Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Ռուսիա Պէտք Է Աւելի Վճռական Ըլլայ»

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Ռուսիա Պէտք Է Աւելի Վճռական Ըլլայ»

Բոլորս ալ գիտենք, որ ռազմական գործողութիւններու դադրեցման գլխաւոր դերակատարը Ռուսիան է` հակառակ տարբեր խաղերու եւ յայտարարութիւններու: Բայց նաեւ պէտք չէ թերագնահատել Ֆրանսայի թափած ճիգը` հարցը ՄԱԿ-ի խորհուրդ տանելով: Այդ եւս ողջունելի է: Մենք միշտ ալ ըսած ենք, որ գնահատելով մէկտեղ Ռուսիոյ ունեցած կարեւոր դերակատարութիւնը, կը ցանկանք Ռուսիայէն տեսնել աւելի վճռական կեցուածք եւ քիչ մը աւելի իրապաշտ մօտեցում Ատրպէյճանի ոտնձգութիւններուն նկատմամբ, բայց նաեւ ըսած ենք, որ Մինսքի համանախագահող երկիրները՝ թէ ԱՄՆ-ն, թէ Ֆրանսան, յատուկ պարտականութեամբ եւ ներդրումով, պէտք է այսպիսի իրավիճակներու մէջ հայանպաստ դիրքորոշումներ որդեգրեն: Այդ պահով ողջունելի է, բայց անոնց վերագրել պատերազմի դադրեցումը քիչ մը չափազանցուած է. այս մասին Եռաբլուր զինուորական պանթէոնին մէջ յայտարարեց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան:

Անդրադառնալով Թուրքիոյ արձագանքին` ԱՄՆ Քոնկրէսի Ներկայացուցիչներու պալատի խօսնակ Նենսի Փելոսիի Հայաստան այցելութեան եւ հնչեցուցած յայտարարութիւններուն վերաբերեալ, դաշնակցական գործիչը յայտնեց, որ Թուրքիա լաւ կ՛օգտագործէ Արեւմուտքի եւ Արեւելքի մէջ կապերը եւ առաւելագոյն իր շահերը առաջ կը տանի, իսկ այդ շահերուն մէջ է Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտման քաղաքականութիւնը: «Այդ ուղղութեամբ, կը կարծեմ, որ ԱՄՆ սկզբունքային որոշում գոյացուցած է, որմով ընդվզած է Թուրքիան, բայց կը կարծեմ, որ այս մէկը մեծ խաղին մէջ մեծ ազդեցութիւն չի ունենար: Բուն հարցերը ռազմավարական այն հարցերն են, որոնց վերաբերեալ կան լուրջ խնդիրներ, որոնք եթէ չլուծուին, ապագային կրնան տանիլ լուրջ առճակատման եւ խզումի», նշած է Տէր Խաչատուրեան:

Share