Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը Լիբանանի մէջ ունեցած իր լիակատար նիստերէն ետք այցելեց ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին: Վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեան ընդհանուր գիծերով ներկայացուց Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան յառաջիկայ ծրագրային առաջնահերթութիւնները ու աշխատանքային ուղեգիծը:
Վեհափառ Հայրապետը իր ջերմ գնահատանքը յայտնեց Համազգայինի կատարած կրթական ու մշակութային գործունէութեան: Ան ողջունեց Մարսէյի ճեմարանը նոր կառոյցներով ընդարձակելու Համազգայինի կարեւոր իրագործումը:
Խօսելով մշակոյթի մարզէն ներս Համազգայինի դերակատարութեան մասին, Նորին Ս. Օծութիւնը, ներկայ ժամանակներուն աւելի քան երբեք, առանցքային համարեց անոր աշխատանքը, երբ հայ կեանքէն ներս սկսած են նահանջել մեր մշակութային արժէքները: Հայու ինքնութեան պահպանման մեր պայքարին մէջ կենսական է մշակոյթը:
Մեր մշակոյթին պահապանը ու առաքեալը դարձած է Համազգայինը, հայ եկեղեցւոյ կողքին, ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը:
Ան նաեւ անդրադարձաւ տասնամեակներու վրայ տարածուած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Համազգայինի միջեւ գոյութիւն ունեցող գործակցութեան եւ շեշտեց այդ գործակցութիւնը աւելի ամրապնդելու կարեւորութիւնը հայակերտումի՝ Արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան եւ մշակոյթի այլ կալուածներէն ներս: