Համազգայինի մամլոյ հաղորդագրութիւնը

Համազգայինի մամլոյ հաղորդագրութիւնը

Ի խորոց սրտէ երախտագիտութիւն եւ շնորհակալութիւն

Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Ազգային Առաջնորդարանին

Ա. Մ. Նահանգերու  Արեւմտեան Շրջանի Համազգայինի Շրջանային Վարչութիւնը խորին շնորհակալութիւն կը յայտնէ Թեմիս առաջնորդ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեանին եւ Ազգ. Վարչութեան անդամներուն, Համազգայինի նկատմամբ իրենց ցուցաբերած յատուկ հոգատարութեան, մնայուն  ուշադրութեան,  բարոյական եւ նիւթական նեցուկին համար:

Համազգայինը երկար տարիներ վայելած է Ազգային Առաջնորդարանի զօրակցութիւնը,  յատկապէս Թեմի նախկին Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Թորգոմ Արք.  Տօնոյեանի  տարիներէն սկսեալ, ինչպէս՝ Համազգայինի «Ֆորումի« ծրագրին, «Նայիրեան» երգչախումբին, Կոմիտասի նուիրուած գրքոյկի հրատարակութեան եւ այլ ծրագիրներու, այլեւ  շրջանէս ներս Համազգայինի հիմնադրութեան 55-ամեակին առիթով իր բերած  10,000 տոլար մեծագումար  նուիրատուութեամբ:

Մեծ գոհունակութեամբ կ’ուզենք արձանագրել, որ Ազգային Առաջնորդարանի  ցուցաբերած նիւթաբարոյական զօրակցութիւնը իր զենիթին հասաւ այս տարի, Թեմի առաջնորդ  Գերաշնորհ Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեանի եւ Ազգային վարչութեան կողմէ 25,000 տոլարի նորագոյն զօրակցութեամբ, ի նպաստ  Համազգայինի սեփական կեդրոնի ծրագրին:

Արդարեւ, Համազգայինի Շրջանային Վարչութիւնը եւ Շրջանայինի նախորդ կազմի ատենապետուհին Առաջնորդ Սրբազան Հօր տուած իրենց վերջին այցելութեան ընթացքին  նորոգ կամքով զօրացան եւ լիցքաւորուեցան Առաջնորդին  խրախուսական եւ քաջալերական յորդորներէն երբ ան  կոչ ուղղեց յայտնելով «Ա՛լ Ժամանակն է հայահոծ այս  գաղութին մէջ՝ անվհատ, այլեւ ի գործ դրած իր ջանքերուն եւ ուժերուն գերլարումովն իսկ Համազգայինը առաջ նետուի եւ հաւաքական զօրակցութեամբ իրականացնէ մշակութային կեդրոնի մը գնման ծրագիրը, աւելի եւս բարգաւաճի եւ հայկական շունչով լեցնէ գաղութի ներքին կեանքը»:

Խօսքէն գործի անցնելու Առաջնորդին պատգամը վստահ ենք, որ զինք լսող ականջներ պիտի գտնէ եւ Համազգայինը ՝  56 տարիներու իր հարուստ վաստակով,  «Մենք յաւերժ ենք մեր մշակոյթով»  սկզբունքին  ու իր մշակութանուէր առաքելութեան հաւատարիմ  արդէն իսկ  իր երազի  իրականացման ճամբուն վրայ գործնական առաջին  քայլը առած է Կլենտէյլի  Canada փողոցին վրայ կեդրոնը գնելու համար:

Համազգայինը լիայոյս է, որ վերջապէս պիտի իրականանայ իր երազը՝ միասնական ջանքերով: 

Շնորհակալ ենք  Սրբազան Հայր  Ձեզի եւ Ազգ. Վարչութեան:

Համազգայինը լիայոյս է, որ վերջապէս պիտի իրականանայ իր երազը՝ միասնական ջանքերով:  

Շնորհակալ ենք  Սրբազան Հայր  Ձեզի եւ Ազգ. Վարչութեան:

Համազգայինի Շրջանային Վարչութիւն

Share