժամանակ բարերարը՝ նոյն վարժարանի մանկապարտէզի բաժնին։

COVID-19 mRNA-1273 կոչուած պատուաստանիւթը պատրաստող Moderna Therapeutics-ի համահիմնադիրն ու նախագահը ամերիկահայ Դոկտոր Նուպար Աֆէեանն է:

Share