Ի սկզբանէ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններուն մէջ մեր կարմիր գիծը Ատրպէյճանն էր. Էրտողան

Ի սկզբանէ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններուն մէջ մեր կարմիր գիծը Ատրպէյճանն էր. Էրտողան

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ  Թայէպ  Էրտողան թրքական պետական «TRT» լրատուամիջոցին հարցազրոյց տուած է, որու ընթացքին անդրադարձած է նաեւ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն եւ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ ունեցած հեռախօսազրոյցին: 

«Վարչապետ Փաշինեանի հետ երկու երկիրներու կրօնական տօներու շրջանին հեռախօսազրոյց մը ունեցանք, որու ընթացքին փոխադարձ շնորհաւորանքներ յղեցինք։ Անշուշտ խօսեցանք նաեւ մեր երկրի եւ Հայաստանի միջեւ շարունակուող կարգաւորման գործընթացի մասին»,-ըսած է Էրտողանը: 

Ան ընդգծած է, որ Ատրպէյճանն ի սկզբանէ Թուրքիոյ համար եղած է  կարմիր գիծ եւ որ Ատրպէյճանի խնդիրները լուծելէ ետք նորր Անգարան կը բանայ իր սահմանները․«Ի սկզբանէ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններուն մէջ մեր կարմիր գիծը Ատրպէյճանն էր: Մենք պիտի բանանք մեր դռները այն ատեն, երբ լուծում ստանայ Ատրպէյճանի հարցը»։

Թուրքիոյ նախագահը նաեւ յայտնած է․«Գոհունակութեամբ ընդունեցի, երբ լսեցի, որ վարչապետ Փաշինեանը տարածաշրջանային խաղաղութեան եւ համագործակցութեան տեսանկիւնէ կը կիսէ մեր նման միտքերը։ Բայց արդէն կ’ակնկալենք, որ խօսքէն այն կողմ յստակ քայլեր ընեն»։

Ըստ անոր՝ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ Թուրքիան լուրջ ու վճռական տրամադրուած է, կը հետապնդէ ամբողջական  կարգաւորում եւ բարիդրացիական յարաբերութիւններու հաստատում։

Էրտողանը յիշեցուցած է Թուրքիա ապրող, ըստ անոր, աւելի քան 100 հազար  հայերու մասին։

«Ներկայ պահուն Թուրքիոյ մէջ կայ աւելի քան 100 հազար հայ, որոնց մէջ կան եւ մեր քաղաքացիներ եւ ոչ մեր քաղաքացիներ, բայցեւայնպէս քաղաքացիութեան թեկնածու հայեր։ Ահա սա է որ ցոյց կու տայ մեր մօտեցումը»:

Աւարտին Թուրքիոյ նախագահը հերթական անգամ յիշեցուցած է, որ Անգարան իր գործողութիւնները կը համակարգէ Պաքուի հետ:

Share