Կիրակի, Ապրիլ 6-ին Հայոց Ցեղասպանութեան 110-ամեակը պիտի նշուի Ուաթըրթաունի Հայ Մշակութային եւ Կրթական կեդրոնին մէջ, կազմակերպութեամբ շրջանի կազմակերպութիւններուն եւ միութիւններուն։Արդարեւ, Մեծն Պոսթընի «Սարդարապատ» կոմիտէութիւնը, Արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի Հայ Դատի յանձնախումբը, Հ․Օ․Մ․-ի «Լէոլա Սասունի» եւ «Շուշի» մասնաճիւղերը, Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան «Նժդեհ» մասնաճիւղը, տեղւոյն Հ․Մ․Ը․Մ․-ի եւ «Համազգային»-ի մասնաճիւղերը, Հայ Մշակութային եւ Կրթական կեդրոնը, Նիւ Ինկլընտի Հ․Բ․Ը․Մ․-ը, Ուաթըրթաունի Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցին, «Թէքէեան» մշակութային միութիւնը եւ «Շահպազեան» հիմնարկը կազմակերպած են այս ձեռնարկը, որուն բանախօսն է «California Courier» թերթի խմբագիր , «Հայաստան Արցախ Ֆոնտ»-ի հիմնադիր եւ տարիներ շարունակ Քըրք Գրիգորեանի «Լինսի» հիմնարկի փոխնախագահ՝ Յարութ Սասունեան։
Նախապէս, նաեւ Մ․Ա․Կ․-ի մարդկային իրաւունքի պատուիրակ, Սասունեան իր ներդրումը ունեցած է, որպէսզի Մ․Ա․Կ․-ը պաշտօնապէս ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ Այս նիւթին մասին է, որ ան պիտի դասախօսէ․- «Մոռցուած անմոռանալին․- Մ․Ա․Կ․-ի Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման 40-ամեակ»։
Գեղարուստական յայտագրով, ելոյթ պիտի ունենայ Պոսթընի «Համազգային»-ի «ArtNova» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ մաէսթրօ Արթիւր Վարանեանի։
