Վեհափառ հայրապետը ընդունեց Պէյրութի նահանգապետն ու քաղաքապետը

Վեհափառ հայրապետը ընդունեց Պէյրութի նահանգապետն ու քաղաքապետը

Հինգշաբթի, 23 Յունուար 2025-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին այցելեցին Պէյրութի նահանգապետ Մարուան Ապպուտ եւ քաղաքապետ Ապտալլա Տարուիշ, ընկերակցութեամբ քաղաքապետարանի խորհուրդի անդամ Արամ Մալեանի։

Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ անդրադառնալու մայրաքաղաք Պէյրութի առնչուած աշխատանքներուն ու ծրագիրներուն։ Խօսելով Պէյրութի մէջ հայ համայնքին ներկայութեան մասին՝ կարեւորութեամբ մատնանշուեցաւ հայութեան տնտեսական ու մշակութային ներդրումին մասին. այս առումով խօսակիցները յոյս յայտնեցին, որ հայ համայնքը նոյն թափով կը շարունակէ իր գործօն մասնակցութիւնը բերել ընդհանրապէս Լիբանանի ու ի մասնաւորի մայրաքաղաքի բարգաւաճման աշխատանքներուն։

Share