«Յարութիւն Պարսամեան Կրթանպաստ» հիմնադրամի յանձնախումբը այսու բացուած կը յայտարարէ 2024-2025 ուսումնական տարեշրջանի համար դիմումնագրեր ընդունելու ժամանակաշրջանը:
Հանգուցեալ Փրոֆ. Յարութ Պարսամեանի կողմէ հաստատուած այս հիմնադրամին նպատակն է աջակցիլ այն հայ ուսանողներուն, որոնք իրենց բարձրագոյն ուսումը կը շարունակեն գիտական մասնագիտութեանց կալուածէ ներս, Միացեալ Նահանգներու տարածքին գործող վարկաւորում ստացած որեւէ համալսարանի կամ գոլէճի մէջ:
Դիմումնագրի թղթածրարը պէտք է բովանդակէ.-
Ա. Նամակ մը, ուր նշուած ըլլան դիմողին ամփոփ կենսագրականը, հանրային կեանքէն ներս վարած գործունէութեան մասին տեղեկութիւն, նամակատան ու ել-նամակի հասցէները եւ հեռաձայնի թիւը: Սոյն նամակին կցել նաեւ դիմողին լուսանկարը:
Բ. Անջատ թուղթի վրայ, դիմողը պէտք է նշէ սփիւռքահայութեան առնչուող եւ զինք մտահոգող պարագայ մը կամ երեւոյթ մը, ապա արձանագրէ իր անհատական առաջարկ-լուծումները՝ կապուած նշեալ հարցին:
Գ. Ուսանողական վկայագիր, ամերիկեան օրինական համալսարան մը կամ գոլէճ մը ընդունուած ըլլալուն մասին, ուսումնական տուեալ հաստատութեան յստակ հասցէով:
Դ. Դիմողին համալսարանական անձնագիրը (Student ID) եւ անոր ստացած ուսանողական նիշերու ցուցակը:
Ե. Մասնագէտի մը կողմէ յանձնարարական մը (նախընտրաբար):
Դիմումի ամբողջական թղթածրարները պէտք է Ազգ. Առաջնորդարանի տրամադրութեան տակ դրուին մինչեւ 30 Յունիս 2024, յղուած հետեւեալ հասցէին կամ ել-նամակի դրութեամբ,
առ ի փոխանցում Հիմնադրամի յանձնախումբին:
HARUT BARSAMIAN ARMENIAN STUDENTS’ SCHOLARSHIP FUND
C/O WESTERN PRELACY
6252 Honolulu Ave., La Crescenta, CA 91214