Հաղորդագրութիւն Ազգային Առաջնորդարանի
«Յարութիւն Պարսամեան Կրթանպաստ»
Հովանաւորութեամբ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի, նախաձեռնութեամբ Ազգային վարչութեան, «Յարութիւն Պարսամեան Կրթանպաստ» հիմնադրամի յանձնախումբը այսու բացուած կը յայտարարէ 2022-2023 ուսումնական տարեշրջանի համար դիմումնագրեր ընդունելու ժամանակաշրջանը:
Հանգուցեալ Փրոֆ. Յարութ Պարսամեանի կողմէ հաստատուած այս հիմնադրամին նպատակն է աջակցիլ այն հայ ուսանողներուն, որոնք իրենց բարձրագոյն ուսումը կը շարունակեն գիտական մասնագիտութեանց կալուածէ ներս, Միացեալ Նահանգներու տարածքին գործող վարկաւորում ստացած որեւէ համալսարանի կամ գոլէճի մէջ:
Դիմումնագրի թղթածրարը պէտք է բովանդակէ.-
Ա. Նամակ մը, ուր նշուած ըլլան դիմողին ամփոփ կենսագրականը, հանրային կեանքէն ներս վարած գործունէութեան մասին տեղեկութիւն, նամակատան ու ել-նամակի հասցէները եւ հեռաձայնի թիւը: Սոյն նամակին կցել նաեւ դիմողին լուսանկարը:
Բ. Անջատ թուղթի վրայ, դիմողը պէտք է նշէ սփիւռքահայութեան առնչուող եւ զինք մտահոգող պարագայ մը կամ երեւոյթ մը, ապա արձանագրէ իր անհատական առաջարկ-լուծումները՝ կապուած նշեալ հարցին:
Գ. Ուսանողական վկայագիր, ամերիկեան օրինական համալսարան մը կամ գոլէճ մը ընդունուած ըլլալուն մասին, ուսումնական տուեալ հաստատութեան յստակ հասցէով:
Դ. Դիմողին համալսարանական անձնագիրը (Student ID) եւ անոր ստացած ուսանողական նիշերու ցուցակը:
Ե. Մասնագէտի մը կողմէ յանձնարարական մը (նախընտրաբար):
Դիմումի ամբողջական թղթածրարները պէտք է Ազգ. Առաջնորդարանի տրամադրութեան տակ դրուին մինչեւ 30 Յունիս 2022, յղուած հետեւեալ հասցէին կամ ել-նամակի դրութեամբ, առ ի փոխանցում Հիմնադրամի յանձնախումբին:
HARUT BARSAMIAN ARMENIAN STUDENTS SCHOLARSHIP FUND
C/O WESTERN PRELACY
6252 Honolulu Ave., La Crescenta, CA 91214
Ծանօթ .- Յանձնախումբը նկատի պիտի չունենայ ոչ ամբողջական կամ ժամկէտէն ուշ հասնող թղթածրարները:
«Սփիւռքի Տարի — Գագիկ եւ Քնարիկ Գալստեան Հիմնադրամ»
Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, քանի մը ամիս առաջ Ազգային Առաջնորդարանէն ներս կեանքի կոչեց հայագիտական նիւթերու հետեւող ուսանողներու ի նպաստ նոր հիմնադրամ մը, ի յիշատակ գաղութի բարերարներէն՝ հանգուցեալ Տէր եւ Տիկին Գագիկ եւ Քնարիկ Գալստեանի, «Սփիւռքի Տարի — Գագիկ եւ Քնարիկ Գալստեան Հիմնադրամ» անունով:
Հիմնադրամը կը հովանաւորեն հանգուցեալ ամոլին դուստրերը՝ Սեդա Գալստեան-Աղայեան եւ Այտա Գալստեան-Նորհատեան:
Այս Հիմնադրամէն կրնան օգտուիլ Ամերիկայի եւ Սփիւռքի այլ գաղութներու մէջ ապրող հայ ուսանողներ, որոնք բարձրագոյն հաստատութիւններէ կամ համալսարաններէ ներս հայերէնով կամ օտար լեզուներով կը հետեւին հայագիտական ուսմանց դասընթացքներու կամ գիտական հետազօտութիւն կը կատարեն հայկական բանասիրութեան, Հայ Դատի եւ Հայոց Ցեղասպանութեան առնչուող զանազան կալուածներէ ներս:
Հիմնադրամի առաջին տարուան յատկացումները պիտի կատարուին 2022-2023 տարեշրջանի համար:
Դիմումի թղթածրարը պէտք է բովանդակէ.-
Ա. Նամակ մը, ուր նշուած ըլլան դիմողին ամփոփ կենսագրականը, հանրային կեանքէն ներս վարած գործունէութեան մասին տեղեկութիւն, նամակատան ու ել-նամակի հասցէները եւ հեռաձայնի թիւը: Սոյն նամակին կցել նաեւ դիմողին լուսանկարը:
Բ. Անջատ թուղթի վրայ նշել ուսումնական հաստատութեան կամ համալսարանի անունը, հասցէն եւ դիմողին ուսանողական կարգավիճակը. քանի՞ տարուան ուսանող է, ուսումնառութեան շրջանը ե՞րբ կ՛աւարտի եւ ո՞ր լեզուով կը հետեւի դասընթացքներուն:
Գ. Դիմողին համալսարանական անձնագիրը (Student ID) եւ անոր ստացած ուսանողական նիշերու ցուցակը:
Դ. Մասնագէտի մը կողմէ յանձնարարական մը (նախընտրաբար):
Դիմումի ամբողջական թղթածրարները պէտք է Ազգ. Առաջնորդարանի տրամադրութեան տակ դրուին մինչեւ 30 Յունիս 2022, յղուած հետեւեալ հասցէին կամ ել-նամակի դրութեամբ.
ARMENIAN STUDIES STUDENTS GALSTIAN SCHOLARSHIP FUND
C/O WESTERN PRELACY6252 Honolulu Ave., La Crescenta, CA 91214
Ծանօթ .- Ոչ ամբողջական կամ նշեալ ժամկէտէն ուշ հասնող դիմումները նկատի պիտի չառնուին: