ՅԱՐՈՒԹ ՊԷՇԼԵԱՆ
(Ծնեալ՝ 14 Դեկտեմբեր 1934ին, Հալէպ, Սուրիա)
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, եղբօր, հօրեղբօր, հարազատին եւ գաղափարակից ընկերոջ՝ Յարութ Պէշլեանի մահը, որ պատահեցաւ Շաբաթ, 8 Հոկտեմբեր 2022ին։
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի Երեքշաբթի, 1 Նոյեմբեր 2022ին, կէսօրուան ժամը 12ին, Hollywood Hills Forest Lawn գերեզմանատան Old North Church մատրան մէջ, ապա թաղումը՝ նոյն գերեզմանատան մէջ։
Սգակիրներ՝
Այրին՝ Ալիս Պէշլեան
Որդին՝ Քրիս Պէշլեան
Թոռը՝ Շէյն Պէշլեան
Եղբայրը՝ Եդուարդ եւ Պէաթրիս Պէշլեան եւ դուստրերը՝ Թալին, Մոնիք եւ Ալեքսանտրա եւ իրենց ընտանիքները
Զարմիկները՝ Ալեք Պէշլեան եւ տոքթ. Անտրէ Պէշլեան եւ ընտանիք
Ֆերիտ Աճամի եւ ընտանիք
Տոքթ. Ֆաէզ Աճամի եւ ընտանիք
Հիլտա Ասիս եւ ընտանիք
Աներորդին՝ Սէթ եւ Լորէյն Տատրեան եւ զաւակները՝ տոքթ. Քերօլ եւ Տանիէլ
Աներորդին՝ Տիգրան Տատրեան
Քենին՝ դոկտ. Լուսի Տատրեան եւ Ճիմ Հաքապի եւ զաւակները՝ տոքթ. Քրիսթինա եւ Նինա
Քենին՝ տոքթ. Աստղիկ Տատրեան եւ Վիլեմ Սօ
Եւ համայն Պէշլեան, Աճամի, Ասիս, Տատրեան, Հաքապի, Սօ, Սարգիսեան եւ Գասպարեան ընտանիքները, հարազատներն ու բարեկամները
Թաղման արարողութենէն ետք հոգեճաշ պիտի մատուցուի Կլենտէյլի Anoush Banquet սրահին մէջ, 1320 W. Glenoaks Blvd., Glendale, CA 91201
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ կամ ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» կոմիտէութեան, չեքերը ուղղոած ACF Central WUSA անուան եւ հասցէագրուած`
ACF Central WUSA
13820 Saticoy Street
Panorama City, CA 91402
—
ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» Կոմիտէութիւն