Այսօր երեկոյեան ժամը 6ին տoնուելու է Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան 95-Ամեակը:
Օրուան հիւրն ու բանախօսն է Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեան (Պէյրութէն), որ նաեւ Կեդրոնական Վարչութեան անունով պիտի պատուէ վաստակ ունեցող արժանի համազգայինականներ: Գեղարուեստական յայտագրին մաս կը կազմեն, Համազգայինի նպատակը արտացոլող մեր թատերական խումբէն, պարախումբերէն եւ երգչախումբերէն մի քանի ելոյթներ:
Համազգայինը երեկ, այսօր եւ վաղը, պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնը ի սփիւռս աշխարհի տարածելով մեզի փոխանցուած մշակոյթը:
Ուրեմն հրամմեցէ’ք միասնաբար բարի երթ մաղթենք Համազգայինին աւելի ամեակներ տօնելու:
Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի
Շրջանային Վարչութիւն
